Jump to content

Մարտիրոս Սարեանի յուշարձան (Երեւան)

Մարտիրոս Սարեանի յուշարձան (Երեւան)

Մարտիրոս Սարեանի յուշարձան, կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Մաշտոցի, Մարշալ Պաղրամեան պողոտաներու եւ Զօրեան փողոցին միջեւ գտնուող Մարտիրոս Սարեանի անուան պուրակին մէջ, մեծ նկարիչի անուան փողոցէն քիչ հեռու, տեղադրուած է 1986-ին։

Յուշարձանը ընդգրկուած է Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ[1]։

Յուշարձանը կառուցուած է մարմարէ, բարձրութիւնը 6 մեթր է։ Պատուանդանի ներքեւի ձախ անկիւնը փորագրուած է Մարտիրոս Սարեանի ինքնագիրը։

Յուշարձանի մերձակայ պուրակին մէջ մշտապէս կը գործէ նկարչական ցուցահանդէս-վաճառք։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մարմարիոնէ կանչով։ Երեւան 7 օր։ Թիւ 2(171), 14-17 Յունուար 2006 թ.։ էջ 5