Jump to content

Մանտինադա

Մանտինադա (յուն․՝ μαντινάδα, յոգն․՝ μαντινάδες մանտինադես)․ ժողովրդային ինքնաբուխ զրուցերգ արտայայտութիւն։ Կ՛արտայայտուի կարճ ոտանաւորներով եւ յաճախ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ՝ կը գործածուին կրետական քնարը λύρα եւ լաութօ λαούτο։ Բառը ծագած է վենիտիկեան matinada բառէն, որ «առտուան երգ» կը նշանակէ 1201-էն մինչեւ 1669 Կրետէն կը գտնուէր Վենետիկեան գերիշխանութեան լուծին տակ։

Մանտինադան կազմուած կ՛ըլլայ կրետական ռիթմիկ զուգեակներէ, որոնք պարային երաժշտութեան ընթացքին ընդհանրապէս յանկարծակի եւ ինքնաբուխ են։

Վերածնունդի յանգաւոր ոտանաւորը, մասնաւորաբար «Էրոթոքրիթոս» Ερωτόκριτος վէպը (հեղինակ՝ Վիցենզօ Քորնարօ, ԺԷ․ դար) կը յիշեցնէ մանտինադան։ Յօրինուած են 15 վանկերէ կազմուած յանգատողերով եւ յաճախ փոխերգական են, այսինքն յանգատող մը պատասխան մը երեւան կը բերէ (պահանջքի ձեւով) եւ այդ ուրիշ պատասխանի մը կ՛առաջնորդէ, ու այդպէս կը շարունակուի։

Յունական հնադարի ժամանակաշրջանին ալ այդպիսի երգեր նկատուած են։ Ինչպէս օրինակ՝ հին «գոմօ» κώμο․ մարդիկ խրախճանքէ ետք խումբեր կազմած ճամբաները կը շրջէին եւ իրենց նախասիրած պատուհաններուն տակ կ՛երգէին (հին յուն․՝ εκωμαόδουν) իրենց զգացումները։ Յատկանշական օրինակ մը Ալեքսանտրեցի Քալիմախոս բնաստեղծի յանգատողէն որ ուղղուած է իր սիրելիին՝ Գոնոբիոն (Κωνώπιον)․-

Ούτως υπνώσαις, Κωνώπιον ως εμέ ποιείς
κοιμάσθαι ψυχροίς τοίσδε παρα προθύροις
(= դուն ալ Գոնոբիոն քնացիր, ինչպէս ինծի ըրիր
անքուն մնամ պատուհանիդ առջեւ)
προθύροις/Πρόθυρο»․ մուտքի դրան առջեւի մասը θύρα=դուռ)

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]