Մամիկոնեաններ

Մամիկոնեաններ, նախարարական տոհմ՝ Հայաստանի մէջ:
Ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ պատմիչները Մամիկոնեաններուն վերագրած են ճենական (Ճենք, Ճենաստան, Ճենաց աշխարհ) ծագում, որ աւանդաբար նոյնացուած է Չինաստանի հետ։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի՝ Մամիկոնեանները սերած են ճենաց թագաւոր Արբոկ Ճեն-բակուրի դայակորդին՝ ոմն Մամկոնէն, որ ստիպուած է փախչիլ դէպի Պարսկաստան մէկ այլ դայակորդիի՝ Պղդոխի խարդաւանքներուն պատճառով։
Պարսից արքայ Շապուհ մերժած է Մամկոնը արտայանձնել Ճեն-բակուրին․ փոխարէնը զայն ուղարկած է Հայաստան, ուր ան մտած է հայոց արքայ Տրդատ Բ.-ի ծառայութեան մէջ եւ կալուածներ ստացած[1]։։
Սեբէոս պատմիչը եւս նման զրոյց մը կը փոխանցէ Մամիկոնեաններու ծագման մասին․ ըստ անոր՝ երկու եղբայրներ՝ Մամիկ եւ Կոնակ, ապստամբած են իրենց եղբօր՝ Ճենաստանի թագաւոր Ճենբակուրի դէմ, ապա փախած են պարթեւաց արքունիք։ Պարթեւաց արքան զանոնք ղրկած է իր ազգականին՝ հայոց Արշակունի արքային քով։ Հայաստանի մէջ, Մամիկի եւ Կոնակի սերունդները կազմած են Մամիկոնեաններու տոհմը[2]։
Փաւստոս Բիւզանդ իր «Պատմութիւն Հայոց» գործին մէջ եւս կ'անդրադառնայ Մամիկոնեաններու ճենական եւ արքունական ծագման։ Ան կը ներկայացնէ Վարազդատ թագաւորին եւ Մանուէլ Մամիկոնեանին միջեւ նամակագրութիւնը, ուր Մանուէլ կ'ըսէ, թէ իրենց նախնիները Ճենաց աշխարհի թագաւորներ եղած են եւ եղբայրներու միջեւ յառաջացած տարաձայնութեան պատճառով հեռացած են հոնկէ[3]։
Ժամանակակից ուսումնասիրողներ, ինչպիսիք են` Նիկողայոս Ադոնցն եւ Կիրիլ Թումանովը, կը նկատեն, թէ Մամիկոնեաններու չինական ծագման մասին աւանդութիւնը թիւրիմացութիւն է։ Անոնց կարծիքով՝ Մամիկոնեանները սերած են հայերուն հարեւան ճաներէն, որոնք հայկական աղբիւրներուն մէջ կը կոչուին Ճան կամ Ճանիք եւ կը բնակէին Մամիկոնեաններու տոհմական կալուածէն՝ Տայքէն ոչ հեռու։ Ադոնց «Մամիկոնեան» տոհմանունը կը կապէ վրացերէն «մամա» («հայր») բառին հետ՝ հայկական «-իկ» փաղաքշական վերջածանցով։
Այլ մասնագէտներ, Ճենաց աշխարհը կը նոյնացնեն Քուշանական պետութեան այն հատուածին հետ, որ կը կոչուէր Թուխարիստան եւ Քաշմիր։ Միջնադարեան հայ պատմիչ Վարդան Արեւելցին ճեները կը յիշատակէ իբրեւ Դերբենդի մօտակայքը բնակող ժողովուրդ։ Հայագէտ Հ. Սվազեան Ճենաց աշխարհը կը տեղադրէ Սիրտարիա եւ Ամուտարիա գետերու Միջագետքին մէջ եւ կ'առաջարկէ Պաքթրիան իբրեւ Մամիկոնեաններու նախնական հայրենիք։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խոսրով Ա. Մեծը Մամիկոնեանները դասած է հայ նախարարներու շարքին եւ անոնց յանձնած՝ Տայքի մեծագոյն մասը, որ մինչ այդ արքունական զօրակայան էր։
Դ. դարու սկիզբին, երբ Տարօնի տէրերու՝ Սլկունիներու հակաարքունական խռովութիւնը կը ճնշուի եւ այդ տոհմը կը բնաջնջուի, սպարապետութեան գործակալութիւնը կ'անցնի Մամիկոնեաններուն, եւ Տարօն գաւառը կը դառնայ անոնց տոհմական սեփականութիւնը։ Մամիկոնեաններու Հայոց սպարապետը գլխաւորած է Հայոց այրուձին եւ հետեւակ զօրքը։ Սպարապետին ենթարկուած էին հայ նախարարներու հեծելագունդերը։ Դ. դարու վերջին, երբ կեդրոնական իշխանութիւնը թոյլցած էր, հայ Արշակունիներու գահին վայել Մամիկոնեանները եռանդուն պայքար մղած են Մեծ Հայքի թագաւորութեան ամբողջութեան համար։
Մամիկոնեանները սերտ կապեր ունէին Գրիգոր Լուսաւորիչի տան հետ։ Ե. դարու առաջին կէսին, այդ կաթողիկոսական տոհմին լայնածաւալ կալուածները կը դառնան Մամիկոնեաններու տոհմական սեփականութիւնը։ Արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան հարցերուն մէջ սպարապետը եւ կաթողիկոսը միշտ գործակցած են եւ սովորաբար ունեցած՝ հռոմէական, ապա բիւզանդական կողմնորոշում։
428 թուականին, Արշակունիներու թոյլցած գահին անկումէն ետք, Մամիկոնեանները կը մնան երկիրին ամէնէն հեղինակաւոր տոհմը, որոնք կը համախմբուին հայրենասէր ազատագրական պայքարը Սասանեան Պարսկաստանի դէմ։ Ե.- Ը. դարերուն Մամիկոնեանները գլխաւորած են հայ ժողովուրդի ազատագրական կռիւները՝ արաբական նուաճողներու դէմ։
Հայաստանի մէջ արաբական գերիշխանութեան ժամանակաշրջանին խալիֆայութիւնը ձգտած է վերացնել հայրենասեր ուժերը, յատկապէս Մամիկոնեանները։ Այդ պայմաններուն Մամիկոնեաններու մրցակից Բագրատունիները, համագործակցելով արաբական վարչական մարմիններու հետ, աստիճանաբար առաջնութիւն ձեռք բերած են Հայաստանի կառավարման գործերուն մէջ։ Տեղի ունեցած են համահայկական ապստամբութիւններ՝ ուղղուած արաբական լուծին դէմ։
774-775 թուականներուն, Մամիկոնեաններու գլխաւորած հակաարաբական մեծ ապստամբութենէն ետք, Հայաստանի ղեկավար դերերը վերջնականօրէն անցած են Բագրատունիներուն, որոնք Ը. դարու վերջին քառորդին եւ Թ. դարու սկիզբին կը տիրանան Մամիկոնեաններու գրեթէ բոլոր կալուածքներին։ Ստեղծուած պայմաններուն մէջ, ֆիզիկական ոչնչացումէն փրկուած Մամիկոնեաններու մնացորդները մասամբ ապաւինած են Բիւզանդական կայսրութեան։ Շատ Մամիկոնեաններ բարձր պաշտօններու հասած են բիւզանդական արքունիքին մէջ, իսկ ոմանք՝ կայսերական գահին։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Մովսէս Խորենացի, «Պատմութիւն Հայոց», գիրք երկրորդ, գլուխ ՁԱ։
- ↑ Սեբէոս, «Պատմութիւն», գլուխ Դ։
- ↑ Փաւստոս Բիւզանդ, «Պատմութիւն Հայոց», հինգերորդ դպրութիւն, գլուխ ԼԷ։