Jump to content

Մաժակ Թոշիկեան

Մաժակ Թոշիկեան
Ծնած է 1947
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Տեսակ Համաշխարհային երաժշտութիւն
Մասնագիտութիւն երգահան և Արտադրող

Մաժակ Թոշիկեան (1947, Պոլիս, Թուրքիա), հայ երգահան եւ երաժշտական արտադրող[1]: Յիսնամեայ փորձառութեամբ եւ մանրակրկիտ աշխատանքով երգահան Մաժակ Թոշիկեան՝ հեղինակ է երեք տասնեակ հայկական երգերու: Թուրքիոյ մէջ յայտնի է ՝ Չենք Թաշքան (թուրք.՝ Cenk Taşkan) անունով[2]:

Մաժակ Թոշիկեան ծնած է 1947 Սթամպուլի նահանգի Քինալիադա կղզին, հայկական ընտանիքի մէջ։ Փոքր տարիքէն սկսած է զբաղիլ երաժշտութեամբ, երգել հայկական եկեղեցական երգչախումբին հետ։

1965թ. Սկսած է իր մասնագիտական գործունէութիւնը, միանալով Եաւուզ Օզիշիքի նուագախումբին որպէս կիթառահար։

1966թ. Ծանօթացած է «Էռոլ Պիուպիուքպուրչան»ի հետ, որուն հետ աշխատած է մինչեւ բանակ զօրակոչուիլը։ Երգեր սկսած է ստեղծագործել ծառայութեան տարիներուն, որմէ ետք սկսած է համագործակցիլ բանաստեղծ Մեհմեթ Թեոմանի եւ երգիչ Դուրուի հետ, որոնց հետ յայտնի երգերու հեղինակ դարձած է։

Քաղաքականացուած հակահայկական գրաքննութիւնէն խուսափելու համար կ՛ըսկսի գործել «Չենք Թաշքան» կեղծանունով։

1980-ականներուն Մաժակը կը մեկնի Գանատա, եւ աշխոյժօրէն կը մասնակցի հայկական համայնքի կեանքէն ներս։ Գանատայի մէջ կ՛ըսկսի գրել հայերէն երգեր, որոնցմէ առաջինը եղած է 1984 թ «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» երգը՝ Հովհաննէս Շիրազի Մեծ եղեռնին նուիրուած բանաստեղծութեան հիմքին վրայ։

Գանատայ բնակութիւն հաստատելէն 16 տարի ետք, 1997թ., երաժիշտը կը վերադառնայ Թուրքիա, ուր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։

Ստեղծագործութիններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մաժակ Թոշիկեանը հեղինակ է մօտաւորապէս 300 թրքական երգերու, որոնք կը կատարեն յայտնի թուրք երգիչներ՝ Սեզեն Աքսու, Նուքհեթ Դուրու, Թանիու Օքան, Աժդա Փեքան եւ այլք։ Իր «Bir Nefes Gibi» ալպոմը քննադատներու կողմէն կը համարուի ամենալաւագոյներէն մէկը Թուրքիոյ «փոփ» երաժշտութեան պատմութեան մէջ։

երգահան Մաժակ Թոշիկեան, երաժշտութիւն գրած է երեք տասնեակ հայկական երգերու: Հիմնականը՝ Յովհաննէս Շիրազի եւ Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններու համար։ Որոնցմէ առաջինը՝ 2010թ գրուած է Յովհաննէս Շիրազի «Նամակ» բանաստեղծութեան հիման վրայ, եւ այն հնչեցուցած է ճանչցուած երգչուհի Սիպիլը: Երգի համար նկարահանուած տեսահոլովակը առաջին հայալեզու տեսահոլովակն էր, որ ցուցադրուեցաւ թուրքական TRT պետական հեռուստատեսութեան եթերին։

Հայրենիքէն հեռու բնակող մեր տաղանդաւոր հայրենակիցը իր իսկ խոստովանութեամբ ` մինչեւ Հայրենիք այցելելն իր կարօտը Հայաստանէն այդ երգերով առած է…

Նաեւ գրած է «Խալդի» երգը՝ ուրարտերէն լեզուով։

երգահան Մաժակ Թոշիկեան վերջերս գրած է Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պարը» ստեղծագործութեան համար գրուած է երաժշտութիւն մը: Գէորգ Էմինի «Պարեց Սասուն» բանաստեղծութեան նոր երաժշտական յօրինումին վրայ, որ Հայաստանի մէջ ներկայացնելէ ետք մտադիր է բեմադրել նաեւ Թուրքիոյ մէջ. Ստեղծագործութիւնը գրուած է Epic-Cinematic Sound ժանրին մէջ, որ ինչպէս Մաժակ Թոշիկեան նշած է՝ «ընդունելի է ո՛չ միայն հայերուն կողմէ, այլեւ շատ գործածելի է աշխարհի մէջ»:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, քաջատեղեակ ըլլալով ծրագիրին, առաջարկած է 2018 թուականի Սեպտեմբերին ստեղծագործութիւնը հնչեցնել Հայաստանի մէջ` նկատի առնելով, որ Սեպտեմբեր 21-ին կը նշուի Հայաստանի Անկախութեան տօնը:

«Կ’ուզեմ հայ երգն ու պարը ակադեմական մակարդակով հնչեցնել նաեւ Թուրքիոյ մէջ»:
- երգահան Մաժակ Թոշիկեան


Հայրենիքին եւ Սփիւռքին մատուցած ծառայութիւններուն եւ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրումներուն համար պոլսահայ տաղանդաւոր երգահան Մաժակ Թոշիկեան պարգեւատրուած է Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]