Jump to content

Մականունի Օրէնք (Թուրքիա)

(Վերայղուած է Մականունի Օրէնք-էն)

Մականունի Օրէնք (Թուրքիա) (թրք.՝ Soyadı Kanunu)’ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ազգանուններու Օրէնքը (թրքերէն՝ Soyadı Kanunu) որդեգրուած է 21 Յունիս 1934-ին։ Այս օրէնքը կը պարտադրէր բոլոր քաղաքացիներուն ունենալ հաստատուն եւ ժառանգական ազգանուններ։ Ազգանուններու գաղափարը սկիզբ առած էր Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, երբ ընտանիքներ սկսան ազգանուններ գործածել մարդահամարի եւ արձանագրութեան դրութեանց բարելաւումէն ետք. սակայն այս ընթացքը արագացաւ աշխարհիկացման եւ արդիականացման ջանքերուն զուգահեռ, որոնք կը պահանջէին պետականօրէն հովանաւորուած յատուկ ծրագիրներու իրականացում։

Ազգանուններու Օրէնքի գործադրութիւնը ոչ միայն պարտադիր դարձուց պաշտօնական ազգանուններու գործածութիւնը, այլեւ պայման դրաւ, որ քաղաքացիները ընտրեն թրքական անուններ։ Այս օրէնքը կը նկատուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան վաղ տարիներուն իրականացուած աշխարհիկացման վերջին քայլերէն մէկը։

Քննադատութիւն եւ Ազդեցութիւն[1]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ակադեմական ուսումնասիրութիւնները յաճախ կը շեշտեն, որ օրէնքի կիրարկումը եղած է անհաւասար։ Ազգանունի ընտրութիւնն ու անոր գործածութիւնը տարբերած են ընտանիքէ ընտանիք՝ կախեալ այնպիսի ազդակներէ, ինչպիսիք են արհեստը կամ մրցակցութիւնը։

Բացի այդ, Ազգանուններու Օրէնքը քննադատուած է թրքացման քաղաքականութեան մէջ ունեցած իր դերին համար, որ ուղղուած էր Հանրապետութեան տարածքին ապրող փոքրամասնութիւններուն եւ տեղիկ ժողովուրդներուն դէմ։ Այս գործընթացը տեղի ունեցաւ տեղանուններու փոփոխութեան զուգահեռ։

Թէեւ հետագային ազգանուններու օրինական փոփոխութեան դիմումներ եղած են (յատկապէս բռնի իսլամացուած հայերու սերունդներուն կողմէ), թրքական օրէնքը կը շարունակէ խիստ քաղաքականութիւն որդեգրել այս հարցին շուրջ։

Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, անուանակոչութեան աւանդոյթին մէջ ազգանուններ չէին գործածուեր, ինչ որ շփոթ կը յառաջացնէր ծննդեան արձանագրութիւններու մէջ եւ դժուարութիւններ կը ստեղծէր տնտեսական յարաբերութիւններու ու զինուորագրութեան գործընթացներուն մէջ։ 19-րդ դարուն, մարդահամարի եւ բնակչութեան գրանցման դրութեանց բարելաւումէն ետք, աւելի մեծ թիւով ընտանիքներ սկսան ազգանուններ որդեգրել։ Թրքական ազգանուններու եւ անուններու որդեգրումը կարելի է վերագրել Օսմանեան Կայսրութեան կրթեալ դասակարգին՝ թրքաբանութեան (Turkology) տարածման, Երկրորդ Սահմանադրական շրջանի եւ քեմալական գաղափարախօսութեան աճին հետեւանքով։ Իրենց անունները թրքացնող առաջին օսմանցի մտաւորականներէն էր Զիյա Կէօքալփը, որ կը քարոզէր թրքական ազգանուններու պարտադիր կիրարկման ձեւերը։ 1926-ի Թրքական քաղաքացիական օրէնսգիրքով ազգանունները ներկայացուեցան որպէս անուններու չարաշահումը կանխող յօդուածներ, ինչպէս նաեւ սահմանուեցան ազգանուններու գործածութեան եւ անուանափոխութեան վերաբերող ընտանեկան դրութիւններ։

Թէեւ անուններու թրքացումը ծրագրուած էր դեռ 1923-ին, օրէնքի պատրաստութեան աշխատանքները սաստկացան 1930-ականներուն՝ Աթաթուրքի բարեփոխումներու ծիրէն ներս։ Այս բարեփոխումները նպատակ ունէին ստեղծել միատարր ազգ մը, որ ունի ընդհանուր կրօն, լեզու եւ էթնիկ ծագում։ Այս փոփոխութիւնները յատկապէս ակնառու էին Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ։ Հանրապետութեան նոր խորհրդարանի ներկայացուցիչները առաջարկեցին, որ տեղանուններն ու սովորական անունները փոխուին՝ համապատասխանելու հանրապետութեան ազգային իտէալներուն, ներկայացնելով զայն որպէս «արդիականացման» եւ չափորոշման օրէնք։

1929-ի Մարտին նախարարական յանձնաժողով մը կազմուեցաւ օրինագիծի նախնական տարբերակը գրելու համար, որ ներկայացուեցաւ 11 Մարտ 1933-ին։ Քննարկումներու ընթացքին Մուղլայի պատգամաւոր Նուրի Պէյը շեշտեց, որ ազգանուն ստանալը անհատի ազգային ինքնութեան արտայայտութիւնն է։ Երեսփոխան Ռեֆիք Շեֆիք Ինճէն առաջարկեց գործածել Sanadı (համբաւի անուն) եզրը՝ Soyadı (տոհմական անուն) եզրին փոխարէն, սակայն Ազգային Մեծ Ժողովը նախապատուութիւնը տուաւ Soyadı տարբերակին, քանի որ անիկա կը մատնանշէր ծագումը, ընտանիքը կամ զարմը։ Օրէնքը պաշտօնապէս ընդունուեցաւ 21 Յունիս 1934-ին՝ բաղկացած 15 յօդուածներէ։

Կանոններ եւ Բովանդակութիւն[3]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազգանուններու Օրէնքի յօդուածները կը սահմանէին հետեւեալը.

  1. Բոլոր թուրքերը պարտաւոր են կրել ազգանուն՝ իրենց անունին կողքին։
  2. Ստորագրելու, խօսելու եւ գրելու ատեն ազգանունը պէտք է յաջորդէ անունին։
  3. Ազգանունները չեն կրնար առնչուիլ զինուորական աստիճաններու, պաշտօններու, ցեղախումբերու կամ օտար ազգութիւններու. անոնք չեն կրնար ըլլալ վիրաւորական կամ զաւեշտալի։ «Պատմական անուններու» գործածութիւնը՝ առանց տոհմաբանական ապացոյցի, նոյնպէս արգիլուած է։

Օրէնքը ազգանուն ընտրելու իրաւունքը տուաւ տղամարդուն՝ որպէս «տան գլուխ», իսկ անոր բացակայութեան պարագային՝ կնոջ։ Նոյն շրջանին մէջ նոյն ազգանունը չէր կրնար կրկնուիլ։ Օրէնքը յատկապէս կ'արգիլէր այնպիսի ազգանուններ, որոնք ունէին ոչ-թրքական մշակոյթներու, ազգերու կամ կրօններու իմաստ։

Արգիլուած էր գործածել «ոչ-թրքական» վերջաւորութիւններ, ինչպէս՝

  • -եան (-ian, -yan)՝ հայկական
  • -օֆ, -օվ, -իչ (-off, -ov, -viç)՝ սլաւոնական
  • -իս, -ատիս, -փուլոս, -աքի՝ յունական
  • -զատէ (-zade)՝ պարսկական
  • -մահտումու, -վալատ, պին, պեն, իպն՝ սեմական (արաբական/եբրայական)։

Արգիլուած էին նաեւ այն անունները, որոնք կ'ակնարկէին այլ էթնիկ խումբերու (օրինակ՝ Arnavutoğlu - Ալպանացիի որդի, կամ Kürdoğlu - Քիւրտի որդի)։ Թէեւ պաշտօնական նպատակը «իրականութեան մէջ գոյութիւն չունեցող տարբերութիւնները ջնջելն» էր, իրականութեան մէջ նպատակը զանազան էթնիկ խումբերը թրքական ինքնութեան մէջ ձուլելն ու հասարակութեան բազմազանութիւնը վերցնելն էր։

24 Նոյեմբեր 1934-ին ընդունուած յատուկ օրէնքով Մուսթաֆա Քեմալին տրուեցաւ «Աթաթուրք» ազգանունը, եւ արգիլուեցաւ որեւէ այլ անձի կողմէ այդ ազգանունին որդեգրումը։

Կառավարական պաշտօնեաները, ներառեալ Ճելալ Պայարը եւ Ատնան Մենտերեսը, փութացին իրենց համար յարմար ազգանուններ գտնել՝ մրցակցելով այլ պաշտօնեաներու հետ։ Երկրի մամուլը լայնօրէն լուսաբանեց Ազգանուններու Օրէնքը եւ աջակցեցաւ այն քաղաքացիներուն, որոնք կը փափաքէին ազգանուն որդեգրել։ Նոյնիսկ երբ 1935-ի Յունուարի վերջնաժամկէտը հասաւ, հարիւրաւոր դիմումներ դեռ չէին մշակուած. իսկ անոնք, որոնք արագօրէն ընտրած էին իրենց ազգանունները, զանոնք կը յայտարարէին թերթերու միջոցաւ, որպէսզի ուրիշներ նոյնը չընտրեն։

Ազգանուններու որդեգրումը կը տարբերէր գիւղական եւ քաղաքային միջավայրերուն միջեւ, ինչպէս նաեւ՝ ըստ կրթական մակարդակի։ Գիւղական շրջաններու մէջ ընտանիքներ յաճախ ունէին պաշտօնական ազգանուն մը եւ տեղական (ոչ պաշտօնական) մականուն մը, որ կապուած էր իրենց շրջապատին հետ։ Ազգանուններու ընտրութիւնը կրնար հիմնուած ըլլալ ընտանեկան հեղինակութեան, արհեստի, տեղանուններու, հերոսական դրուագներու կամ առարկաներու վրայ։ Ընդհանուր առմամբ, գիւղական բնակչութիւնը աւելի դժուարութեամբ կ'ընդունէր ազգանուն կրելու գաղափարը, ինչ որ յառաջացուց թիւրիմացութիւններ եւ դիմադրութիւն՝ յանգեցնելով օրէնքի ժամկէտի երկարաձգման։

1930-ականներուն որդեգրուած շատ մը ազգանուններ ունէին ազգայնական կամ շամանական բնոյթ՝ ներշնչուած կենդանիներէ, հանքանիւթերէ կամ երկնային մարմիններէ։ Շիւքրիւ Քայայի կողմէ պատրաստուած ցանկը կը պարունակէր 5,500 հնարաւոր թրքական ազգանուններ։ Այդ տարիներուն հրատարակուեցան բազմաթիւ ուղեցոյցներ, որոնք կ'առաջարկէին «զուտ թրքական» անուններ, թէեւ հետագային պարզուեցաւ, որ այդ անուններէն շատերը իրականութեան մէջ մոնկոլական կամ չինական ծագում ունէին։

Ազդեցութիւնը Փոքրամասնութիւններուն Վրայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազգանուններու Օրէնքին հետեւանքով, Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին ապրող ոչ-թրքական փոքրամասնութիւնները, ներառեալ՝ յոյները, հայերը, հրեաները, ասորիները եւ քիւրտերը, ստիպուեցան որդեգրել թրքական հնչողութեամբ ազգանուններ։

Լոզանի դաշնագրով ճանչցուած փոքրամասնութիւնները (հրեաներ, հայեր եւ յոյներ) օրինապէս պարտաւոր չէին փոխել իրենց անունները, պայմանաւ որ անոնք գրուէին թրքական այբուբենով։ Առնուազն հայերուն եւ յոյն ուղղափառներուն թոյլատրուած էր պահպանել իրենց հայրանունները, սակայն շատերը նախընտրեցին փոխել զանոնք՝ խուսափելու համար ոչ-իսլամ փոքրամասնութեան պատկանելու դրոշմէն (stigma)։

Փոքրամասնութիւններու անուններու փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենար հետեւեալ ձեւերով.

  • Էթնիկ վերջաւորութեան կրճատում (օրինակ՝ «-եան»-ի ջնջում)։
  • Հին ազգանունէն վանկի մը պահպանում եւ զայն թրքական հնչողութեան յարմարեցում։
  • Անվնաս կամ չեզոք անուան մը որդեգրում։
  • Հին անուան թարգմանութիւնը թրքերէնի։

Ասորիներու պարագային, իրենց բնիկ անուններուն փոխարէն դրուեցան թրքերէն իմաստ չունեցող անուններ, ինչ որ կը նկատուի ասորական ժառանգութեան եւ ինքնութեան ջնջում։ Հայկական անուններու փոփոխութիւնը յաճախ կ'արտացոլէր փոքրամասնութեան գոյատեւման պայքարը, ինչպէս նաեւ Անատոլուէն հայկական հետքերու վերացման ընդհանուր պատկերը։ Ոմանք տարբեր միջավայրերու մէջ տարբեր անուններ կը գործածէին՝ վտանգաւոր կացութիւններէ խուսափելու համար։ Յունական ընտանիքները յաճախ կը դիմադրէին պարտադրուած փոփոխութիւններուն, մինչդեռ հրեաներու մօտ անուանափոխութեան համեմատութիւնը ամենաբարձրերէն մէկն էր։

Քննադատութիւններ[5]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազգանուններու Օրէնքը ի վերջոյ քննադատուեցաւ իր գործադրութեան ընթացքին տեղի ունեցած սխալներուն եւ այլ հարցերու պատճառով։ Ռըզա Նուրի նման գրողներ մատնանշեցին օրէնքի թերութիւնները, ինչպէս՝ «soyadı» (ազգանուն) բառի ընտրութիւնը, ազգանունը անունէն ետք դնելու դրութիւնը եւ որոշ անուններու նմանութիւնը գերմանական անուններուն։ 1940-ականներուն հնչած քննադատութիւններուն մէջ կը նշուէր, որ օրէնքը շեղած էր իր նախնական նպատակներէն՝ գործադրութեան թերացումներու եւ անհատական նախասիրութիւններու պատճառով։

Զիյաէտտին Ֆահրի Ֆընտըքօղլուն յուսահատութիւն յայտնեց, որ օրէնքը ստեղծած էր ազգանուններու այնպիսի պաշար մը, որ կապ չունէր ժողովրդական գործածութեան հետ։ Նոր ազգանունները նաեւ քննադատուեցան «ալաֆրանկա» (ֆրանսական/եւրոպական ազդեցութեամբ) ըլլալու համար։ Նիհատ Սամի Պանարլըն դժգոհութիւն յայտնեց այն ազգանուններուն համար, որոնք կը նկատէր օտարի նմանողութիւն (իմիթասիոն)։

Օրէնքի ընդունումէն ի վեր, գիտնականները նկատած են, որ թրքական ազգանուններու պարտադրման ընթացքը եղած է անհաւասար եւ ի վերջոյ դարձած է ընտանիքներու ու համայնքներու ներսը գոյութիւն ունեցող աստիճանակարգային սահմաններու արտացոլումը։ Ժամանակակից Թուրքիոյ պատմութեան քննարկումներուն մէջ, Ազգանուններու Օրէնքը աւելի քիչ ուշադրութեան կ'արժանանայ, քան քեմալական այլ բարեփոխումներ. օրէնքը սկսաւ աւելի խիստ քննադատութեան ենթարկուիլ միայն 1990-ականներէն ետք։

Ազգանուններու Օրէնքը յաճախ կը դիտուի որպէս Հանրապետութեան վաղ տարիներու թրքացման գործընթաց, երբ պետական վերնախաւը տարբերութիւնները կը նկատէր սպառնալիք ազգային իտէալներուն եւ կը ձգտէր միատարրութեան։ Այս օրէնքը տարբեր էթնիկ եւ կրօնական ենթահող ունեցող մարդիկը համախմբեց նոյն ազգային իտէալներու շուրջ՝ խզում յառաջացնելով օսմանեան անցեալի բազմազանութենէն։ Քիւրտերուն համար Ազգանուններու Օրէնքը եղաւ թրքացման ամենազօրաւոր միջոցներէն մէկը, քանի որ անիկա կտրեց ցեղային կապերը։

Նախկին ազգանուններուն վերադառնալու դիմումներ[7]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1930-ականներէն ի վեր, բազմաթիւ ընտանիքներ դիմած են դատարան՝ վերագտնելու համար իրենց հին ազգանունները կամ փոխելու զանոնք աւելի յարմար տարբերակներով։ 2014-ին, Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը (AKP) ներկայացուց օրինագիծ մը, որ թոյլ կու տայ քաղաքացիներուն ուղղակիօրէն դիմել բնակչութեան գրանցման գրասենեակներուն՝ առանց դատ բանալու։

Թրքացուած ազգանունները փոխելու դիմումներ եղած են նաեւ Թուրքիայէն դուրս ապրող քաղաքացիներու եւ ծպտեալ հայերու (Crypto-Armenians) կողմէ։ Այս դիմումները սովորաբար յաջողութեամբ չեն պսակուիր Թուրքիոյ մէջ (թէեւ եւրոպական երկիրներու մէջ, ինչպէս Պելճիքան, յաջող փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են)։ Վճռաբեկ Դատարանը յաճախ որդեգրած է պահպանողական քաղաքականութիւն՝ պահանջելով, որ ազգանունները ըլլան թրքական ծագումով եւ գրուին թրքերէնի քերականական կանոններով։

2011-ին, ասորի քաղաքացի մը՝ Ֆավլուս Այը, դիմեց դատարան՝ իր ազգանունը «Պարթումա» վերափոխելու համար, սակայն Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը մերժեց զայն՝ պատճառաբանելով, որ անիկա կը խաթարէ «ազգային միասնութիւնը»։ Նմանատիպ դիմումներ մերժուած են նաեւ այլ համայնքներու կողմէ։ Որոշ դատաւորներ քննադատած են այս որոշումները՝ նշելով, որ օրէնքը կը հակասէ սահմանադրութեան 10-րդ յօդուածին (հաւասարութեան սկզբունք) եւ անտեղի յղումներ կը կատարէ «ռասա» հասկացողութեան։

Աթաթուրքի անձնագիրը՝ Մականունի մասին օրէնքին ընդունուելէն ետք

Մատենագիտութիւն[8]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Աքտեմիր, Մերի (31 Յունուար 2023). «Մեծ գաղտնիքներ, փոքր գիւղեր. Ասորիներու ցեղասպանութեան հաւաքական յիշողութիւնը»։ Օսմանեան Կայսրութեան քրիստոնեայ բնակչութեանց ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքները (1908-1923)։ Լոնտոն: Routledge.
  • Ասլան, Սենեմ (2009). «Անհետեւողական պետութիւն. Թուրքիոյ մէջ քրտական անուանակոչութեան շուրջ հակասութիւնները»։ European Journal of Turkish Studies.
  • Պայար, Եշիմ (29 Մարտ 2021). «Արտաքսման ազգայնական միջավայրին մէջ նաւարկելով. Թուրքիոյ հայ քաղաքացիները եւ անուանակոչութեան քաղաքականութիւնը»։ The British Journal of Sociology.
  • Պայըր, Տերեա (21 Ապրիլ 2016). Փոքրամասնութիւնները եւ ազգայնականութիւնը թրքական օրէնքին մէջ։ Լոնտոն: Taylor & Francis.
  • Տողանէր, Եասեմին (2009). «Ինքնութեան կերտում Թրքական Հանրապետութեան մէջ. Ազգանուններու Օրէնքը»։ Wiener Zeitschrift für die Kunde des Morgenlandes. Անգարա.
  • Քայա, Այհան (8 Ապրիլ 2013). Եւրոպականացում եւ հանդուրժողականութիւն Թուրքիոյ մէջ. Հանդուրժողականութեան առասպելը։ Սթամպուլի Պիլկի Համալսարան: Palgrave Macmillan.
  • Օմցիկտ, Փիթեր (2012). Ասորիներու դանդաղ անհետացումը Թուրքիայէն։ LIT Verlag.
  • Էօլմեզ, Մեհմետ (2000). «Մեր անուններն ու ազգանունները Լեզուական Յեղափոխութենէն ետք»։ Journal of Turkish Studies. Հարվըրտի Համալսարան.
  • Էօզկիւլ, Ճերեն (16 Յուլիս 2014). «Օրինապէս հայ. Հանդուրժողականութիւն, կրօնափոխութիւն եւ անուանափոխութիւն թրքական դատարաններուն մէջ»։ Comparative Studies in Society and History. Միշիկընի Համալսարան.
  • Էօզկիւր, Էրկիւն (2022). «Մասնակցութեան մարտահրաւէրները Պելճիքայի, Գերմանիոյ եւ Նետերլանտներու մէջ. Քրիստոնեայ-ասորի եւ մուսուլման-թուրք ներգաղթեալներ»։ Revista Internacional de Estudios Migratorios.
  • Փեթերսըն, Ֆելիքս (18 Ապրիլ 2018). «Դատական վերանայում եւ հասարակական կերտում. Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանի պարագան»։ Research and Policy on Turkey. Երուսաղէմի Եբրայական Համալսարան.
  • Սայօղլու, Մելիքէ (31 Յունուար 2018). «Բազմազանութիւն եւ ներառում Թուրքիոյ մէջ. Քաղաքացիութիւն եւ պատկանելիութիւն»։ Palgrave Macmillan.
  • Սփենսըր, Ռոպըրթ (1961). «Ժամանակակից թրքական անուններու հասարակական ենթահողը»։ Southwestern Journal of Anthropology. Մինեսոթայի Համալսարան.
  • Սիւրեք, Էմանուէլ (Ապրիլ 2013). «Թուրքին՝ թուրք կոչել. Տոհմական ազգայնականութիւնը 1930-ականներու Թուրքիոյ մէջ»։ Revue d'histoire moderne et contemporaine.
  • Թոքթաշ, Շուլէ (4 Դեկտեմբեր 2005). «Քաղաքացիութիւն եւ փոքրամասնութիւններ. Թուրքիոյ հրեայ փոքրամասնութեան պատմական տեսութիւն»։ Sociology Lens.
  • Թիւրքէօզ, Մելթեմ (2008/2017). Անուանակոչում եւ ազգաշինութիւն Թուրքիոյ մէջ. 1934-ի Ազգանուններու Օրէնքը։ Işık Համալսարան: Palgrave Macmillan.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]