Մարի Անթուանէթ

Մարի Անթուանէթ (, անգլերէն` Marie Antoinette. 2 Նոյեմբեր 1755 – 16 Հոկտեմբեր 1793), Ֆրանսայի թագուհին էր որպէս Լուի ԺԶ-ի (Louis XVI) կինը՝ 10 Մայիս 1774-էն մինչեւ միապետութեան վերացումը՝ 1792-ին։ Ան գլխատուեցաւ 1793-ին, Ֆրանսական Յեղափոխութեան «Ահաբեկչութեան ժամանակաշրջանին» (Reign of Terror)։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վաղ Կեանք եւ Ամուսնութիւն Մարի ծնած էր որպէս Աւստրիոյ արքայադուստր՝ Հապսպուրկ-Լորէն (Habsburg-Lorraine) տոհմէն։ Ան Մարիա Թերեզայի եւ Սուրբ Հռոմէական կայսր Ֆրանսուա Ա.-ի 15-րդ զաւակն էր եւ վերջին դուստրը։ 1769-ին ան նշանուեցաւ Ֆրանսայի թագաժառանգ Լուի-Օկիւսթին (Louis-Auguste)՝ Ֆրանսա-Գերմանիա դաշինքը ամրապնդելու նպատակով։ 1770 -ին, 14 տարեկանին, ան ամուսնացաւ 15-ամեայ Լուիին հետ եւ դարձաւ Ֆրանսայի Տոֆինը (Dauphine)։ 1774-ին, Լուի ԺԶ-ի գահակալութեամբ, ան դարձաւ Ֆրանսայի թագուհի։
Թագուհիի Դերը եւ Քննադատութիւնները Որպէս թագուհի, Մարի Անթուանէթ դարձաւ թիրախ թագաւորի քաղաքականութեան հակառակորդներուն համար։ Անոր կը մեղադրէին շռայլութեան, անբարոյականութեան եւ Աւստրիոյ հանդէպ համակրանք ունենալու մէջ։ Թէեւ սուտ էր, սակայն «Ադամանդեայ Մանեակի Գործը» (Affair of the Diamond Necklace) մեծապէս վնասեց անոր հեղինակութեան։ Յեղափոխութեան ընթացքին ան ծանօթ դարձաւ որպէս «Մատամ Տեֆիսիթ» (Madame Déficit), քանի որ ժողովուրդը զինք կը մեղադրէր երկրի տնտեսական տագնապին համար։
Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը 1789-ի Հոկտեմբերին թագաւորական ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Թուիլըրի պալատ (Tuileries)՝ տնային կալանքի տակ։ 1791-ի Յունիսին փախուստի ձախողած փորձը աւելի եւս գրգռեց ժողովուրդին զայրոյթը։
•10 Օգոստոս 1792: Յարձակում Թուիլըրիի վրայ։
•13 Օգոստոս 1792: Թագաւորական ընտանիքը բանտարկուեցաւ «Թամփլ» (Temple) բանտին մէջ։
•21 Սեպտեմբեր 1792: Ֆրանսան հռչակուեցաւ հանրապետութիւն եւ միապետութիւնը վերացաւ։
•21 Յունուար 1793: Լուի ԺԶ-ն մահապատժի ենթարկուեցաւ։
Դատավարութիւնը

14 Հոկտեմբեր 1793-ին սկսաւ Մարի Անթուանէթի դատավարութիւնը։ Ան մեղաւոր ճանչցուեցաւ պետական գանձարանի վատնման եւ դաւաճանութեան մէջ։ 16 Հոկտեմբերի առաւօտեան, ան ստիպուեցաւ սպիտակ զգեստ հագնիլ (Ֆրանսայի այրի թագուհիներու գոյնը), մազերը կտրեցին եւ ձեռքերը կապեցին։ Ի տարբերութիւն իր ամուսնոյն, զինք տարին բաց կառքով, որպէսզի ամբոխը կարենայ զինք հայհոյել։ Ան մինչեւ վերջ պահեց իր արժանապատուութիւնը։ Անոր վերջին խօսքերն էին` «Ներեցէք, պարոն, ես ատիկա դիտմամբ չըրի», երբ պատահաբար կոխեց դահիճին ոտքը։ Ան գլխատուեցաւ 12:15-ին։
Իր դերը ֆիլմի աշխարհին «Թող թխուածք (Պրիոշ) ուտեն» Յաճախ այս խօսքը կը վերագրուի Մարի Անթուանէթին, սակայն փաստ չկայ, որ ան երբեւէ ըսած է ատիկա։ Այս նախադասութիւնը առաջին անգամ յայտնուած է Ժան-Ժաք Ռուսոյի «Խոստովանութիւններ» գիրքին մէջ, երբ Մարի Անթուանէթը դեռ Ֆրանսա չէր ժամանած։ Այսօր Մարի Անթուանէթի կեանքը կը շարունակէ հետաքրքրել աշխարհը։ Անոր մասին նկարահանուած են բազմաթիւ ֆիլմեր (ինչպէս՝ Սոֆիա Քոփոլայի 2006-ի ֆիլմը), գրուած են կենսագրականներ եւ ստեղծուած են թատերախաղեր ու անիմէներ (օրինակ՝ The Rose of Versailles)։ Ամերիկայի մէջ նոյնիսկ քաղաք մը անուանուած է իր պատուին՝ Մարիեթա, Օհայիօ (Marietta, Ohio)։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը][1]Մարի Անթուանէթ(անգլերէն)
[2]Մանրամասութիւններ իր կեանքին համար(յունարէն)
[3]Ֆիլմի աշխարհը(անգլերէն)