Մարտկոցներ

Մարտկոցները սարքեր են, որոնք ելեկտրական հոսանք կը հայթայթեն՝ լոյս վառելու, սարքեր աշխատեցնելու կամ ինքնաշարժներ բանեցնելու համար։
Մարտկոցը պատրաստուած է մէկ կամ քանի փոքր «տարրեր»է, որոնց միջոցով էլեկտրոնները կը շարժին եւ հոսանք կը ստեղծեն[1]։
Օրինակ՝ ինքնաշարժներու 12 Վ մարտկոցը ունի վեց տարր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը 2 Վ է։
Մարտկոցին էլեկտրոնները նշուած են «+» եւ «–» ։

Մարտկոցը կ'աշխատի քիմիական փոփոխութիւններով։
Մարտկոցները կ'ըլլան երկու տեսակ՝
Ա. օգտագործելէ ետք կարելի չէ դարձեալ լիցքաւորել։ Երբ լիցքը սպառի, անհրաժեշտ է նոր մարտկոց դնել։
Բ. կարելի է դարձեալ լիցքաւորել եւ կրկնակի օգտագործել։
Գ. Կապար-թթուանի 12 Վ մարտկոցները շատ կ'օգտագործուին ինքնաշարժներու պարագային։ Անոնք ունին վեց տարր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը 2 Վ է։
Հետաքրքրական տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Առաջին մարտկոցը ստեղծուած է 1800-ին Ալեսանտրօ Վոլթայի կողմէ։
Այդ օրերուն մարտկոցները մեծ ու ծանր էին։
- Հեռախօսներ, լապտերներ, խաղալիքներ, մեքենաներ, համակարգիչներ եւ ելեկտրական օդանաւեր կը բանին մարտկոցներով։
Մեծ մարտկոցները կրնան նոյնիսկ պահել հոսանքը՝ ամբողջ քաղաքի մը։
- Մարտկոցները կարելի չէ կրակին կամ ջուրին մէջ նետել։
- Ինքնաշարժներու կապար-թթուանի մարտկոցները կարելի է լիցքաւորել կրկին ու կրկին։
- Ելեկտրամեքենաներու լիթիում մարտկոցները կրնան հարիւրաւոր քիլոմեթրեր անցնիլ մէկ լիցքաւորումով։
