Jump to content

Մանրանկարչութիւն

Մոմիկ.«Համբարձում» մանրանկար «Պատերազմի Աւետարանէն»։

Մանրանկարչութիւն, ոչ տպագիր գիրքի պատկերազարդում, կերպարուեստի ստեղծագործութիւն, որ կը տարբերի փոքր չափերով եւ գեղարուեստական հնարաւորութիւններու նրբութեամբ։ Աւելի ուշ այս ստեղծագործութիւններուն մէջ կը գործածուին այլազան գոյնի ներկեր։

Մանրանկարչութեան առանձնայատուկ տեսակ է նաեւ գեղանկարչական (երբեմն փորագիր) պատկերները (յատկապէս դիմանկարային)։

Առանձնայատկութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանրանկարչութեան հիմնական բնագաւառներէն մէկն է գիրքի մանրանկարչութիւնը (ծաղկումը), գրքարուեստը՝ գրչագիր մատեաններուն մէջ ձեռքով կատարուած գծանկարները, գուաշով, սոսնձաներկերով, ջրաներկերով կամ այլ ներկերով գունաւորուած պատկերներ, ինչպէս նաեւ այդ գիրքերու ձեւաւորումը՝ անուանաթերթեր, խորաններ, լուսանցքազարդեր, բուսական եւ կենդանական նախշերով տեսարաններ։

Մանրանկարչութիւն ունեցած են գիր եւ գրականութիւն ստեղծած ժողովուրդները։ Մարդկութեան յայտնի մանրանկարչութեան հնագոյն նմուշները պահպանուած են Ք.Ա. Հին Եգիպտոսի մէջ (Նոր Թագաւորութեան շրջանի «Մեռեալներու գիրքերը»)։

Հին յոյները պատկերազարդած են գիրքի ամբողջ շարադրանքը՝ (յատկապէս Հոմերոսի գրութիւնները) պապիրուսագալարներու վրայ ստեղծուած մանրանկարներով։

Քրիստոնէական համայնքներու ծաղկման ժամանակաշրջանէն (Բ. դարէն սկսեալ) մագաղաթէ մատեանները աստիճանաբար կը փոխարինեն պապիրոսագալարները։ Յետագային, երբ պապիրոսը կը փոխարինուի մագաղաթով, գիրքը կը ստանայ ժամանակակից տեսքը։

Հնագոյն մագաղաթէ մանրանկար մատեանն է Հոմերոսի «Իլիականը» (շուրջ 500, Ամպրոզիանա գրադարան, Միլան

Հելլենիստական շրջանին, մանրանկարչութեան հիմնական կեդրոններն էին՝ Աղեքսանտրիան, Հռոմը, նշանաւոր էին նաեւ Բիւզանդիոնը, Պերկամոնը, Անտիոքը, Եփեսոսը։ Բիւզանդական մանրանկարչութիւնը կը ժառանգէ Ալեքսանդրիոյ հելլենիստական-հռոմէական դասական եւ ասորական արեւելեան աւանդութիւնները։

Պատկերամարտութեան ժամանակահատուածին (726-843 ) մանրանկարչութիւնը անկում կ'ապրի։

Թ. դարու Բ. կիսուն նկատելի էին մանրանկարչութեան զարգացման երկու միտումներ.

ա) Հելլենիստական Աղեքսանդրիոյ ուղղուած արքունի ոճ,

բ) Ասորա-Պաղեստինեան կամ Կապադովկիական աւանդներէն սնող «վանական ոճ», որ անմիջականօրէն կ'արձագանգէ կեանքին[1]։

Քրիստոնէական աւանդութիւններ[2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իտալիա եւ Բիւզանդիոն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամենավաղ պահպանուած մանրանկարները գրիչով գծուած անգոյն պատկերներու շարք մըն են, որոնք կը գտնուին 354 թուականի «Ժամանակագրութեան» (Chronograph of 354) մէջ։ Այդ ձեռագիրը կորսուած է Վերածնունդէն ետք, սակայն ծանօթ է իր ընդօրինակութիւններով։ Մինչեւ 450 թուականը թուագրուող ճոխ պատկերազարդուած շքեղ ձեռագիրներու որոշ պատառիկներ հասած են մինչեւ մեր օրերը։ «Քոթընեան Ծննդոց»-ը (Cotton Genesis) մեծաւ մասամբ ոչնչացաւ 1731-ին Լոնտոնի հրդեհին պատճառով, իսկ «Քուետլինպուրկի Իտալա»-ի (Quedlinburg Itala) բեկորները մեծաւ մասամբ կորսուեցան Միջնադարուն՝ անոնց մագաղաթը գրքերու կազմերուն մէջ որպէս ամրացուցիչ նիւթ գործածուելուն պատճառով։

Կան նաեւ գունաւոր մանրանկարներ՝ կտրուած «Ամպրոզեան Իլիական»-էն (Ambrosian Iliad), որ Ե. դարու պատկերազարդ ձեռագիր մըն է։ Այս պատկերներուն մէջ գծագրութեան որակը զգալիօրէն տարբեր է, սակայն կան մարդկային մարմնի գծագրութեան բազմաթիւ ուշագրաւ օրինակներ, որոնք իրենց ոգիով բաւական դասական են՝ փաստելով, որ վաղ շրջանի արուեստը դեռ կը պահպանէր իր ազդեցութիւնը։ Բնանկարի այնպիսի նշոյլներ, որոնք կարելի է գտնել հոն, նոյնպէս դասական տիպի են. անոնք պայմանական չեն միջնադարեան ըմբռնումով, այլ տակաւին կը ջանան հետեւիլ բնութեան, թէկուզ անկատար ձեւով, ճիշդ ինչպէս Հռոմէական դարաշրջանի Պոմպէյի եւ այլ որմնանկարներուն մէջ։

Գեղարուեստական տեսանկիւնէն աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնեն Վիրգիլիոսի Վատիկանեան ձեռագիրի (յայտնի որպէս Vergilius Vaticanus) մանրանկարները, որոնք կը պատկանին Ե. դարու սկիզբին։ Անոնք աւելի լաւ վիճակի մէջ են եւ աւելի մեծադիր, քան Ամպրոզեան բեկորները, հետեւաբար աւելի լաւ առիթ կ'ընձեռեն ուսումնասիրելու մեթոտն ու արհեստագիտութիւնը (technique)։ Գծագրութիւնը ոճով լիովին դասական է, եւ այնպիսի տպաւորութիւն կը ձգէ, որ մանրանկարները ուղղակի պատճեններ են աւելի հին շարքէ մը։ Գոյները թանձր են (opaque). արդարեւ, վաղ շրջանի բոլոր ձեռագիրներուն մէջ մարմնեղ ներկերու (body color) գործածութիւնը համընդհանուր էր։

Էջին վրայ տարբեր տեսարաններու տեղադրման մեթոտը շատ ուսանելի է այն գործելակերպի մասին, որուն կը հետեւէին վաղ դարերու արուեստագէտները։ Կ'երեւի թէ տեսարանին յետնապատկերը նախ ամբողջութեամբ կը նկարուէր՝ ծածկելով էջին ողջ մակերեսը, ետքը այդ յետնապատկերին վրայ կը նկարուէին աւելի մեծ մարմիններն ու առարկաները, իսկ ատոնց վրայ կը յաւելուէին անոնց առջեւ գտնուող աւելի մանր մանրամասնութիւնները (այս կը կոչուի «նկարիչի ալգորիթմ»)։ Նաեւ, հեռանկարի (perspective) նմանողութիւն ստանալու նպատակով, կիրառուած է հորիզոնական գօտիներու դասաւորում մը, ուր վերի գօտիները կը պարունակեն աւելի փոքր մարմիններ, քան վարինները։

Բիւզանդական դպրոցին վերապահուած էր աւելի վճռականօրէն խզել կապը իրերու բնական ներկայացման հետ եւ զարգացնել գեղարուեստական պայմանականութիւններ (conventions)։ Այդուհանդերձ, այս դպրոցի լաւագոյն վաղ օրինակներուն մէջ դասական շունչը դեռ կը զգացուի, ինչպէս կը վկայեն «Քոթընեան Ծննդոց»-ի մնացորդները եւ «Վիեննական Տիոսկորիտէս»-ի (Vienna Dioscurides) լաւագոյն մանրանկարները։ Իսկ աւելի ուշ շրջանի բիւզանդական ձեռագիրներուն մէջ, որոնք ընդօրինակուած են աւելի հին օրինակներէն, բնօրինակներու վերարտադրութիւնը հաւատարիմ է։

Սակայն, ընդհանուր առմամբ բիւզանդական դպրոցի մանրանկարները իրենց դասական նախորդներուն հետ բաղդատելով՝ մարդ կը զգայ, կարծես բացօթեայ վայրէ մը մտած է վանքի կամարներուն տակ (cloister)։ Եկեղեցական տիրապետութեան սահմանափակումներուն տակ բիւզանդական արուեստը հետզհետէ դարձաւ աւելի կարծրացած (stereotyped) եւ պայմանական։ Կ'աճի միտումը՝ մարմնի երանգները մութ գոյներով ներկելու, անդամները երկարելու ու հիւծելու, եւ քայլուածքը կոշտացնելու։ Նախապատուութիւնը կը տրուի շագանակագոյնին, կապտամոխրագոյնին եւ չէզոք երանգներուն։ Հոս առաջին անգամ կը հանդիպինք մարմնի ներկման այն արհեստագիտական մօտեցման, որ յետագային դարձաւ իտալացի մանրանկարիչներու յատուկ մեթոտը, այսինքն՝ բուն մարմնագոյն երանգները դնել ձիթապտղագոյն, կանաչ կամ այլ մութ երանգի հիմքի վրայ։ Բնանկարը, որքան որ ալ գոյութիւն ունէր, շուտով դարձաւ լիովին պայմանական՝ օրինակ ծառայելով բնութեան իրական պատկերման այն զարմանալի բացակայութեան համար, որ Միջնադարու մանրանկարներու ցայտուն յատկանիշներէն մէկն է։

Եւ սակայն, մինչ բիւզանդական արուեստին մէջ այդքան զօրաւոր կերպով կը տիրէր մանրանկարներու ճգնաւորական մօտեցումը, միաւորժամանակ արեւելեան շքեղութեան զգացումը կ'արտայայտուի գունաւորման փայլքով եւ ոսկիի առատ գործածութեամբ։ Բիւզանդական ձեռագիրներու մանրանկարներուն մէջ առաջին անգամ կը տեսնուին փայլուն ոսկեայ յետնապատկերները, որոնք յետագային այնքան առատօրէն յայտնուեցան արեւմտեան գեղանկարչութեան բոլոր դպրոցներուն մէջ։

Բիւզանդական արուեստի ազդեցութիւնը միջնադարեան Իտալիոյ արուեստին վրայ ակնյայտ է։ Իտալիոյ եկեղեցիներու վաղ շրջանի խճանկարները (mosaics), ինչպէս Ռաւեննայի եւ Վենետիկի մէջ, նոյնպէս կը մատնանշեն բիւզանդական գերիշխող ազդեցութեան օրինակներ։ Սակայն վաղ Միջնադարը քիչ ուղենիշներ կը տրամադրէ ուսումնասիրողին. միայն երբ ան կը հասնի ԺԲ. դարուն, որուն որմնանկարներն ու մանրանկարները տակաւին կը կրեն բիւզանդական աւանդութեան դրոշմը, կրնայ համոզուիլ, որ այդ կապը միշտ գոյութիւն ունեցած է միջանկեալ դարերու ընթացքին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]