Jump to content

Մայրաքաղաք

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը

Մայրաքաղաքը այն քաղաքն է, ուր հաստատուած կ'ըլլան երկիրը կառավարող հաստատութիւնները[1]:

Հոն կը գտնուին երկիրին գլխաւոր գերատեսչութիւնները:

Յաճախ մայրաքաղաքը երկիրին ամէնէն մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող քաղաքը կ'ըլլայ: Երկիրին գլխաւոր գործունէութիւնները հոն կը տարուին, մեծ վաճառատուները, մարզադաշտերը, թատերասրահները, դպրոցները եւ հաստատութիւնները:[2]

Երբեմն, պատմութեան ընթացքին, երկիրի մը մայրաքաղաքը կրնայ փոխուիլ: Ինչպէս պատահած է Պրազիլի մէջ, որուն մայրաքաղաքը մինչեւ 1960 Ռիօ տը Ժաներօն էր: Այժմ Պրազիլի մայրաքաղաքը Պրազիլին է, քաղաք մը, որ յատկապէս իբրեւ մայրաքաղաք շինուած է:

Ուրիշ պարագաներու, երկիրի մը գլխաւոր գործունէութիւնները մայրաքաղաքին մէջ չեն գտնուիր, սակայն` ուրիշ քաղաքի մը մէջ, որ երկիրին «տնտեսական մայրաքաղաքն» է: Այս ձեւով, օրինակի համար, Փղոսկրեան Ափունքի մայրաքաղաքը Եամուսքրոն է, սակայն անոր «տնտեսական մայրաքաղաքը» Ապիճանն է:

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզը

Մայրաքաղաքը անպայման երկիրին ամէնէն մեծ, կամ ամէնէն ծանօթ քաղաքը չէ: Օրինակի համար, Սիտնի Աւստրալիոյ ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող քաղաքն է, սակայն երկիրին մայրաքաղաքը Քանպերան է:

Կուաթեմալայի մէջ երկիրը եւ մայրաքաղաքը նոյն անունը ունին: Նոյնն է պարագան` Սինկափուրի, Ճիպութիի, Լուքսամպուրկի, եւ այլն:

Ովկիանիոյ մէջ գտնուող Փալաօս կղզիներուն մայրաքաղաքը Մելեքէօք միայն 400 բնակիչ ունի:

– Մինչ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիօ ունի 38 միլիոն բնակիչ: Ան աշխարհի ամէնէն մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող քաղաքն է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ի՞նչ կը նշանակէ մայրաքաղաք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2025-06-19-ին։ արտագրուած է՝ 2025-08-05
  2. Մայրաքաղաք