Jump to content

Մարդասիրական Օգնութեան Համաշխարհային Օր

Մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օր, տօն, որ հռչակուած է 2008 թուականի 11 Դեկտեմբերին՝ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր ասամբլեայի A/RES/63/139 բանաձեւով։ Կը նշուի 19 Օգօստոսին։ 2003 թուականին Պաղտատի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով զոհուած է 22 մարդ, որոնց կարգին էր նաեւ ՄԱԿ-ի ականաւոր գործիչ Սերժիու Վիեյրա տի Մելլուն[1]։

Ինչպէս ըսուած Է Գլխաւոր ասամբլեայի բանաձեւին մէջ, հումանիտար օգնութեան համաշխարհային օրը․

կոչուած է նպաստելու ամբողջ աշխարհին մէջ մարդասիրական օգնութեան ցուցաբերման գործունէութեան եւ այդ կապակցութեամբ միջազգային համագործակցութեան կարեւորութեան մասին հանրութեան տեղեկացուածութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ այն բանին, որ արժանին մատուցուի ողջ հումանիտար անձնակազմին՝ ներառեալ ՄԱԿ-ի անձնակազմին եւ անոր հետ կապուած անձնակազմին, որոնք նպաստած են մարդասիրական իտէալներու կեանքի կոչման, եւ անոնց, որոնք իրենց կեանքը տուած են ծառայութիւնը մատուցելու ընթացքին…


Մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օրուայ հռչակման կապակցութեամբ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ այդ օրը կոչուած է յիշեցնելու կարիքի մէջ ապրող մարդոց եւ անոնց արժանի օգնութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան մասին։

Մարդասիրական օգնութեան առաջին համաշխարհային օրը, որ նշուած է 2009 թուականին, նուիրուած է այն մարդոց յիշատակին, որոնք զոհուած են միւսներու փրկութեան ժամանակ։

  • 2016 թուական - «Միասնական մարդկութիւն»

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. United Nations General Assembly Session 63 Resolution A-63-L.49. World Humanitarian Day A/63/L.49 11 December 2008. Retrieved 2008-12-11.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]