Jump to content

Մատենադարան (Հիմնարկութիւն)

Երեւանի մատենադարանի շէնքը

Մատենադարան, ձեռագիր ու տպագիր մատեաններու (գիրքերու) պահպանումն ու հասարակական օգտագործումը կազմակերպող հիմնարկութիւն։ Ունի նոյն կիրառութիւնը, ինչ գրադարանը։ Միջնադարեան Հայաստանի գրադարանները կոչուած են գրատուն, գրանոց, արկեղք գրոց, գանձատուն, նշխարանոց, դիւան, ջամբռ, նաեւ մատենադարան։ Եղած են հիմնականին վանքերու մէջ, յաճախ ունեցած են յատուկ շինութիւններ, ասպատակութիւններէն ապահով ըլլալու նպատակով տեղաւորուած են նաեւ քարանձաւներու մէջ։

Մինչեւ 1512 թուականի տպագրութեան գիւտը մատենադարաններու մէջ պահուած են միայն ձեռագիր մատեաններ, ընդօրինակուած են ձեռագրեր։ Միջնադարուն մատենադարաններ եղած են Էջմիածինի, Հաղբատի, Սանահինի, Սաղմոսավանքի, Տաթեւի, Գեղարդի, Կեչառիսի, Գլաձորի, Բաղէշի, Սիսի, Հռոմկլայի, Բարձրբերդի, Ակների մէջ։ Ներկայիս Մատենադարան անուանումը արեւմտահայերէնի մէջ կը շարունակէ նշանակել ընդհանրապէս գրադարան։

Յայտնի են Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան, Երուսաղէմի սրբոց Յակոբեանց մատենադարանները։ Արեւելահայերէնի մէջ վերջին 60 տարուայ ընթացքին մատենադարանի փոխարէն նոյն իմաստով կը գործածուի գրադարան։ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը, որ հիմնադրուած է 1958 թուականին, աւանդաբար կը կոչուի Մատենադարան՝ էջմիածինէն Երեւան տեղափոխուելէ յետոյ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։