Jump to content

Մասնակից:Լիլիթ Մկրեան/Սեւագրութիւն

Հնարդի, Հնարդի մշակութային հարթակը նուիրուած է հայկական ժառանգութեան հետազօտութեան եւ պահպանման, յատուկ ուշադրութիւն սեւեռելով արեւմտահայերէնի վրայ։ Ընկերային, գեղարուեստական, եւ մշակութային այլազան ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու միջոցով, Հնարդի կը քաջալերէ հայերը՝ վերամիանալու իրենց արմատներուն եւ աւելի խոր կապ մը հաստատելու իրենց լեզուին եւ մշակութային ինքնութեան հետ։

Ապրիլ 2024-ին հարթակը յայտարարեց արեւմտահայերէնի պահպանման եւ վերակենդանացման նուիրուած արշաւի մը մասին, որ պաշտօնապէս ընթացք առաւ ապրիլ 2025-ին։ Այս արշաւը կը նպատակադրէ լեզուին վտանգուած կարգավիճակին վերաբերեալ իրազեկութիւն ստեղծել եւ քաջալերել անոր աշխուժ գործածութիւնը համայնքին մէջ։

Ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Հնարդի» եզրը կազմուած է հայերէն երկու բառերու միացումէն. «հին»[1], որ կը ներկայացնէ անցեալը, եւ «արդի»[2], որ կը ներկայացնէ ժամանակակիցը, ներկան։

Այս բառերը միասին կը կազմեն «hնար» եզրը[3], որ կը նշանակէ լուծում, ստեղծագործութիւն, եւ միտք, երբ կը գործածուի իբրեւ գոյական, եւ կը նշանակէ հաւանականութիւն, երբ կը գործածուի իբրեւ ածական։ Այս եզրէն առաջ կու գան հարթակին հիմնական կարգախօսները. «hնար է՛», որ կը նշանակէ «ամէն բան կարելի է», եւ «hնարէ՛», որ կը նշանակէ «ստեղծագործէ՛»։ Հետեւաբար, «հնարդի» եզրը կը մարմնաւորէ հարթակին հիմնական տեսլականը՝ անցեալը ներկային կապելու, հայկական ժառանգութիւնը եւ պատմութիւնը վերագտնելու ուղիին վրայ։

Հնարդի ստեղծուած է մայիս 2022-ին՝ Թամար եւ Լիլիթ Մկրեան քոյրերու, ինչպէս նաեւ անոնց զարմուհիներուն՝ Վանա եւ Սեւան Զէյթունեաններուն կողմէ։ Երբ անոնք անդրադարձան, որ դժուարութիւն կ՚ունենան սահուն արեւմտահայերէն խօսելու, որոշեցին քայլերու դիմել։ Իբրեւ առաջին ծրագիր, անոնք սկսան անգլերէնէ արեւմտահայերէնի թարգմանել Օքսֆորտի նոր նկարազարդ բառարանը (The New Oxford Picture Dictionary), նպատակ ունենալով պահպանել եւ վերակենդանացնել լեզուն։ Անոնց աշխատանքը շուտով հիմքը դրաւ մշակութային հարթակին եւ մղեց ուրիշները մաս կազմելու իրենց առաքելութեան՝ վերամիանալու հայկական արմատներուն եւ նպաստելու լեզուն կենդանի պահելու ջանքերուն։

Օքսֆորտի նոր նկարազարդ բառարանի արեւմտահայերէնի թարգմանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնարդիի առաջին ծրագիրն էր Օքսֆորտի նոր նկարազարդ բառարանի անգլերէնէ արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը։ Այս 104 էջնոց նկարազարդ բառարանը կը ներկայացնէ լեզուի ուսուցումը տեսողական պատմութիւններու միջոցով, ուր իւրաքանչիւր տեսարան կեդրոնացած է յատուկ թեմայի մը շուրջը։ Պատրաստուած թէ՛ մանուկներու, եւ թէ՛ երէցներու համար, այս բառարանը արեւմտահայերէնը կը ներկայացնէ ժամանակակից ձեւով, ընթերցողներուն օգնելով իրենց բառամթերքը զարգացնել եւ աւելի սահուն հաղորդակցիլ, առանց փոխառնուած բառեր օգտագործելու։  Ծրագիրը այժմ փորձարկման հանգրուանի մէջ կը գտնուի։

«Անահիտ» շարժանկար ֆիլմի բազմալեզու ենթագիրներու թարգմանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոպերթ Սահակեանց շարժանկարային սթուտիոյին կողմէ հրատարակուած «Անահիտ» հայկական շարժանկար (animation) ֆիլմը աւելի մեծ թիւով հանդիսատեսի հասանելի դարձնելու համար, Հնարդի ֆիլմին ենթագիրները թարգմանեց անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի։

Ազգային ձեռագիրի օր, կարճ պատմողական տեսերիզ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազգային ձեռագրի օրուան առթիւ, Հնարդի հանդիպում ունեցաւ արխիւներու եւ ձեռագիրներու մասնագէտ, Թամար Սնապեան Սուրճեանի հետ՝ յայտնի գրող եւ մանկավարժ Պօղոս Սնապեանի դուստրը։ Տեսերիզին մէջ, ան կը ներկայացնէ իր երկարամեայ աշխատանքը ձեռագիրներու աշխարհին մէջ, կեդրոնանալով ազգային ինքնութիւնը պահպանելու անոր դերին վրայ։

Ան կը բացատրէ պատմական ձեռագիրներ կարդալու եւ արտագրելու դժուարութիւններուն մասին, կը շեշտէ հարուստ բառամթերք եւ պատմական գիտելիքներ ունենալու կարեւորութիւնը, եւ կ՚անդրադառնայ դպրոցներուն մէջ ձեռագրի դասաւանդութեան ներկայ նուազումին։ Ցոյց տալով հազուադէպ ձեռագիրներ, ան անհրաժեշտ կը նկատէ վերամիանալ այս անհետացող արուեստին հետ, որպէսզի ապագայ սերունդները կարենան առնչուիլ իրենց նախնիներու ժառանգութեան հետ։

«Յարատեւութեան ժամանակագրութիւններ». ֆիլմերու եօթնօրեայ ցուցադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

28 յուլիսէն 11 օգոստոս 2023-ի միջեւ, Հնարդի կազմակերպեց «Յարատեւութեան ժամանակագրութիւններ» խորագրուած ֆիլմերու ցուցադրութեան ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանէն ներս եւ երկարեցաւ 7 օրուան վրայ[4]։ Այս իւրայատուկ շարժապատկերի փորձառութիւնը լոյսի տակ դրաւ հայ ժողովուրդին տոկունութիւնը եւ անոր յարատեւող նուիրուածութիւնը իր լեզուին, մշակոյթին, սովորութիւններուն եւ պատմութիւններուն հանդէպ, հակառակ բոլոր ժամանակներու փորձութիւններուն[5]։

Այս ձեռնարկը կը ներառէր խորիմաստ ֆիլմեր եւ վաւերագրական ժապաւէններ, որոնք բացայայտեցին հայ ժողովուրդի մշակութային խորքը, ցոյց տալով անոնց ապրած փորձառութիւնները, պատմական պայքարները, եւ անոնց ինքնութեան անժամանցելի հիմքը։

Ներկայացուած ֆիլմերը.

  • «Արեւմտահայաստան. Կորսուած հայրենիք» Lost Motherland (2007) – Հայկ Յարութիւնեան
  • «Ուրարտու. Մոռցուած թագաւորութիւն» Urartu: The Forgotten Kingdom (2020) – Արմէն Գրիգորեան եւ Վակա Վարդանեան
  • «Մարաշի յիշողութիւններ. Կորսուած հայ համայնքի մը ժառանգութիւնը» Memories of Marash: The Legacy of a Lost Armenian Community (2002) – Ռոճըր Յակոբեան
  • «Այնճար՝ ծաղիկներ, այծեր եւ հերոսներ» Anjar: Flowers, Goats and Heroes (2009) – Նուրա Գէորգեան
  • «Սողոմոնի երգերը» Songs of Solomon (2020) – Արման Նշանեան
  • «Արարատի ստուերը» (La Sombra de Ararat) – Միկել Անժել Նիէթօ եւ Հիւկօ Հերրերա
  • «Լիբանանեան հռթիրային միութիւնը» The Lebanese Rocket Society (2013) – Ճոաննա Հաճի Թոմաս եւ Խալիլ Ժըրէյժ

«Արարատի ստուերը» ֆիլմի ցուցադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առթիւ, Հնարդի մշակութային հարթակը կազմակերպեց "The Shadow of Ararat" (Արարատի ստուերը) ֆիլմի վերացուցադրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 27 ապրիլ 2024-ին, Սինեմա Ռոյալի մէջ, Պուրճ Համուտ[6]։ Այս առթիւ Հնարդի լիբանանեան Ալ-Ժատիտ պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց այս ֆիլմի ցուցադրութեան մասին։ Այս ձեռնարկը յարգանքի տուրք մատուցեց հայկական սփիւռքի տոկունութեան, կեդրոնանալով սերունդէ սերունդ փոխանցուող միասնութեան եւ յարատեւութեան թեմաներուն վրայ։ Բացման խօսքի ընթացքին, յայտարարութիւն կատարուեցաւ «ՎԵՐՅԻՇԵԼ, ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼ, ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼ» արշաւին մասին։

Աւանդական տօներու նշում համայնքին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տրուած ըլլալով, որ հայկական աւանդական տօները առաւելաբար դպրոցներուն մէջ կը նշուին, եւ Հնարդիի առաքելութեան մաս կը կազմէ զանոնք ներառել մեր առօրեային մէջ, հարթակը ծրագրեց այս տօները համայնքին մէջ նշել։ Նշելով Բարեկենդանի եւ Վարդավառի նման տօներ Պուրճ Համուտի շուկային մէջ, Հնարդի կը նպատակադրէր աւանդութեան եւ ժամանակակից կեանքին միջեւ կամուրջ ստեղծել։

Փետրուար 2024-ին, Հնարդի խումբը` աւանդական տարազներ հագած, Փուռ Իշխանեանի կողմէ տրամադրուած 200 հատ թահինով հաց բաժնեց Պուրճ Համուտի շուկայի խանութներու սեփականատէրերուն։ Փետրուար 2025-ին, անոնք շարունակեցին աւանդութիւնը եւ բաժնեցին 200 հատ նազուկ, տօնին առատութեան եւ վերածնունդի ոգին կիսելով համայնքին հետ։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր ծանօթացնել եւ բաժնել հայկական աւանդական ուտելիքները, ինչ որ տօնին առանցքը կը գտնուի։

Յուլիս 2024-ին, հարթակը շուկայի խանութներու սեփականատէրերուն բաժնեց 100 կաւէ կուժ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պարունակէր տօնական պատգամ։ Այս տօնը, որ աւանդաբար կապուած է ջուրին հետ, խորհրդանշական կերպով ներկայացուած էր այն կաւէ կուժերով, որոնք անցեալին կ՚օգտագործուէին ջուր փոխադրելու համար՝ այսպիսով անցեալի սովորութիւնները կապելով ներկայ տօնին հետ։

Տրուած ըլլալով, որ հայկական Սուրբ Ծնունդը կը նշուի յունուարին, Հնարդի կազմակերպեց նուէրներու փոխանակում՝ «Գաղտնի հրեշտակ» անուան տակ, որ տեղի ունեցաւ  ուրբաթ, 3 յունուար 2025-ին։ Այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան Պուրճ Համուտի մէջ գործող 40 արհեստաւորներ եւ խանութի սեփականատէրեր, խթանելով համայնքային ոգին եւ կապը։ Իւրաքանչիւր մասնակից անանուն նուէր տուաւ եւ ստացաւ, ինչ որ ստեղծեց անակնկալի եւ առատաձեռնութեան մթնոլորտ։ Նախաձեռնութեան նպատակն էր խթանել միասնութիւնը եւ ամրապնդել համայնքային կապերը շրջանի արհեստաւորներու եւ խանութի սեփականատէրերուն միջեւ, նշելով ծննդեան ոգին փոխանակման եւ աջակցութեան միջոցով:

Գարնանամուտի նշումը աշակերտներու հետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գարունը դիմաւորելու համար, Հնարդի միացաւ Թռչնոց Բոյնի եւ Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի աշակերտներուն՝ անոնց ներկայացնելու մեր նախնիներուն աւանդութիւնները եւ բնութեան հետ կապը։ Ծրագիրը սկսաւ ներկայացումով մը, ուր բացատրուեցաւ գարնանային գիշերահաւասարի երեւոյթը (vernal equinox), ընդգծելով մարդոց եւ կենսոլորտի միջեւ կապը: Աշակերտները ծանօթացան իրենց նախնիներու կողմէ կիրարկուող շրջակայ միջավայրի պահպանութեան ձեւերուն եւ քննարկեցին բնութեան նկատմամբ ժամանակակից պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը:

Աշակերտները նաեւ ծանօթացան Արեւմտահայաստանի բազմազան տեղական ծաղիկներուն եւ բոյսերուն՝ ուսումնասիրելով անոնց իւրայատուկ յատկանիշները եւ աւանդական կիրարկութիւնները: Ամէնէն հետաքրքրական բաժինը այն էր, երբ աշակերտները՝ խումբերու բաժնուած, աշխուժօրէն մասնակցեցան այդ բոյսերէն քանի մը հատը իրենց դպրոցական պարտէզներուն մէջ տնկելու:

Համայնքին կողմէ ամանորեայ մաղթանքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2025 թուականի կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ, հարթակը պատրաստեց համայնքին կողմէ սրտաբուխ մաղթանքներու հաւաքածոյի տեսերիզ մը։ Մասնակցեցան շարք մը հանրածանօթ դէմքեր, որոնց շարքին՝ Փիէռ Շամմասեան, Գարոլ Պապիկեան-Քոքոնի, Յակոբ Տէր Ղուկասեան, եւ Ալպէրովիչ Մոմճեան, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի գործատէրեր, բարեկամներ, ընտանիքի անդամներ եւ շրջանի հայ եւ ոչ-հայ անդամներ։ Տեսերիզին նպատակն էր նշել այս տօները եւ փոխանցել դրական, բարի մտադրութիւններով մաղթանքներ, ինչպէս նաեւ ջերմութիւն եւ լաւ տրամադրութիւն գալիք տարուան համար։

«ՎԵՐՅԻՇԵԼ, ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼ, ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼ»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«ՎԵՐՅԻՇԵԼ, ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼ, ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼ» արշաւը նուիրուած է արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման ու վերակենդանացման։ Այս արշաւը, որ պաշտօնապէս սկսաւ 24 ապրիլ 2025-ին, կը նպատակադրէ լեզուին վտանգուած կարգավիճակին վերաբերեալ իրազեկութիւնը բարձրացնել եւ քաջալերել անոր աշխուժ գործածութիւնը համայնքին մէջ։

2010 թուականին արեւմտահայերէնը ներառուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ատլաս»ին մէջ, վտանգուածութեան մակարդակներէն «հաստատօրէն վտանգուած» կարգավիճակով։ Այս կը նշանակէ, որ, եթէ քայլեր չկատարուին, լեզուն կրնայ անհետանալ յաջորդ հարիւրամեակին ընթացքին։ Արշաւը կը ձգտի վերացնել լեզուին եւ անոր խօսողներուն միջեւ ստեղծուած խրամատը։ Արշաւի հիմնական խորհրդանիշը՝ կամուրջ մը, կը ներկայացնէ անցեալը ներկային վերամիացնելու ջանքերը՝ լեզուին շարունակականութիւնը ապահովելու ապագայ սերունդներուն համար։ Արշաւը պիտի շարունակուի անընդհատ կերպով, իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին նոր նախաձեռնութիւններ ներկայացնելով, մարդոց ներգրաւուածութիւնը ապահովելու եւ ծրագիրին նպատակները իրականացնելու համար։

Նպատակներ

Այս արշաւը կը հետապնդէ.

  • Իրազեկութիւն ստեղծել արեւմտահայերէնի վտանգուած վիճակին մասին։
  • Ընդգծել մեր լեզուին կենսունակութեան կարեւորութիւնն ու արժէքը։
  • Քաջալերել սփիւռքահայերուն միջեւ լեզուի օգտագործումն ու անոր տարածումը։

Նախքան պաշտօնական մեկնարկը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պաշտօնական մեկնարկէն առաջ արշաւը անցած է նախնական մեկնարկի հանգրուան, ներկայացնելով հիմնական նախաձեռնութիւններ՝ աւելի լայն ներգրաւուածութիւն ապահովելու համար: Այն առաջին անգամ յայտարարուած է «Արարատի ստուերը» ֆիլմի ցուցադրութեան ժամանակ՝ ապրիլ 2024-ին, իսկ աւելի ուշ նշուած է քանի մը առցանց լրատուամիջոցներու մէջ, որոնց շարքին ձայնասփիւռի եւ փոտքասթ հարցազրոյցներու մէջ: Այս հանգրուանը կեդրոնացած է իրազեկութեան բարձրացման, համայնքի ներգրաւուածութեան խթանման եւ մշակութային գործունէութեան մէջ լեզուի ներառման վրայ:

«Այս ի՛նչ Մանուկ է» (What Child Is This), տեսահոլովակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2025 թուականի ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ, Հնարդի ներկայացուց «Այս ի՛նչ Մանուկ է» դասական տօնական երգի արեւմտահայերէն տարբերակը՝ իր իւրօրինակ տեսահոլովակով։ Երգը ամբողջութեամբ թարգմանուած եւ մեկնաբանուած է արեւմտահայերէնով՝ տօնական շրջանին հաղորդելով առանձնայատուկ մշակութային երանգ մը։ «ՎԵՐՅԻՇԵԼ, ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼ, ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼ» արշաւի ծիրէն ներս, այս նախագիծը նպատակ ունէր ընդլայնել արեւմտահայերէնով բովանդակութիւն եւ լեզուն աւելի գրաւիչ դարձնել երաժշտութեան միջոցով։ Թարգմանութենէն բացի, խումբը շեշտը դրաւ պատմութեան վրայ, ուշադիր ձեւաւորելով տեսողական նիւթերը, բնագիրը եւ երաժշտութիւնը՝ երգը մշակութապէս հնչեղ եւ հաճելի կերպով ներկայացնելու համար։

Ազգային ձեռագրի օրուան առթիւ նախաձեռնութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2025 թուականի Ազգային ձեռագրի օրուան առթիւ, հարթակը կազմակերպեց համայնքին մէջ արեւմտահայերէնի գրաւոր օգտագործումը խթանելու նախաձեռնութիւն մը: Խումբը Պուրճ Համուտի գործատէրերուն բաժնեց 100 յատուկ նախագծուած բացիկ, որոնց կողքը ներշնչուած էր արշաւի պաստառէն: Ետեւի կողմը գրուած էր պատգամ մը, որ կը շեշտէր մայրենի լեզուի պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ կը ներառէր կոչ՝ խրախուսելով ստացողները արեւմտահայերէնով գրառում կատարել ընկերային ցանցերու վրայ: Այս աշխատանքին նպատակն էր քաջալերել մասնակցութիւնը այս շարժումին եւ ամրապնդել լեզուի ներկայութիւնը առօրեայ կեանքին մէջ: Նախաձեռնութիւնը լայն արձագանգ գտաւ եւ համայնքի բազմաթիւ անդամներ միացան, տօնելով ձեռագրով գրելու սովորութիւնը եւ միաժամանակ նպաստելով արեւմտահայերէնի վերակենդանացման։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայոց լեզուի նոր բառարան, Գնէլ արքեպիսկոպոս Ճէրէճեան, Փարամազ Կ. Տօնիկեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան - հին»։ nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2025-06-15
  2. «Հայոց լեզուի նոր բառարան, Գնէլ արքեպիսկոպոս Ճէրէճեան, Փարամազ Կ. Տօնիկեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան - նոր»։ nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2025-06-15
  3. «Հայոց լեզուի նոր բառարան, Գնէլ արքեպիսկոպոս Ճէրէճեան, Փարամազ Կ. Տօնիկեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան - հնար»։ nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2025-06-15
  4. «https://www.lebtivity.com/event/chronicles-of-perseverance-a-seven-day-public-screening-event»։ www.lebtivity.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-06-15
  5. «The “Chronicles of Perseverance” Screened at Haigazian University»։ Haigazian University (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-06-15
  6. «https://www.lebtivity.com/event/the-shadow-of-ararat-screening-event-by-hnarti-cultural-platform»։ www.lebtivity.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-06-15

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]