Jump to content

Մանուկ Աբեղեանի Անուան Գրականութեան Ինստիտուտ

Մանուկ Աբեղեանի Անուան Գրականութեան Ինստիտուտ, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտահետազօտական ինստիտուտ։

Գրականութեան Ինստիտուտի ցուցատախտակ

Իստիտուտը կը գործէ 1943 թուականէն սկսեալ։ Ստեղծուած է 1938 թուականէն գոյութիւն ունեցող Արմֆանի գրականութեան եւ լեզուի ինստիտուտի հիմքին վրայ։ 1944 թուականէն կը կրէ Մանուկ Աբեղեանի անունը։ Իստիտուտը ունի վեց բաժին՝ հայ հին ու միջին դարերու, նոր շրջանի եւ սովետահայ գրականութիւններու, դասական գրողներու երկերու գիտական հրատարակութեան, գրականութեան տեսութեան եւ գրական առնչութիւններու, որոնք կը ներկայացնեն ինստիտուտի գիտահետազօտական աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնները։

Ինստիտուտը հրատարակած է հայ դասականներ Կոստանդին Երզնկացիի, Յովհաննէս Երզնկացիի, Խաչատուր Կեչառեցիի, Յովհաննէս Թլկուրանցիի, Մկրտիչ Նաղաշի, Գրիգորիս Աղթամարցիի, Խաչատուր Աբովեանի, Յակոբ Պարոնեանի, Միքայէլ Նալպանտեանի, Գաբրիէլ Սունդուկեանի, Ռափայէլ Պատկանեանի, Պետրոս Դուրեանի, Յովհաննէս Յովհաննէսեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Յակոբ Յակոբեանի, Մանուկ Աբեղեանի, Եղիշէ Չարենցի, Ակսել Բակունցի, Դերենիկ Դեմիրճեանի երկերու քննական բնագրերը։ Հրատարակած է «Սասունցի Դաւիթ» ժողովրդական էպոսի համահաւաք բնագիրը, հայ նոր գրականութեան պատմութիւնը (5 հատորով) եւ խորհրդահայ գրականութեան պատմութիւնը (2 հատորով, նոյնը՝ ռուսերէն 1 հատորով)։

Ինստիտուտը կը հրատարակէ Գրականագիտական հանդէս [1], որ կը բովանդակէ երեք լեզուներով (հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն) յօդուածներ, հետեւեալ ենթավերնագիրներով.-

  • Պատմութիւն Եւ Տեսութիւն
  • Քննադատութեան Պատմութիւն Եւ Տեսութիւն
  • Համաշխարհային Գրականութեան Պատմութիւն Եւ Տեսութիւն
  • Թարգմանութեան Տեսութիւն
  • Արուեստ
  • Մատենագիտական
  • Մշակութաբանական
  • Գեղագիտական
  • Յոբելիանական եւ այլն:

Ինստիտուտի գիտական խորհուրդը կը շնորհէ բանասիրական գիտութիւններու գիտական աստիճաններ ու կոչումներ[2][3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://litinst.sci.am/new/
  2. Armenia National Academy of Sciences of։ «National Academy of Sciences of Armenia»։ www.sci.am։ արտագրուած է՝ 28 Նոյեմբեր 2016-ին:
  3. «ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի Անուան Գրականութեան Ինստիտուտ»
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։