Մանկավարժական Կրթութիւն

Մանկավարժական կրթութիւն, մանկավարժական հաստատութիւններէն ներս, ուսումնարաններուն եւ համալսարաններուն հանրակրթական դպրոցներու եւ ուսումնա-դսատիարակչական այլ հիմնարկներու համար մանկավարժ, աշխատողներու (ուսուցիչներ, դաստիարակներ եւ այլն) պատրաստման համակարգ։ Մինչ յեղափոխական Ռուսաստանի մէջ տարրական դպրոցներու համար ուսուցիչներ պատրաստող ուսումնական հաստատութիւններու հիմնական ձեւը ուսուցչական սեմինարիաներն էին։ Տարրական դպրոցներու ուսուցիչներ կը պատրաստէին նաեւ իգական երկրորդականներու, իգական թեմական ուսումնարաններու մանկավարժական դասարանները եւ Փեթերսպուրկի իգական մանկավարժական հաստատութիւնը։ Եկեղեցական-ծխական դպրոցներու համար ուսուցիչներ կը պատրաստէին եկեղեցական-ուսուցչական, ինչպէս եւ երկդասեան ուսուցչական դպրոցները։ 1804-ի համալսարանական կանոնադրութեան համաձայն, համալսարաններուն կից ստեղծուեցան 3-ամեայ մանկավարժական հաստատութիւններ։ 14-րդ դարու 60-70-ականներուն բացուեցան համալսարանական տեսակի Բարձրագոյն իգական դասընթացներ։ 1918-1920-ականներուն կազմակերպուեցան մասնագիտացուած դպրոցական, նախադպրոցական եւ մանկավարժական այլ, ոչ մեծ ուսումնական հաստատութիւններ եւ դասընթացներ, որոնք յետագային միաւորուեցան ու վերածուեցան մանկավարժական համալսարաններու։ Մին չյեղափոխական ուսուցչական սեմինարիաները վերակառուցուեցան 4-ամեայ ժողովրդական կրթութեան հաստատութիւններու, միւսները՝ տարրական դպրոցի ուսուցիչներ պատրաստող մշտական գործող մանկավարժական դասընթացներու։ Առաջին խոշոր մանկավարժական խորհրդային համալսարաններէն էր Ն. Կրուպսկայայի անուան կոմունիստական դաստիարակութեան ակադէմիան։ 1918-ին Վ. Ռերիէի Բարձրագոյն իգական դասընթացներու հիման վրայ ստեղծուեցաւ Մոսկուայի 2-րդ համալսարանը, Լենինկրատի մէջ՝ մանկավարժական հաստատութիւնը։ 1920-ականներուն ԽՍՀՄ շարք մը համալսարաններուն մէջ բացուեցան մանկավարժական հմինարէներ։ 30-ականներուն համալսարաններու մանկավարժական եւ այլ բաժիններու հիման վրայ ստեղծուեցաւ մանկավարժական հաստատութիւններ, ինչպէս՝ օտար լեզուներու մանկավարժական ուսումնարաններու ցանց։ ժամանակակից մանկավարժական ուսումնական հաստատութիւններու հիմնական տեսակը մանկավարժական ուսումնարաններն են, արդիւնաբերական-մանկավարժական հաստատութիւնները, մանկավարժական ուսումնարանները եւ համալսարանները։ Դպրոցի ցած դասարաններու ուսուցիչներ, նախադպրոցական հիմնարկներու դաստիարակներ կը պատրաստեն մանկավարժական ուսումնարանները, միջնակարգ դպրոցներու ուսուցիչներ՝ մանկավարժական ուսումնարանները, համալսարանները, ինչպէս նաեւ արուեստներու, ֆիզիկական դաստիարակութեան որոշ ուսումնարաններ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։