Ճորճ Թոտորովիչ

Ճորճ Թոտորովիչ
GEORGE TODOROVIC
Քաղաքացիութիւն Սերպ
Գործունէութիւն Հայաստանի եւ Արցախի հետ Սերպիոյ յարաբերութիւններու զարգացման
Աշխատավայր Սերպիոյ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժին
Վարած պաշտօններ Սերպիոյ Մէջ Երեսփոխան
Ծնողներ Կամիլա Մուրադեան

Ճորճ Թոտորովիչ Սերպիոյ Մէջ հայկական ծագումով Առաջին Երեսփոխանը:[1]

Ճորճ Թոտորովիչին հայրը սերպ է, մայրը՝ հայուհի, Կամիլա Մուրատեան, որ 1990ին ամուսնանալով՝ Երեւանէն Պելկրատ փոխադրուած է: Ան իր երեք զաւակներուն ալ տուած է հայեցի դաստիարակութիւն: Ճորճ Թոտորովիչը կը տիրապետէ հայերէնին:

Ան արդէն կ՛աշխատի Սերպիոյ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինին մէջ եւ ամէն կերպով կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Արցախի հետ Սերպիոյ յարաբերութիւններու զարգացման:[2] Ան երբեք չէ թաքցուցած իր հայկական ծագումը եւ խորհրդարանին մէջ յաճախ շեշտած է, որ ինք հայ է:

«Սերպիոյ յառաջդիմական կուսակացութեան» Երեսփոխան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եւրոպայի տարածքին խորհրդարանական առաջին ընտրութիւններ տեղի ունեցան Սերպիոյ մէջ: Կիրակի, 21 Յունիսի այդ ընտրութիւններուն իշխանող «Սերպիոյ յառաջդիմական կուսակացութեան» (SNS) ընտրացանկէն երեսփոխան ընտրուեցաւ հայկական ծագումով 29ամեայ Ճորճ Թոտորովիչ:

Յառաջդիմականները տիրացան Սերպիոյ խորհրդարանի ընդհանուր 250 աթոռներէն 189ին:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]