Ճօճանակ
Արտաքին տեսք

Ճօճանակ (օրօրոց), հաճոյքի կամ զուարճանքի համար ճօճուելու սարք[1]։
Ըստ էութեան, գոյութիւն ունին չորս տիպի ճօճանակներ (պտոյտի առանցքով նստարանի տեսքով՝ սիւներէն կամ գերանէն կախուած։ Կը տեղադրուին մանկական խաղի հրապարակներուն մէջ, հանգստեան գօտիներու եւ այլուր։
Դիցաբանական կամ աւանդական նշանակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ճօճանակները օգտագործած են հարաւային, արեւելեան եւ հազուադէպօրէն՝ արեւմտեան սլավոնական ազգերը։ Անոնց օգտագործումը հին սլավոնացիները վերագրած են մոգական գործառոյթներու (Apotropaic magical)։
- Հարաւային սլավոնացիները պատրաստած են ճօճանակներ Մասլենիցայի (Maslenitsa is an Eastern Slavic religious and folk holiday արեւելեան սլավոններու աւանդական տօն,) կամ Սուրբ Գէորգի տօնական օրուան համար, եւ այդ յատուկ ճօճանակներու գործածութեան զուարճանքը արգիլուած չէր Մեծ պահքի օրերուն, սակայն չէր արտօնուեր Աւագ Շաբթուան ընթացքին՝ վերսկսելով Ս. Զատկուան տօնէն ետք։
- Պուլկարիոյ մէջ Մասլենիցայի տօնին տարեց կանայք հաւկիթ կը դնէին իրենց կուրծքին տակ եւ կը ճօճուէին այն մտադրութեամբ, կանեփը մեծ ըլլար։
- Սերպիոյ մէջ տարեց տղամարդիկ կը ճօճուէին, որ կանեփի, հացահատիկի, հաճարի եւ գարիի ցանքի տարածութիւնները մեծնային։
- Մակեդոնիոյ մէջ ծերունիները կը ճօճուէին Ս. Գէորգի տօնին, որպէսզի բամպակը շուտ հասնէր։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Այգիի ճոճանակ
-
Ժան Օնօրէ Ֆրակոնար «Ճոճանակ» (1767-1768) նկարը
-
Ֆրետերիք Մորկան «Դպրոցէն յետոյ» (1893)
-
Փայտէ ճօճանակներ, Քիժիի Փոկոսթ
-
ԽՍՀՄ-ի օրերուն, մշակոյթի եւ հանգիստի այգիին մէջ ճօճանակ «Նաւակ»