Jump to content

Մարդու Աչք

Մարդու աչքը տեսողութեան համակարգին զգայական անդամ մըն է։

Անիկա կը գործէ տեսանելի լոյսի նկատմամբ՝ թոյլատրելով տեսողութիւնը։ Աչքին այլ գործառոյթներ ալ կան, ինչպէս՝ օրուան կենսաշրջանային կշռոյթին (circadian rhythm) պահպանումը եւ մարմինի հաւասարակշռութեան ապահովումը։

Աչքը մօտաւորապէս գնդաձեւ կառուցուածք ունի։

Տեսողութեան համար, աչքի գլխաւոր մասերը դասաւորուած են հետեւեալ կարգով․

  • Կոռնեան՝ թափանցիկ շերտ, որ կը կատարէ աչքի կեդրոնացման հիմնական մասը։
  • Ծիածանաթաղանթը (iris)՝ աչքի գունաւոր մասը, ուր կը գտնուի բացուածք մը՝ բիբը (pupil), որ կը կարգաւորէ աչքի մէջ մտնող լոյսի քանակը։
  • Բիւրեղափայլ ոսպնեակը (crystalline lens)՝ որ կը կատարելագործէ լոյսի կեդրոնացումը։
  • Ցանցաթաղանթը (retina)՝ աչքի լուսազգայուն շերտը, ուր կը ստեղծուի պատկերն ու կը մշակուի, ապա կը փոխանցուի ուղեղին տեսողական նեարդով։

Ցանցաթաղանթին մէջ կան երեք տեսակ լուսազգայուն բջիջներ․

  • Ճարփիկներ (rods)՝ կը գործեն մութին մէջ եւ կը թոյլատրեն սեւ ու ճերմակ պատկերներու ընկալումը։
  • Կոնաձեւեր (cones)՝ կը գործեն լոյսի առատութեան մէջ եւ կը ձեւաւորեն բարձր որակի, գունաւոր պատկերներ։
  • Լուսազգայուն բջիջներ՝ նորագոյն գտածոյ մըն են, որոնք կը կարգաւորեն լոյսի քանակը, կը զսպեն մելաթոնինի արտազատումը եւ կը պահեն օրուան կենսաշրջանային կշռոյթը։

Աչքը ոչ միայն տեսողութեան, այլեւ մարդուն ամբողջական կենսաբանական կեանքին ու առողջութեան համար անփոխարինելի անդամ մըն է[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]