Jump to content

Մարիամ (գրիչ)

Մարիամ
Ծնած է անյայտ
Մահացած է անյայտ
Մասնագիտութիւն գրիչ և մանրանկարիչ

Գրչուհի Մարիամ (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են), ԺԵ․ դարու հայ գրիչ եւ ծաղկող։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջնադարեան հայ նշանաւոր գրչօճախներէն էր Ջուղան, ուր Մարիամ գրչուհի-մանրանկարչուհին ընդօրինակած է ձեռագիրներ:

Անոր ընդօրինակութիւններէն մէկը յայտնաբերուած է 1946 թուականին. արուեստաբան եւ գրականագէտ Արամ Երեմեան Պարսկաստանի Սպահան գաւառի Մամուռան գիւղին մէջ գտած է Գրիգոր Վարդապետ Տաթեւացիի «Գիրք քարոզութեան» գեղարուեստական երկի ձեռագիր նմոյշ մը, զոր արտագրած ու նկարազարդած է Մարիամ անունով ջուղայեցի նկարչուհին: Այդ ձեռագիրը այժմ կը գտնուի Էջմիածնի Մատենադարանին մէջ[1]:

Սակայն գրչագրի գեղեցկութիւնը կը կազմեն մէկը միւսէն տարբեր ոճերով եւ բովանդակութեամբ վրձնուած մանրանկարներ, որոնցմէ յատուկ ուշադրութեան արժանի է 16-րդ էջի խորանը: Այդ մէկը նկարչական արուեստի գեղեցիկ ստեղծագործութիւն մըն է, որ կը գրաւէ իր նրբութեամբ եւ բանաստեղծական պատկերաւորութեամբ: Ընդգծենք նաեւ որոշ լուսանցքներու վրայ ճոխ երանգներով նկարուած գեղեցիկ զարդանկարները, թռչնազարդերը եւ գեղագրերը, որոնք իրենց ինքնուրոյն ոճով, գոյներու ներդաշնակութեամբ եւ գեղարուեստական որոշ նրբութեամբ ձեռագրին զատ գրաւչութիւն կու տան, միաժամանակ կը պարզեն 15-րդ դարու Հին Ջուղայի նկարչական դպրոցի էութիւնը: Այդ մանրանկարները այսօր առանձին արժէք ունին անով, որ կը պատկերեն նաեւ հայ նկարչական դպրոցի պատմութեան մինչեւ օրս անծանօթ նկարչուհիի մը պայծառ դիմագիծը
- Արամ Երեմեան

Մարիամը ԺԵ․ դարու միակ նկարչուհին է, որուն ստեղծագործութիւններուն նմոյշները պահպանուած են։

  • Արամյ Երեմեան, 15-րդ դարի մի անյայտ նկարչուհի, «Էջմիածին», 1952, համար 7։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ՀԱՅ ԳՐՉՈՒՀԻՆԵՐԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2025-08-22
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։