Մակար Արք. Աշգարեան

Մակար Արք. Աշգարեան, (21 Մարտ 1972, Պէյրութ- Լիբանան): Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամ, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւազանի անունով՝ Եսայի: Ծնած է Պէյրութ, 21 Մարտ 1972-ին[1]։
Պատանեկութիւնը անցուցած է Այնճար հայաւանին մէջ, ուր ստացած է նաեւ իր նախնական կրթութիւնը «Յառաջ» վարժարանին մէջ, ապա Միջնակարգ եւ Երկրորդական կրթութիւնը շարունակած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Քոլէճին եւ Պէյրութի «Շամլեան Թաթիկեան» երկրորդական վարժարանին մէջ։
Իբրեւ դպիր, ծառայած է Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ (1977-1986), ապա՝ Պուրճ Համմուտի- Նոր Ատանա թաղի «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ, իբրեւ ուրարակիր, Սարկաւագ եւ Դպրապետ, 1986-1999-ի սկիզբը։
1999-ին մուտք կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք։
2001-ին, Կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ կ'անդամակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտին։
2009-ին, Վարդապետական իշխանութեան կարգ կը ստանայ:
2013-ին, Ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութեան կարգ կը ստանայ:
2014-ին, եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի եւ կ'օծուի:
2024-ին, արքեպիսկոպոսութեան տիտղոս կը ստանայ։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 2001-2022 թուականներուն, ստանձնած ու վարած է վանական եւ հովուական զանազան պաշտօններ։
- 2001-2004, Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի (ՊիքՖայա) հսկիչ, դասախօս եւ Մայր Տաճարի ընդհանուր Դպրապետ՝ Անթիլիաս:
- 2004-2005, հոգեւոր հովիւ՝ հիւսիսային Յունաստանի Թեսաղոնիկէ Քաղաքին:
- 2005-2011 Դպրեվանքի փոխ տեսուչ, ուսուցիչ եւ մայր տաճարի Դպրապետ:
- 2011-2018, Առաջնորդի օգնական՝ Թեհրանի Հայոց Թեմին[2]:
- 2018-2022, Լուսարարապետ՝ Մայր Տաճարի, Անթիլիաս:
- 2022-ին Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի տեսուչ։
- 2022 Դեկտեմբերին ընտրուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ[3]։
- Մասնակցած է բազմաթիւ միջ-կրօնական եւ միջ-եկեղեցական ժողովներու։
- Անդամ եղած է Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Աստուածաշնչական Միացեալ Ընկերութիւններու միջեւ համագործակցութեան մնայուն Յանձնաժողովին ինչպէս նաեւ՝ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան մնայուն Յանձնաժողովին։
- Ներկայիս անդամ է Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջ-եկեղեցական համագործակցութեան յանձնախումբին։
Գործերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ունի թէ՛ հեղինակային եւ թէ թարգմանական աւելի քան 25 աշխատանք։
- «Ինչպէ՞ս կ'ազատագրուինք Պիղծ Ոգիներէն Եւ Անոնց Ազդեցութիւններէն», թարգմանական, Պէյրութ, 2010: Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 2015:
- «Աւագ Շաբաթ», Արեւելահայերէն, Թեհրան, 2013:
- «Աւագ Շաբաթ», Արեւելահայերէն, Թեհրան, 2014:
- «Աւագ Շաբաթ», Արեւելահայերէն, Թեհրան, 2015:
- «Աւագ Շաբաթ», Արեւելահայերէն, Թեհրան, 2016:
- «Աւագ Շաբաթ», Արեւելահայերէն, Թեհրան, 2018:
- «Աղօթագրքոյկ», Թեհրան, 2016:
- «Յովհաննէս Առաքեալի Երեք Ընդհանրական Նամակները», Բացատրողական Սերտողութիւն, Արեւելահայերէն, Թեհրան, 2018:
- «Աւագ Շաբաթ», Անթիլիաս, 2019:
- «Մեծն Սուրբ Մակար», Հոգեւոր Քարոզներ, թարգմանական, Անթիլիաս, 2021:
- «Սրբալոյս Միւռոնով Նորոգուինք», Կոմիտաս Արք. Օհանեանի հետ միատեղ աշխատանք, Անթիլիաս, 2022:
- «Բարոյագիտութիւն», Համարձակ Ըլլալ Բոլոր Պարագներու Մէջ, թարգմանական, Հալէպ, 2024: Բ. Հրատարակութիւն, Հալէպ, 2025[4]:
- «Քրիստոսաբանութիւն», Անհատ Հաւատացեալին Ձեռատետրը, թարգմանական, Հալէպ, 2024:
- «Աղօթագրքոյկ», Աւագ Շաբաթուայ Խորհուրդով, Ճանապարհով ու Մտորումներով, Հալէպ, 2024:
- «Ճանապարհորդութեան Հացը», թարգմանական, Հալէպ, 2024:
- «Աստուած Մարդ Յարաբերութիւնը Քրիստոսով», Մատթէոսի Աւետարան, Ա. Հատոր, Բացատրողական, 1-18 գլուխներ, Հալէպ, 2024:
- «Աստուած Մարդ Յարաբերութիւնը Քրիստոսով», Մատթէոսի Աւետարան, Բ. Հատոր, Բացատրողական, 19-28 գլուխներ, Հալէպ, 2024:
- «Աստուածաբանական եւ Վարդապետական Նիւթեր», Ա. Հատոր, թարգմանական, Հալէպ, 2025:
- «Աստուածաբանական եւ Ընկերաբարոյական Նիւթեր», Բ. Հատոր, թարգմանական, Հալէպ, 2025:
- «Սրտաբուխ Աղօթաշար», Առօրեայ բազմաբնոյթ պայմաններու եւ պարագաներու համար ըսուած, Հալէպ, 2025: Բ. Հրատարակութիւն, Հալէպ, 2025:
- «Ինչո՞ւ տառապանքը՝ Ցաւը», թարգմանական, Հալէպ, 2025:
- «Հոգեւոր Ըմբռնումներ», թարգմանական, Հալէպ, 2025[5]:
- «Դաւիթ Մարգարէին Սաղմոսները», 1-18 գլուխներ, բացատրողական փորձ մը, Ա. Հատոր, Հալէպ, 2025:
- «Դաւիթ Մարգարէին Սաղմոսները», 19-34 գլուխներ, բացատրողական փորձ մը, Բ. Հատոր, Հալէպ, 2025:
- «Սուրբ Յովհաննէս Առաքեալի Եւ Յուդայի Ընդհանրական Նամակները», բացատրողական, Հալէպ, 2025:
- «Սեռայնութեան Քրիստոնէական Իմաստը», թարգմանական, Հալէպ, 2025:
- «Քրիստոնէական Առաքինութիւններ», թարգմանական, Հալէպ, 2025:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Մակար Արք.
- ↑ «Առաջնորդի օգնական»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2024-12-12-ին։ արտագրուած է՝ 2025-11-01
- ↑ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ
- ↑ «Բարոյագիտութիւն»
- ↑ «Հոգեւոր Ըմբռնումներ»