Jump to content

Մասնակից:Simon Aynedjian/Սեւագրութիւն

ՕԽԻԻ ՕՐԸ ՀՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

ՕԽԻԻ ՕՐԸ ազգային կարեւոր տօն մըն է, որ նշուի Հոկտեմբեր 28-ին Հունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ։ Այն կը նշէ 1940 թուականին ֆաշիստական Իտալիոյ դէմ տրուած "ՈՉ"ը, որու հետեւանքով Հունաստանը կը ներգրաւուէր Երկրորդ աշխարհամարտին մէջ։

Պատմական:

1940 թուականի Հոկտեմբեր 28-ի առաւօտեան, իտալացի բռնապետ Պենիտօ Մուսոլինի, իր դեսպան Էմանուէլէ Կրացիի միջոցով, ultimatum ներկայացուց Հունաստանի վարչապետ Իոաննիս Մետաքսասին ուր կը պահանջէր, որ Հունաստանը ընդունի Առանցքի ուժերու մուտքը եւ ռազմավարական կէտերու բռնագրաւումը, ըստ էութեան՝ առանց դիմադրութեան յանձնուի Իտալիոյ։

Մետաքսաս, վճռական կերպով պատասխանեց «Όχι»  («Ո՛չ»), թէպէտ անոր ճշգրիտ բառերը ֆրանսերէնով եղած են ՝ «Alors, c'est la guerre!» («Ուրեմն, պատերազմ է!»)։

Քիչ ժամեր ետք, Ալպանիոյ տարածքէն Իտալական զօրքերը կը ներխուժեն Հունաստան՝ , սկիսբ տալով պատերազմի՝ Յունաստանի եւ Իտալիոյ միչեւ։ Չնայած զօրքերու որակական եւ քանակի տարբերութեան Յունական բանակը յաջողեցաւ հակայարձակման անցնիլ, հետ մղելով իտալացիները դէպի Ալպանիա եւ ապահովելով դաշնակիցներու առաջին յաղթանակներէն մին։ Այս դիմադրութիւնը խանգարեց Մուսոլինիի ծրագիրները եւ ստիպեց, որ Նացի Գերմանիան միջամտէ ամիսներ ետք, ինչ որ ուշացուց Հիտլէրի յարձակումը Խորհրդային Միութեան վրայ: Պատմաբաններու կարծիքով՝ Յունական դիմադրութիւնը որոշիչ արդիւնք ունեցաւ պատերազմի ընդհանուր ընթացքին վրայ։

Տօնախմբութիւնները Հունաստանի եւ Կիպրոսի Մէջ:

Օխիի օրը ազգային տօն է թէ՛ Յունաստանի, թէ՛ Կիպրոսի մէջ՝ եւ կը նշուի զինուորական շքերթներով եւ քաղաքացիական հանդիսութիւններով։ Հունաստանի ամենամեծ զինուորական շքերթը տեղի կ’ունենայ Թեսաղոնիկէի մէջ մասնակցութեամբ Յունական Ռազմաօդային Ուժերու: Կիպրոսի, Հունաստանի եւ սփիւրքի գաղութներու մէջ, դպրոցներու մէջ կը կազմակերպուին շքերթներ եւ զանազան ձեռնարկներ: Կը կատարուին նաեւ եկեղեցական արարողութիւններ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում՝ հերոսներու շիրիմպերու վրայ:

Յատուկ պատարագներ կը մատուցուին Հունաց Ուղղափառ եկեղեցիներու կողմէ՝ յարգելու պատերազմի հերոսները 3ունաստանի Կիպրոսի եւ ծաղկեպսակներ կը զետեղեն յուշարձաններու վրայ՝ ի յիշատակ ինկած զինուորներու։

Քաղաքական գործիչները, պատմաբանները եւ դասախօսները հանդէս կուգան ընդգծելով յունական դիմադրութեան կարեւորութիւնը։ Դպրոցներն ու մշակութային կեդրոնները կը կազմակերպեն թատերական ներկայացումներ, բանաստեղծական ընթերցումներ եւ հայրենասիրական ելոյթներ։ Փողոցները, հանրային շէնքերը եւ տուները կը զարդարուին յունական դրօշակներով։

Օխիի Օրը Կիպրոսի Մէջ

Չնայած Կիպրոս ուղղակի կերպով չէր մասնակցած Երկրորդ աշխարհամարտին, Յոյն կիպրացիները խորը կապ ունին Յունաստանի պայքարին հետ։ Բազմաթիւ կիպրացիներ կամաւոր կռուեցան՝ յօգուտ Հունաստանի եւ Բրիտանական ուժերու։ Օխիի օրը ազգային տօն է նաեւ Կիպրոսի մէջ եւ կը նշուի՝ ուսանողական շքերթներով, եւ եկեղեցական պատարագներով:

Եզրակացութիւն

Օխիի օրը ոչ միայն պատմական իրադարձութիւն մըն է, այլ նաեւ դիմադրութեան եւ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ՝ թէ՛ Յունաստանի եւ թէ Կիպրոսի համար։ Այն կը յիշեցնէ, թէ յոյները վճռած էին պայքարիլ ազատութեան եւ ինքնիշխանութեան համար՝ ընդդէմ բռնութեան։