Jump to content

Սմբատ Բորոյեան (Զօրավար Սմբատ)

(Վերայղուած է Մախլուտօ-էն)
Սմբատ Բորոյեան
Ծնած է 27 Օգոստոս 1875(1875-08-27)
Ծննդավայր Մուշ
Մահացած է 1956
Մահուան վայր Երեւան, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն,  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն և  Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն ֆետայի և զինուորական

Սմբատ Բորոյեան կամ Մախլուտօ (27 Օգոստոս 1875(1875-08-27), Մուշ - 1956, Երեւան, Խորհրդային Միութիւն), Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան զօրավար, նշանաւոր հայդուկ, Անդրանիկի անձնական քարտուղարը եւ զինակիցը։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Մուշ։ Աւարտած է տեղւոյն վանական դպրոցը։ 1900 մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը եւ գործակցած՝ Անդրանիկի ու Հրայր Դժոխքի հետ։ Ահաբեկած է Սերոբ Աղբիւրի մատնողներէն մէկը։

1901-ին մասնակցած է Առաքելոց վանքի կռիւին՝ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ, իսկ 1904-ին՝ Սասունի ինքնապաշտպանութեան[1]։ Ինքնապաշտպանութեան պարտութենէն ետք, Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի եւ միւս ֆետայիներուն հետ, շարունակած է կռուիլ թրքական զօրքերուն դէմ Մշոյ դաշտին մէջ, իսկ այնուհետեւ՝ Աղթամարի մէջ, դարձեալ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ (Յուլիս 1904)։

Սմբատ, որ նաեւ ծանօթ էր Մախլուտօ անունով, անցած է Կովկաս, ուր 1905-1906ի հայ-թաթարական կռիւներուն ղեկավարած է Ղամարլուի (Արտաշատ) շրջանի ինքնապաշտպանութիւնը։ Ապա, կուսակցութեան որոշումով, Իրան անցած է եւ իր խումբով գործօն մասնակցութիւն բերած՝ 1905-1912ի իրանական յեղափոխութեան։

Յեղափոխութեան պարտութենէն ետք, Սմբատ անցած է Մուշ, ուր ապրած եւ ամուսնացած է։

Սակայն, Ա. Աշխարհամարտի պայթումէն ետք, վերստին զէնք վերցուցած է։ Մեկնած է Կովկաս, մտած է կամաւորական առաջին գունդը՝ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ, դառնալով վերջինիս օգնականն ու վաշտապետը։ Անդրանիկի հետ մասնակցած է Դիլմանի ճակատամարտին (Ապրիլ 1915), Պիթլիսի ազատագրումին (Փետրուար 1916) եւ բազմաթիւ այլ մարտերու։

Մայիս 1917-ին տեղի ունեցած արեւմտահայոց առաջին համագումարին, Սմբատ Արեւմտահայ Ազգային Խորհուրդի անդամ ընտրուած է, իսկ ամրան՝ Ալաշկերտ գործող հայկական ջոկատի հրամանատար։ Անդրանիկի ջոկատին հետ կռուած է Էրզրումի մէջ (Փետրուար-Մարտ 1918), այնուհետեւ մասնակցելով Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին (Մայիս 1918)։ Անդրանիկի հետ Դիլիջանի ճամբով անցած է Ելենովկա (Սեւան)-Նոր Բայազէտ (Գաւառ)-Նախիջեւան-Ջուղա-Խոյ, մասնակցելով յաջորդաբար Ջուղայի կամուրջի եւ Յունիս 1918-ի Խոյի պաշարումին ու գրաւումին, իսկ Յուլիս 1918-ին՝ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան։

1918-ի աշնան, բաժնուելով Անդրանիկէն, Սմբատ վերադարձած է Երեւան ու ընտրուած՝ Արեւմտահայ Գործադիր Մարմնի անդամ։ 1919-ի ամրան, սասունցիներու զօրամասով անցած է Սեւանայ լիճի արեւելեան ափերը՝ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները ատրպէյճանցիներէն պաշտպանելու համար։

1920-ի աշնան, իր գլխաւորած զօրամասը մասնակցած է թուրք-հայկական պատերազմին Կարսի ճակատին վրայ։ Ալեքսանդրապոլի անկումէն ետք, Նոյեմբեր 1920-ին, Սմբատ նահանջած է Արագածի բարձունքը, ուր ծանր վիրաւորուած է կռիւի ընթացքին եւ տեղափոխուած՝ Երեւանի հիւանդանոց։

Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն, զօրավար Սմբատ Թալինէն ու Աշտարակէն դէպի Երեւան շարժող ուժերուն հրամանատարը եղած է։ Նահանջող ուժերուն հետ անցած է Թաւրիզ (Պարսկաստան), ուր երկրորդ անգամ ամուսնացած է։ Իրանէն մեկնած է Եգիպտոս ու ապա՝ Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Ֆրեզնօ։

1933-ին, զօրավար Սմբատ տեղափոխուած է Մարսէյլ եւ երեք տարի ետք հրատարակած է իր յուշերը։

Գրեթէ 70ամեայ հին հայդուկը Բ. Աշխարհամարտին մասնակցած է ֆրանսական դիմադրական շարժման մէջ։

1947-ին ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան, ուր Կոմիտասի անուան զբօսայգիին պահակի համեստ պաշտօնին նշանակուած է։

Իր մահկանացուն կնքած է 1956ին եւ, ըստ իր ցանկութեան, թաղուած Ս. Գայիանէ վանքի բակը՝ Րաֆֆիի «Խենթ»ի (Սամսոն Տէր Պօղոսեան) կողքին։

Սմբատ-Մախլուտոյի փոթորկալից կեանքին նուիրուած է Խաչիկ Դաշտենցի յետմահու լոյս տեսած վէպը՝ «Ռանչպարների Կանչը» (1979)։ Երեւանի փողոցներէն մէկը կը կրէ Սմբատ Բորոյեանի անունը[2][3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Սմբատ Բորոյան»։ www.arfd.am (արեւելահայերէն)։ արտագրուած է՝ 2025-09-10
  2. «ԶՕՐԱՎԱՐ ՍՄԲԱՏ (մահ՝ 20 Մարտ, 1956)»։ Armenian Prelacy։ արտագրուած է՝ 2025-09-10
  3. «Սմբատ Բորոյան (Մախլուտո). կյանք՝ նվիրված ազատությանը»։ Alphanews (արեւելահայերէն)։ արտագրուած է՝ 2025-09-10