Մարկարեթ Միտ
Մարկարեթ Միտ (անգլերէն՝ Margaret Mead, 16 Դեկտեմբեր 1901[1][2][3][…], Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 15 Նոյեմբեր 1978[1][2][3][…], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4]), ամերիկացի մարդաբան, ազգային հոգեբանութեան դպրոցի ներկայացուցիչ։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Ֆիլատելֆիոյ մէջ (Փենսիլվանիա): Հայրը Էտուըրտ Շերուուտ Միտ տնտեսագիտութեան ուսուցիչ եղած է, իսկ մայրը՝ Էմիլի Ֆոկկ Միտ մասնագէտ՝ մարդկային գիտութիւններու: Մարկարեթ կը մեծցած է շատ մաքուր, բծախնդիր եւ մտաւորականներու միջեւ։
Մարկարեթ մէկ տարի Ինտիանայի «De Pauw» Համալսարանին մէջ դասընթացքներու հետեւած է, որմէ ետք Նիւ Եորքի Պեռնարտ Քոլէճ յաճախած է: Իր տոքթորայի վկայականը ստացած է, մարդաբանութեան գիտութիւններուն մէջ:
Մարկարեթ ռահվիրայ դարձած է մարդաբանական գիտութիւններու մարզէն ներս: Մօտէն հետաքրքրուած է նախամարդոց կեանքով: Իր առաջին աշխատանքները ընդգրկած են «Թաու» ապա «Սամոտ» կղզիներուն մէջի նախամարդիկը: Հոն ուսումնասիրած է պատանի նախամարդոց բնաւորութիւնները:
1926-ին Մարկարեթ իր վերադարձին (Նիւ Եորք) փառաւոր աստիճանի արժանացած է:
Մարկարեթի ամէնէն հռչակաւոր գիրքը՝ "Coming Of Age In Samoa" հրատարակուած է 1928-ին։
«Սամոա» եւ «Մանիւս» կղզիները ուսումնասիրելէ ետք, ուսումնասիրած է Խաղաղական ովկիանոսի կղզիները՝ «Արափել», ուր իր աշխատանքն ու ուսումնասիրութիւնները յատկացուցած է նախնական ցեղախումբեր ուսումնասիրելու, զանազան կղզիներ այցելած է՝ Միւնտիւկիւմոր, Չամպուլի, Պալինէ եւ կղզիներ։ Երկար ժամանակ ապրած է այդ կղզիներուն մէջ եւ սորված է անոնց լեզուն:
Մարկարեթ Միտ 24-է աւելի գիրքեր գրած եւ հրատարակած է։ Տասնեակ մը գիտական յօդուածներ գրած է եւ կը պատրաստած է գանազան ուսումնասիրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են այլազան թերթերու մէջ:
Այս բոլորին կողքին, հարիւրաւոր դասախօսութիւններ ներկայացուցած է: 1974-ին երբ արդէն Մարկաըեթ Մէյտը 73 տարեկան էր, ԱՄՆ-Ի գիտական յառաջդիմական կազմակերպութեան վարիչ ընտրուած է։
Միտ բազմաթիւ առիթներով զանազան գնահատանքներու արժանացած է:
Գիտական բանախօսութիւններուն կողքին, զանազան նիւթեր դասախօսած է, ինչպէս քաղաքական եւ կնոջական:
| Մարդ մը ճանչնալ կամենալը, կեանքին յարգանք մատուցանելու համար, կրնայ կեանքի աղբիւր դառնալ։ - Մարկարեթ Միտ
|
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Discogs — 2000.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
- ↑ 4,0 4,1 4,2 https://www.notablebiographies.com/Ma-Mo/Mead-Margaret.html
- ↑ Notable Names Database — 2002.
- ↑ http://www.nasonline.org/member-directory/deceased-members/20000871.html
- ↑ 7,0 7,1 7,2 7,3 7,4 Pas L. v. Genealogics — 2003.