Մասնակից:Նարինէ Գ/Սեւագրութիւն
Մկաններ,
Մկաններու Կազմութիւնն Ու Յատկութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մկաններուն ամբողջութիւնը կը կազմէ մեր մարմինին միսը եւ կենսական զանազան գործարանները (սիրտ, թոքեր, լեարդ, եւայլն): Իւրաքանչիւր մկան կրնանք նկատել առանձին հիւսկէն մը կամ իրարու կապուած քանի մը հիւսկէններ, որոնք կազմուած են երկար եւ գրեթէ զուգահեռական բջիջներէ: Մկաններուն ծայրամասերը հետզհետէ կը նեղնան եւ կը կազմեն համեմատաբար բաց գոյնով ձգանները: Ձգանները դիմացկուն եւ առաձգական թելեր են, որոնք փակած են ոսկորներուն եւ մկանները կը կապեն անոնց:

Մկանները ունին կծկուելու եւ վերստին թուլնալու յատկութիւն: Անոնք կրնան կծկուիլ ըլլա՛յ մեր կամքին ենթարկուելով (այսպէս է որ կը կատարուին բոլոր գիտակից շարժումները), ըլլա՛յ ինքնաբերաբար՝ արտաքին որեւէ գրգռիչ ազդակի մղումին տակ (խայթուածք, սրածայր առարկայի մը հպումը մորթին վրայ, կսմիթ, ելեկտրական հոսանք, եւայլն): Կծկուած մկանը կ'ուռի, կը պրկուի եւ կարծր կը դառնայ, բայց նաեւ զգալիօրէն կը կարճնայ: Ասոր հետեւանքով՝ այն ոսկորները, որոնց այդ մկանը կապուած է իր ձգաններով, անոր կողմէ կը քաշուին եւ իրարու կը մօտենան: Մէկ խօսքով՝ շարժում կը ստեղծուի:
Մեր Մարմինին Գլխաւոր Մկանները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարդկային մարմինը ունի շուրջ 600 մկաններ: Ասոնցմէ կարեւորագոյններն են.
Գլխու մկաններէն՝ շրթունքի օղակաձեւ մկանը, եւ ծնօտներու շարժումները հնարաւոր դարձնող՝ ծամող մկանը:
Իրանի մկաններէն՝ կուրծքի լայն մկանը (լանջական), փորի ուղիղ մկանը, տրապէզը՝ որ ծոծրակէն մինչեւ կռնակին կեդրոնը կ'երկարի՝ ուսերը մասամբ ծածկելով, կռնակին կեդրոնական մասը գրկող մեծ թիկնային մկանը եւ յետոյքի գնտաձեւ երկու մկանները, որոնք նեղնալով մինչեւ ծունկերը կ'երկարին:

Թեւերու մկաններէն թուենք ուսի տելթայաձեւ (յունարէն տելթա գիրին ձեւը յիշեցնող) մկանը, ինչպէս նաեւ բազուկի երկճիւղ (երկու ձգաններով ուսոսկրին կապուած, մէկ ձգանով՝ ճաճանչոսկրին) եւ եռաճիւղ (ուսին կողմը երեք ձգաններ ունեցող) երկու մկանները:
Սրունքներուն մէջ դարձեալ կը գտնենք երկճիւղն ու եռաճիւղը (բարձ), ինչպէս նաեւ ծալլող մկանը եւ բուն սրունքին յետսակողմի ուռեցքը կազմող զոյգ մկանը: Աքիլլէս ձգան կոչուած երկար ձգանը զանոնք կը միացնէ կրունկի ոսկորներուն եւ մեծ դեր կը խաղայ քալուածքի յաջորդական շարժումներուն մէջ: