Մաննի պէյուկ

(Վերայղուած է Մաննի պեյուկ-էն)

Մաննի պեյուկ (կամ ֆինճան խաղ), կը խաղցուի Խարբերդի մէջ, երկու մրցակից խումբերով։

Ափսէի մը վրայ կը շարեն 12 սուրճի գաւաթներ (ֆինճան) եւ մատանի մը։ Խաղը սկսող կողմը կ՚որոշուի վիճակով։

Սկսող կողմէն անձ մը մատանին գաղտնի կերպով կը պահէ գաւաթներէն մէկուն տակ, ապա ամբողջ ափսէն կը դրուի մրցակից կողմին առջեւ։ Այս վերջինները հերթաբար պէտք է դարձնեն գաւաթները։ Եթէ մատանին ամէնէն վերջին գաւաթին տակէն դուրս գայ, այն ժամանակ փնտռող կողմը պարտուած կը համարուի, մէկ կէտ կը կորսնցնէ ու խաղը կը կրկնուի։ Իսկ եթէ մատանին աւելի կանուխ գտնուի, այն ատեն խաղը կը շահի փնտռող կողմը ու մատանին պահելու կարգը իրեն կ՚ըլլայ։ Մատանի փնտռողները միշտ կը հետեւին պահողներուն երեսի արտայայտութիւններուն։ Այնպէս որ այս վերջինները դերասանական զանազան շարժուձեւերով ու կեղծ արտայայտութիւններով կրնան խաղի բերել հակառակորդ կողմը։

Խաղին սկիզբէն կ՚որոշուի շահոյթը, որ կրնայ ըլլալ 3-4 կողով խաղող, կէս լիթր տանձ, ափսէ մը խատայիֆ կամ փախլաւա։ Տղայ-աղջիկ միասին կը խաղան մաննի պէյուկը[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]