Jump to content

Մասնակից:Vahan Aynedjian/Սեւագրութիւն

Կիպրահայ համայնքը, Կիպրոսի մէջ կան երեք կրօնական խմբակցութիւններ, որոնցմէ մէկը՝ հայկականը: Համայնքը ունի Ազգային Իշխանութիւն, որ կը բաղկանայ օրէնսդիր ժողովէն, որ կը կոչուի Երեսփոխանական Ժողով, գործադիր ժողովէն, որ կը կոչուի Ազգային Վարչութիւն եւ Կրօնական Ժողովէն:

Չորս տարին անգամ մը, տեղի կ՛ունենան ընտրութիւններ եւ կ՛ընտրուի Երեսփոխանական Ժողովը, որ կը բաղկանայ տասնըչորս անդամներէ: Տասներկու աշխարհական եւ երկու հոգեւորական: Տասներկու աթոռները բաժնուած են հետեւեալ ձեւով. Նիկոսիա 7, Լառնաքա՝ 3, Լիմասոլ՝ 1, Ֆամակուստա՝ 1:

Երեսփոխանական Ժողովը, իր առաջին նիստին, ընտրելէ ետք իր Դիւանի երեք անդամները՝ Ատենապետ, Փոխ Ատենապետ եւ Քարտուղար, կը նշանակէ Ազգային Վարչութեան անդամները, որ ընդհանրապէս կը բաղկանայ եօթ անդամներէ, ինչպէս նաեւ՝ Կրօնական Ժողովը: Երեք ժողովներու նիստերուն կը նախագահէ օրուայ Կաթողիկոսական Փոխանորդը: