Մանրալիք Փուռ
Արտաքին տեսք

Մանրալիք Փուռ, (Անգլ.՝ Microwave Oven): Մանրալիքները ելեկտրամագնիսական ճառագոյթումներ են զորս կարելի է բաղդատել ձայնասփիւռին եւ հեռատեսիլին ընդունած ճառագայթներուն հետ: Այդ ճառագայթները կ'արագացնեն կերակուրներուն մէջ գտնուող ջուրի մոլեգիւլներու շարժումները: Իրարու քսուելով, անոնք կը յառաջացնեն ջերմութիւն եւ կերակուրը արագօրէն կը տաքցնեն կամ կ'եփեն:
Տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մանրալիքին առջեւ կենալը եւ մէջը եփող ուտելիքին հետեւիլը ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէ, անոր ելեկտրական ալիքները ո՛չ դռնակէն եւ ո՛չ ալ ճեղքերէն դուրս կ'ելլեն:
- ARC-ն (Քաղցկեղի հետազօտութեան հիմնարկը) կը հաստատէ, որ տակաւին չէ փաստուած մանրալիքի գործածութեան եւ քաղցկեղի յառաջացման միջեւ ուղղակի կապի մը առկայութիւնը:
- Մանրալիքին մէջ ուտելիքները կը կորսնցնեն իրենց կենսանիւթերն ու հանքայինները 60 տոկոսով կը կորսնցնեն , բայց այս երեւոյթը միայն մանրալիքին չի վերաբերիր, այլ բոլոր եփի ձեւերուն, որոնց ընթացքին ջերմաստիճանը բարձր է, այսինքն 100 ջերմաստիճանը կ'անցնի:
- Պէտք է խուսափիլ մանրալիքին մէջ կերպընկալ ամանեղէն գործածելէ:
- Մանրալիքին մէջ եփող կերակուրը պէտք չէ համեմել, պէտք է սպասել եփի աւարտին, որովհետեւ նախօրօք համեմուած ուտելիքները կը կորսնցնեն իրենց համը: Նախընտրելի է զանոնք համեմել մանրալիքէն դուրս բերելէ ետք: Ինչ կը վերաբերի աղին, անիկա կը վնասէ ուտելիքին համաչափ եփին եւ կը չորցնէ զայն[1]:
Հետաքրքրական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1991-ին, Ճափոնական «Թոշիպա» հաստատութիւնը արտադրած է մանրալիք փուռ մը որ ինքնիրեն կը հակակշռէ սննդեղէններու եփելու աստիճանը: Փուռը յատուկ սարքերով կրնայ չափել սննդեղէնին ծանրութիւնը, խտութիւնը եւ ջերմաստիճանը: Անոր համակարգիչը այս տուեալները նկատի առած կ'որոշէ պարունակած սննդեղէնին յարմարագոյն ժամանակն ու ջերմութեան զօրութիւնը[2]: