Մարք Չէնեան

Մարք Չէնեան
Ծնած է 1942
Քաղաքացիութիւն Ամերիկա
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Տնտեսագէտ, ելեւմտագէտ
Աշխատավայր Ամերիկահայ գործարար, դասախօս, Ներդրումներու Խորհրդատու
Երեխաներ Anthony Chenian • Marcus Chenian • Juliette Chenian • Janine Chenian

Մարք Չէնեան Ամերիկահայ գործարար, Դասախօս, Ներդրումներու Խորհրդատու:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամերիկահայ գործարար Մարք (Նշան) Չէնեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդ է: Չէչէնեաններու (այսպէս էր մականուն-ազգանունը սկիզբը) ընտանիքին մէջ լոյս աշխարհ կու գայ որդի, որուն Նշան կը կոչեն, որ անգլերէն կը նշանակէ «mark»: Ան ԱՄՆ տեղափոխուելէն յետոյ կը վերափոխէ անունը ու կը կրճատէ մականուն-ազգանունը՝ դառնալով Մարք Չէնեան[1]:

Անոր մայրը եւ հայրը ծնած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ (յաջորդաբար՝ Խարբերդ եւ Կեսարիա)[2] եւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն փրկուած են գերմանացի եւ ամերիկացի աւետարանիչներու շնորհիւ: Ճակատագիրի բերումով, անոնք հասած են Եգիպտոս, ուր աւելի ուշ անոնք որոշած են ընտանիք կազմել, աչքի առջեւ ունենալով գոյատեւման գաղափարը: Մարք Չէնեանի մայրը հարսանեական հագուստներու ձեւաւորող եղած է, իսկ հայրը՝ ելեկտրականութեան ճարտարագէտ:

Մարք Չէնեան աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բնագիտութեան բաժինը, որմէ ետք ելեւմուտքի եւ տնտեսագիտութեան բաժինները:

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տասնամեակներէ ի վեր, Քալիֆորնիա բնակող Չէնեան ներդրումներու խորհրդատուութիւն կը կատարէ Պեվըրլի Հիլզ գտնուող իր գրասենեակէն։ Ան նաեւ դասախօսութիւններ կու տայ եւ խորհրդաժողովներու կը մասնակցի։

Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերու ունեցուածքին վերադարձը ապահովելու ջանք կը տանի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Եթէ Թուրքիոյ հսկայ ընկերութեանց արխիւները քննենք, յաճախ կարելի է անոնց ծագումը գտնել 20րդ դարուն սկիզբը: Անոնք զերոյէն չեն սկսած: Պայքար կը տարուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, բայց ես այլ հետաքրքրութիւն ունիմ։ Ես կը փափաքիմ պահանջ ներկայացնել Թուրքիոյ այսօրուան տնտեսական համակարգին. ես հոն շահեր ունիմ, անոնք իւրացուցած են իմ նախնիներուն ագարակները, գործարանները եւ այլն», կը յայտնէ Չէնեան:[3]
- Մարք Չէնեան


Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]