Jump to content

Ճոն Ուէյն

Ճոն Ուէյն
անգլերէն՝ John Wayne
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Marion Robert Morrison
Նաեւ յայտնի է իբրեւ John Wayne
Ծնած է 26 Մայիս 1907(1907-05-26)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Ուինթերսեթ, Այովա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 11 Յունիս 1979(1979-06-11)[1][4][2][…] (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Westwood, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մայրենի լեզու անգլերէն
Ուսումնավայր Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարան և Glendale High School (California)?
Տեսակ վեստեռն?, ռազմական ֆիլմ?, համր կինո?, արկածային ֆիլմ?, մարտաֆիլմ?, էպիկական ֆիլմ?, դրամա? և թրիլեր?
Մասնագիտութիւն Շարժապատկերի դերասանուհի, դերասան, ժապաւէնի բեմադրիչ, ժապաւէն արտադրող, հեղինակ, Ամերիկացի ոտնագնդակի մարզիկ, հեռատեսիլի դերասան, բեմադրիչ, պրոդյուսեր, գրագէտ և կինոսցենարիստ
Կուսակցութիւն Ամերիկայի Հանրապետական Կուսակցութիւն
Ամուսին Esperanza Baur?[5], Pilar Pallete? և Josephine Wayne?
Ծնողներ հայր՝ Clyde L. Morrison?[5], մայր՝ Mary Brown?[5]
Երեխաներ Պատրիկ Ուեյն?, Մայքլ Ուեյն?, Էթան Ուեյն? և Marisa Wayne?
Կայքէջ www.johnwayne.com(անգլերէն)
Ստորագրութիւն

Մէրիըն Ռոպըրթ Մորիսըն (անգլերէն՝ John Wayne, 26 Մայիս 1907(1907-05-26)[1][2][3][…], Ուինթերսեթ, Այովա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 11 Յունիս 1979(1979-06-11)[1][4][2][…], Westwood, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի դերասան:Մասնագիտական ասպարէզին մէջ ճանչցուած իբրեւ Ճան Ուէյն։ «Տիւք» մականուանուած, ան դարձաւ ժողովրդական խորհրդանիշ մը՝ Հոլիվուտի Ոսկեդարուն արտադրուած ֆիլմերու իր գլխաւոր դերերով, յատկապէս ուեսթըրն (արեւմտեան) եւ պատերազմական ֆիլմերու մէջ։ Իր ասպարէզը ծաղկեցաւ 1920-ականներու համր ֆիլմերու դարաշրջանէն մինչեւ 1970-ականներու Ամերիկեան Նոր Ալիքը, երբ ան հանդէս եկաւ ընդհանուր 179 ֆիլմերու եւ հեռուստատեսային արտադրութիւններու մէջ։ Ան երեք տասնամեակ շարունակ տոմսարկղային ամենաշատ հասոյթ ապահովող դերասաններէն մէկն էր եւ հանդէս եկաւ իր դարաշրջանի Հոլիվուտի բազմաթիւ այլ կարեւոր աստղերու հետ։ 1999-ին, Ամերիկեան Ֆիլմի Ինստիտուտը Ուէյնը ընտրեց իբրեւ դասական ամերիկեան շարժապատկերի մեծագոյն տղամարդ աստղերէն մէկը[6]։

Կենսագրական գիծեր[7]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուէյն ծնած է Ուինթըրսէթ, Այովա, բայց մեծցած է Հարաւային Քալիֆորնիա։ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի ֆութպոլի իր կրթաթոշակը կորսնցնելէ ետք՝ ալիքասահքի (bodysurfing) արկածի մը պատճառով, ան սկսաւ աշխատիլ «Fox Film Corporation»-ի համար։ Ան հանդէս եկաւ գլխաւորաբար փոքր դերերով, բայց ստացաւ գլխաւոր դեր Ռէօւլ Ուոլշի «The Big Trail» (1930) ուեսթըրնին մէջ, որ լայն պաստառով վաղ շարժապատկերային էպոս մըն էր, սակայն տոմսարկղային ձախողութիւն արձանագրեց։ 1930-ականներուն ան գլխաւոր դերեր ստանձնեց բազմաթիւ «B կարգի» ֆիլմերու մէջ, որոնցմէ շատերը ուեսթըրններ էին, առանց մեծ անուն դառնալու։ Ճան Ֆորտի «Stagecoach» (1939) ֆիլմը Ուէյնը դարձուց գլխաւոր աստղ, եւ ան ընդհանուր առմամբ նկարահանուեցաւ 142 շարժապատկերներու մէջ։ Ըստ կենսագիր Ռոնալտ Տէյվիսի՝ «Ճան Ուէյն միլիոնաւոր մարդոց համար մարմնաւորեց ազգին սահմանամերձ ժառանգութիւնը»[8]։

Ուէյնի միւս դերերը ուեսթըրններու մէջ ներառած են՝ «Red River» (1948) ֆիլմին մէջ Չիզհոլմ Արհէտով իր նախիրը քշող արջառապան մը. «The Searchers» (1956) ֆիլմին մէջ Քաղաքացիական Պատերազմի վեթերան մը, որուն զարմուհին առեւանգուած է քոմանչիներու կողմէ. «The Man Who Shot Liberty Valance» (1962) ֆիլմին մէջ մտահոգ ագարակատէր մը, որ կը մրցի իրաւաբանի մը (Ճէյմս Սթիւըրթ) հետ՝ կնոջ մը ձեռքը ստանալու համար. եւ «True Grit» (1969) ֆիլմին մէջ դժնեայ միակնանի ոստիկանապետ (marshal) մը, որուն համար ան ստացաւ «Օսքար» մրցանակ՝ Լաւագոյն Դերասանի անուանակարգին մէջ։ Ուէյն նաեւ հռչակաւոր է իր դերերով «The Quiet Man» (1952) ֆիլմին մէջ՝ Մորին Օ'Հարայի հետ, «Rio Bravo» (1959) ֆիլմին մէջ՝ Տին Մարթինի հետ, եւ «The Longest Day» (1962) ֆիլմին մէջ։ Իր վերջին դերակատարութեան մէջ ան հանդէս եկաւ իբրեւ քաղցկեղէ տառապող տարեց զէնքի վարպետ (gunfighter) մը՝ «The Shootist» (1976) ֆիլմին մէջ։

Ուէյն իր վերջին հանրային ելոյթը ունեցաւ «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին՝ 9 Ապրիլ 1979-ին, եւ մահացաւ ստամոքսի քաղցկեղէ երկու ամիս ետք։ 1980-ին ան յետմահու պարգեւատրուեցաւ Ազատութեան Նախագահական Մետալով, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն քաղաքացիական պատիւն է[9][10]։

Դերասանական Արժեւորում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1974-ին, ֆիլմի քննադատ Չարլզ Չամփլին Ուէյնի մասին գրեց. «Ուէյնը շարժապատկերի դերասան է՝ առաջին, վերջին եւ միշտ, որ այլոց նման զօրեղ կերպով սահմանեց, թէ ինչ կը նշանակէ ատիկա։ Վաղ շրջանի նիհար եւ լարուած օրերէն ի վեր, այն էժանագին ուեսթըրններուն մէջ, որոնք տակաւին կը ցուցադրուին առաւօտեան հեռուստատեսութեամբ, Ուէյն ունեցած է ներկայութիւն մը, որ աննուազ անցած է ոսպնեակներէն ու փականներէն ներս եւ դրոշմուած՝ ֆիլմին վրայ»։ Ճան Ֆորտ ըսաւ իր մասին. «Ան գիրքէ ելած բան մը չէ, որ կառավարուի դերասանական կանոններով։ Ան կը մարմնաւորէ Ճան Ուէյնը՝ տոկուն ամերիկացի տղայ մը։ Ան այն մէթոտի (Method acting) դերասաններէն չէ, որոնց նմանները այստեղ կը ղրկեն Նիւ Եորքի դրամատիկական դպրոցներէն։ Ան իրական է, կատարելապէս բնական»։ Լի Սթրասպըրկ նկատեց, որ Ուէյն նման էր իր դերասանակիցներ Սփենսըր Թրէյսիին եւ Կէրի Քուփըրին, որոնք «կը փորձեն չդերասանել, այլ ըլլալ իրենք զիրենք»։

Շարժապատկերի պատմաբան Էնտրու Սարիս 1979-ին գրեց.

«Ուէյնի ամէնատեւական կերպարը տեղահանուած մենակեացինն է, որ անհանգիստ է այն քաղաքակրթութենէն, որուն հաստատման եւ պահպանման ինք կը նպաստէ... Իր առաջին երեւումին, սովորաբար կը զգանք անձնական խորհրդապահ անձ մը՝ անցեալէն եկող վէրքով, կորուստով կամ դժգոհութեամբ։ Իր լաւագոյն պահերուն ան շատ աւելի մօտ է կեանքի ողբերգական տեսլականին... արտացոլելով այնպիսի խորհրդաւորութիւն մը, որ կապուած է մեծ դերասանութեան հետ»։

Ուէյն ինքզինք կը նկատէր արձագանգող մը, քան դերասան, եւ կը զգար, որ լաւ եւ վատ դերասանութեան միջեւ տարբերութիւնը դերասանելու եւ արձագանգելու մէջ էր։ Ան բացատրեց այս տարբերութիւնը. «Վատ ֆիլմի մը մէջ կը տեսնէք, որ անոնք ամէնուրեք կը դերասանեն։ Լաւ ֆիլմի մը մէջ անոնք տրամաբանական ձեւով կ'արձագանգեն իրենց գտնուած կացութեան, որպէսզի հանդիսատեսը կարենայ նոյնանալ դերասաններուն հետ»։ Երբ հարցուեցաւ դերասանութեան իր մօտեցումին մասին, Ուէյն մեկնաբանեց. «Ես դրամատիկ տողերը կը կարդամ ոչ-դրամատիկ ձեւով եւ կացութիւններուն կ'արձագանգեմ բնականոն կերպով։ Ասիկա այնքան պարզ չէ, որքան կը հնչէ։ Կեանքիս մեծ մասը անցուցած եմ ատիկա լաւ ընելու փորձով եւ տակաւին չեմ անցած զայն սորվելու փուլէն»։ Իր սերունդի բազմաթիւ դերասաններու նման, Ուէյն չէր սիրեր մէթոտի դերասանութիւնը, եւ անգամ մը ըսաւ անոնց մասին. «Թող այդ դերասանները, որոնք իրենց քիթը կը փորէին, ստանան ամբողջ երկխօսութիւնը, ինծի միայն տուէք արձագանգի խոշոր ցուցադրութիւնը (close-up)»[11]։

Հովարտ Հոքս, որ զինք ղեկավարած է հինգ ֆիլմերու մէջ, զգաց, որ իր թոքերէն մէկը կորսնցնելէ ետք Ուէյն շատ աւելի լաւ դերասան դարձաւ։ Հոքս բացատրեց. «Ուէյնի կորսնցուցած թոքին պատճառով ան իր տողերը տարբեր ձեւով կը կարդայ։ Ան կանգ կ'առնէ ամենաարտասովոր տեղերը, պարզապէս որովհետեւ չունի առաջուան շունչը։ Այս հնարքը ահաւոր ազդեցիկ է, որովհետեւ աչքերդ վրան կը պահես եւ կը սպասես, որ ան աւարտէ, որովհետեւ չես գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի հասնի յաջորդիւ»։ Ռէօւլ Ուոլշ նկատեց. «Ուէյն զսպուած կը խաղայ (underacts), եւ ատիկա չափազանց ազդեցիկ է, ոչ թէ որովհետեւ կը փորձէ զսպուած խաղալ — ատիկա դժուար բան է, եթէ փորձես —, այլ որովհետեւ չի՛ կրնար չափազանցուած խաղալ»[12]։

Հակառակ տոմսարկղային իր ժողովրդականութեան, Ուէյն յաճախ քննադատուեցաւ իր ասպարէզի մեծ մասին ընթացքին միեւնոյն տիպարը մարմնաւորելուն համար։ 1969-ին Ռոճըր Էպերթի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Ուէյն դիտել տուաւ. «Անշուշտ, անոնք ինծի այնքան կը վերագրեն այդ Ճան Ուէյնի բաները, կը պնդեն, թէ ես միշտ նոյն դերը կը խաղամ։ Կը թուի, թէ ո՛չ նոք կը յիշէ, թէ որքան տարբեր էին տղաքը «The Quiet Man», «Iwo Jima» կամ «Yellow Ribbon» ֆիլմերուն մէջ, ուր ես 35 տարեկան ըլլալով՝ 65 տարեկան մարդու դեր կը խաղայի։ Աստղ մնալու համար պէտք է հետդ բերես քո սեփական անհատականութենէդ մաս մը։ Հազարաւոր լաւ դերասաններ կրնան տաննիլ տեսարան մը, բայց աստղը պէտք է տանի տեսարանը եւ դեռ, առանց խանգարելու, թոյլ տայ, որ իր նկարագիրէն մաս մը մտնէ անոր մէջ»[13]։

Ճին Հէքման ըսաւ, որ Ուէյն «երբեւիցէ լաւագոյն դերասաններէն մէկն էր։ Պէտք է հիանալ, թէ որքան իրապէս լաւ էր իբրեւ դերասան՝ տիրապետելով տեսարանին եւ ունենալով այնպիսի մեծ հմայք»[14]։

Մրցանակներ, Տօնակատարութիւններ եւ Նշանաւոր Իրադարձութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուէյնի տեւական կարգավիճակը իբրեւ ամերիկեան խորհրդանիշ պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ՝ քաղաքացիական երկու բարձրագոյն պարգեւներու ձեւով։ 26 Մայիս 1979-ին, իր 72-րդ ծննդեան տարեդարձին, Ուէյնին շնորհուեցաւ Քոնկրէսի Ոսկէ Մետալը։ Հոլիվուտեան դէմքեր եւ ամերիկացի ղեկավարներ քաղաքական ամբողջ դաշտէն՝ ներառեալ Մորին Օ'Հարան, Էլիզապէթ Թէյլորը, Ֆրէնք Սինաթրան, Մայք Ֆրանքովիչը, Քէթրին Հէփպըրնը, Օմար Պրատլին, Կրեկորի Փեքը, Ռոպըրթ Սթեքը, Ճէյմս Արնեսը եւ Քըրք Տանան, Քոնկրէսին առջեւ վկայեցին ի նպաստ այս պարգեւատրումին։ Ամերիկայի Բեմադրիչներու Կիլտիայի նախագահ Ռոպըրթ Օլտրիչ հանդէս եկաւ յատկապէս ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը.

«Կարեւոր է որ գիտնաք, թէ ես արձանագրուած Դեմոկրատ մըն եմ, եւ իմ գիտցածովս՝ չեմ կիսեր Տիւքի արտայայտած քաղաքական տեսակէտներէն եւ ոչ մէկը։ Այսուհանդերձ, ըլլայ հիւանդ թէ առողջ, Ճան Ուէյնը շատ աւելի վեր է այս համայնքի սովորական քաղաքական հրաձգութիւններէն։ Իր քաջութեան, իր արժանապատուութեան, իր ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ իբրեւ դերասան իր տաղանդին, իբրեւ առաջնորդ իր ուժին եւ իր լուսաւոր ասպարէզի ընթացքին իբրեւ մարդկային էակ իր ջերմութեան պատճառով, ան իրաւունք ունի ուրոյն տեղ մը գրաւելու մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ։ Այս ասպարէզին մէջ մենք յաճախ կը դատենք մարդիկը, երբեմն անարդարօրէն, հարցնելով թէ արդեօք անոնք վճարա՞ծ են իրենց տուրքը։ Ճան Ուէյն կրկին ու կրկին վճարած է իր տուրքը, եւ ես հպարտ եմ զինք բարեկամ կոչելու եւ մեծապէս կողմնակից եմ, որ իմ կառավարութիւնս որեւէ կարեւոր ձեւով ճանչնայ այն ներդրումը, որ պարոն Ուէյն ունեցած է»[15]։

Ուէյն յետմահու պարգեւատրուեցաւ Ազատութեան Նախագահական Մետալով 9 Յունիս 1980-ին, նախագահ Ճիմի Քարթըրի կողմէ։ Ան մասնակցած էր Քարթըրի պաշտօնակալութեան պարահանդէսին 1977-ին՝ «իբրեւ հաւատարիմ ընդդիմութեան անդամ», ինչպէս ինք նկարագրած էր զայն։ 1998-ին անոր շնորհուեցաւ ԱՄՆ Ծովուժի Յուշահամալիրի Հիմնադրամի «Ծովային Ժառանգութեան Մրցանակը»՝ իր դերասանական ասպարէզի ընթացքին Ծովուժին եւ զինուորականութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար։ 1999-ին Ամերիկեան Ֆիլմի Ինստիտուտը Ուէյնը դասեց 13-րդ տեղը՝ դասական Հոլիվուտի շարժապատկերի «Մեծագոյն Տղամարդ Աստղերու» շարքին։

«John Wayne: A Love Song» էսսէին մէջ Ճոան Տիտիոն կը յիշէ առաջին անգամը, երբ տեսաւ Ուէյնը ֆիլմի մը մէջ. «Այնտեղ էր, 1943-ի այն ամառը, երբ տաք քամին դուրսը կը փչէր, որ առաջին անգամ տեսայ Ճան Ուէյնը։ Տեսայ քալուածքը, լսեցի ձայնը։ Լսեցի, թէ ինչպէս ան կ'ըսէր աղջկան «War of the Wildcats» կոչուող ֆիլմին մէջ, թէ տուն մը պիտի շինէր իրեն համար՝ «գետի այն ոլորանին վրայ, ուր բարդիները կը բուսնին»։ Այնպէս պատահեցաւ, որ որպէս կին չմեծցայ այնպիսին, որ ուեսթըրնի հերոսուհի ըլլայ, եւ թէեւ իմ ճանչցած տղամարդիկը ունեցած են բազմաթիւ առաքինութիւններ եւ զիս տարած են ապրելու բազմաթիւ վայրեր, որոնք սիրած եմ, անոնք երբեք չեն եղած Ճան Ուէյն եւ զիս երբեք չեն տարած գետի այն ոլորանը, ուր բարդիները կը բուսնին։ Սրտիս այն խոր մասին մէջ, ուր արհեստական անձրեւը յաւերժ կը տեղայ, ատիկա տակաւին այն տողն է, որ կուզեմ լսել... Երբ Ճան Ուէյն քշեց իմ մանկութեան միջով, եւ թերեւս ձերինին, ան ընդմիշտ որոշեց մեր որոշ երազներուն ձեւերը։ Անհնար կը թուէր, որ նման մարդ մը կրնար հիւանդանալ, կրնար իր մէջ կրել ամէնէն անբացատրելի եւ անկառավարելի հիւանդութիւնը»[16]։

Բազմաթիւ հանրային վայրեր անուանուած են ի պատիւ Ուէյնի, ներառեալ «Ճան Ուէյն» Օդանաւակայանը Օրենճ Քաունթիի մէջ (Քալիֆորնիա), ուր մուտքին կանգնած է անոր 9 ոտնաչափ (2.7 մ) պրոնզէ ձիաւոր արձանը. «Ճան Ուէյն» նաւահանգիստը Սեքիմի մօտակայքը (Ուաշինկթըն), որուն համար հողը կտակած է Ուէյն. «Ճան Ուէյն» Տարրական Դպրոցը (P.S. 380) Պրուքլինի մէջ (Նիւ Եորք), որ կը պարծենայ Նիւ Եորքցի արուեստագէտ Քնոքս Մարթինի կողմէ պատրաստուած 38 ոտնաչափ (12 մ) խճանկար որմնանգարով՝ «Ճան Ուէյնը եւ Ամերիկեան Սահմանագիծը» թեմայով. եւ աւելի քան 100 մղոն (160 քմ) երկարութեամբ «Ճան Ուէյն Ռահվիրայ Ճանապարհը» Ուաշինկթընի «Iron Horse» Նահանգային Զբօսայգիին մէջ։ Ուէյնի՝ ձիու վրայ բնականէն աւելի մեծ պրոնզէ արձանը կանգնեցուած է Պէվըրլի Հիլզի մէջ (Քալիֆորնիա), Լա Սիենեկա եւ Ուիլշըր պուլվարներու անկիւնը՝ «Great Western Savings and Loan Corporation»-ի նախկին գրասենեակներուն առջեւ, որուն համար Ուէյն պատրաստած էր շարք մը ծանուցումներ։ Մարիկոփա քաղաքին մէջ (Արիզոնա), «Arizona State Route 347» ճանապարհի մէկ մասը կոչուած է «Ճան Ուէյն Փարքուէյ», որ կ'անցնի քաղաքի կեդրոնով։

2006-ին, Ուէյնի բարեկամները եւ Արիզոնայի իր նախկին գործընկեր Լուի Ճոնսընը նախաձեռնեցին «Louie and the Duke Classics» միջոցառումները՝ ի նպաստ «Ճան Ուէյն Քաղցկեղի Հիմնադրամին» եւ «Ամերիկեան Քաղցկեղի Ընկերութեան»։ Իւրաքանչիւր աշնան Քասա Կրանտէի մէջ (Արիզոնա) տեղի ունեցող շաբաթավերջի այս իրադարձութիւնը կը ներառէ կոլֆի մրցաշարք, Ճան Ուէյնի հաւաքածոյի աճուրդ եւ զոյգերով պարանարձակման մրցում[17]։

Բազմաթիւ տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան 26 Մայիս 2007-ին՝ Ուէյնի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ։ Ուինթըրսէթի մէջ (Այովա)՝ Ուէյնի ծննդավայրին մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութիւնը ներառեց ճամբարային ճաշկերոյթներ, Մայքլ Մարթին Մըրֆիի եւ «Riders in the Sky»-ի համերգները, «Վայրի Արեւմուտքի» հանդէս՝ Պաֆըլօ Պիլի «Wild West» ցուցադրութեան ոճով, եւ «Քաուպոյական Սիմփոզիում»՝ Ուէյնի դերասանակիցներուն, արտադրիչներուն եւ տարազաւորողներուն մասնակցութեամբ։ Ուէյնի ֆիլմերը անդադար կը ցուցադրուէին տեղական շարժապատկերի սրահին մէջ։ «Ճան Ուէյնի Ծննդավայրի Թանգարանի եւ Ուսումնական Կեդրոնի» հիմնարկէքի արարողութեան մասնակցեցան Ուէյնի ընտանիքի աւելի քան 30 անդամներ, ներառեալ Մելինտա Ուէյն Մունիոսը, Այսան, Էթանը եւ Մարիսա Ուէյնը։ Նոյն տարուան ընթացքին աւելի ուշ, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Արնոլտ Շուարցնեկերը եւ Առաջին Տիկին Մարիա Շրայվերը Ուէյնը ներառեցին «Քալիֆորնիոյ Փառքի Սրահին» մէջ, որ կը գտնուի Սաքրամենթոյի Քալիֆորնիոյ Թանգարանին մէջ[18]։

2016-ին, Հանրապետական նահանգային երեսփոխան Մէթիւ Հարփըր առաջարկեց 26 Մայիսը նշել իբրեւ «Ճան Ուէյնի Օր» Քալիֆորնիոյ մէջ։ Այս որոշումը մերժուեցաւ 35 դէմ, 20 կողմ քուէներով՝ ռասայական հարցերու վերաբերեալ Ուէյնի տեսակէտներուն եւ այնպիսի վիճահարոյց կազմակերպութիւններու իր աջակցութեան պատճառով, ինչպիսիք են «John Birch Society»-ն եւ Ներկայացուցիչներու Պալատի Ոչ-Ամերիկեան Գործունէութեան Յանձնախումբը (HUAC)[19][20]։

Ամերիկեան Խորհրդանիշ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուէյն հասաւ յայտնի դերասանի մը տիպական ճանաչումէն անդին՝ դառնալով տեւական խորհրդանիշ մը, որ կը մարմնաւորէր եւ կը հաղորդէր ամերիկեան արժէքներն ու իտէալները։ Օգտագործելով համր ֆիլմերու եւ ռատիոյի միջոցով հաղորդակցութեան ուժը՝ Ուէյն էական դեր ունեցաւ ԱՄՆ-ի տարբեր շրջաններէն ազգային մշակոյթ մը ձեւաւորելու գործին մէջ եւ կարելի դարձուց ազգային հերոսի մը ստեղծումը։ Իր ասպարէզի կէսերուն Ուէյն արդէն զարգացուցած էր արտասովոր ու հսկայական կերպար մը, եւ ասպարէզի առաջխաղացման զուգընթաց՝ ան կ'ընտրէր այնպիսի դերեր, որոնք չէին վնասեր պաստառէն դուրս իր ունեցած կերպարին։ Ուէյն մարմնաւորեց տոկուն ամերիկեան տղամարդկանութեան եւ անկախ անհատապաշտութեան կերպարը՝ ինչպէս իր ֆիլմերուն, այնպէս ալ իր կեանքին մէջ։ 1957-ի հաւաքոյթի մը ընթացքին, Ուէյն ընդհարեցաւ դերասան Քըրք Տանլասի հետ՝ «Lust for Life» ֆիլմին մէջ Վենսան Վան Կոկի դերը ստանձնելու վերջինիս որոշումին պատճառով, ըսելով. «Քրիստո՛ս, Քըրք, ինչպէ՞ս կրնաս նման դեր խաղալ։ Մեզմէ այնքան քիչ մնացած է։ Մենք պէտք է խաղանք զօրեղ, տոկուն տիպարներ, եւ ոչ թէ այս տկար, այլասերուածները»։ Այսուհանդերձ, դերասան Մարլոն Պրանտօ յատկապէս քննադատաբար կը մօտենար Ուէյնի հանրային կերպարին եւ անոր տիպարներու մշակութային անզգայութեան՝ «The Dick Cavett Show»-ի ընթացքին պնդելով. «Մենք [ամերիկացիներս] կը սիրենք մեզ տեսնել այնպէս, ինչպէս թերեւս Ճան Ուէյնը կը տեսնէ մեզ։ Թէ մենք երկիր մըն ենք, որ կանգնած է ազատութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի կողքին», ապա աւելցնելով, թէ «ատիկա պարզապէս չի համապատասխաներ իրականութեան»[21][22]։

Ուէյնի վերելքը իբրեւ պատերազմական ֆիլմերու բուն ամերիկեան հերոս սկսաւ ձեւաւորուիլ Երկրորդ Պատերազմէն չորս տարի ետք, երբ էկրան բարձրացաւ «Sands of Iwo Jima» (1949) ֆիլմը։ Հոլիվուտի Կրօմանի Չինական Թատրոնին մէջ անոր ոտնահետքերը դրոշմուեցան շաղախի մը մէջ, որ կը պարունակէր Իւօ Ճիմայէն բերուած աւազ։ Անոր կարգավիճակը այնքան հսկայական եւ լեգենդար դարձաւ, որ երբ Ճապոնի կայսր Հիրոհիթոն այցելեց Միացեալ Նահանգներ 1975-ին, ան խնդրեց հանդիպիլ Ճան Ուէյնի հետ՝ իր երկրի նախկին թշնամիին խորհրդանշական մարմնաւորումին։ Նմանապէս, երբ Խորհրդային առաջնորդ Նիկիտա Խրուշչով այցելեց Միացեալ Նահանգներ 1959-ին, ան երկու փափաք յայտնեց. այցելել Տիզնիլենտ եւ հանդիպիլ Ուէյնի հետ[23]։

«Motion Picture Herald»-ի ամենաշատ հասոյթ ապահովող Ուեսթըրնի աստղերու լաւագոյն տասնեակի հարցախոյզին մէջ Ուէյն ցուցակագրուեցաւ 1936 եւ 1939 թուականներուն։ Ան երեւցաւ նմանօրինակ «Box Office»-ի հարցախոյզին մէջ 1939-ին եւ 1940-ին։ Թէեւ այս երկու հարցախոյզները իրականութեան մէջ ցոյց կու տային միայն շարքերու աստղերու ժողովրդականութիւնը, Ուէյն նաեւ երեւցաւ բոլոր ֆիլմերու ամենաշատ հասոյթ ապահովող լաւագոյն տասնեակի ցուցակին մէջ 1949-էն 1957 եւ 1958-էն 1974 թուականներուն՝ գրաւելով առաջին տեղը 1950, 1951, 1954 եւ 1971 թուականներուն։ Ցուցակին վրայ ընդհանուր 25 տարի մնալով՝ Ուէյն ունի աւելի շատ երեւումներ, քան որեւէ այլ աստղ՝ գերազանցելով Քլինթ Իսթվուտը (21), որ երկրորդ տեղը կը գտնուի[24]։

Ուէյնը միակ դերասանն է, որ երեւցած է Ամենասիրուած Շարժապատկերի Դերասաններու ամէնամեայ «Harris Poll» հարցախոյզի իւրաքանչիւր հրատարակութեան մէջ, եւ միակ դերասանն է, որ ցուցակին վրայ երեւցած է իր մահէն ետք։ Ուէյն այս հարցախոյզի լաւագոյն տասնեակին մէջ եղած է 19 հետեւողական տարիներ՝ սկսեալ 1994-էն, իր մահէն 15 տարի ետք[25]։

Միլէն Տըմոնժօ 2015-ի նկարահանուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Կէրի Քուփըրը սքանչելի էր, հոս պէտք է ըսեմ, հիմա ան մաս կազմած է աստղերուն, Կէրի Քուփըր, Քէրի Կրանթ, Ճան Ուէյն, այդ մեծ ամերիկացիները, որոնց հանդիպած եմ, իրապէս անհաւատալի տղաք էին, անոնց նմանները այլեւս չկան»[26]։

Ճան Ուէյն Քաղցկեղի Հիմնադրամ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ճան Ուէյն Քաղցկեղի Հիմնադրամ»ը (John Wayne Cancer Foundation) հիմնադրուեցաւ 1985-ին՝ ի պատիւ Ճան Ուէյնի, այն բանէն ետք, երբ անոր ընտանիքը արտօնեց անոր անունին օգտագործումը (եւ սահմանափակ ֆինանսաւորում)՝ քաղցկեղի դէմ շարունակական պայքարին համար։ Հիմնադրամին առաքելութիւնն է «քաջութիւն, ուժ եւ տոկունութիւն բերել քաղցկեղի դէմ պայքարին»։ Հիմնադրամը միջոցներ կը տրամադրէ նորարարական ծրագիրներու, որոնք կը բարելաւեն քաղցկեղով հիւանդներու խնամքը, ներառեալ հետազօտութիւնը, կրթութիւնը, իրազեկումը եւ աջակցութիւնը[27]։

Վէճ Տիւք Համալսարանին Հետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիւփորթ Պիչի (Քալիֆորնիա) մէջ հաստատուած «John Wayne Enterprises» ընկերութիւնը, որ կը ղեկավարուի Ուէյնի ժառանգորդներուն կողմէ, կը ծախէ ապրանքներ՝ ներառեալ Քենթաքիի պուրպոն (Bourbon) ոգելից խմիչք, որոնք կը կրեն «Duke» ապրանքանիշը եւ կ'օգտագործեն Ուէյնի նկարը։ Երբ ընկերութիւնը փորձեց իբրեւ ապրանքանիշ գրանցել շիշերէն մէկուն վրայ երեւցող պատկերը, «Տիւք Համալսարան»ը (Duke University - Տըրհամ, Հիւսիսային Քարոլինա) ընդդիմութեան ծանուցում ներկայացուց։ Դատական փաստաթուղթերու համաձայն, Տիւք համալսարանը 2005-էն ի վեր երեք անգամ փորձած է արգիլել ընկերութեան՝ այդ անունը իբրեւ ապրանքանիշ գրանցել։ Ընկերութիւնը կը ձգտէր հռչակագիրի մը, որ թոյլ կու տար իրենց ապրանքանիշի գրանցումը։ Դաշնային դատարան ներկայացուած ընկերութեան բողոքին մէջ նշուած էր, որ համալսարանը «չէր տիրապետեր 'Duke' բառին՝ բոլոր բնագաւառներուն եւ բոլոր նպատակներուն համար»։ Համալսարանին պաշտօնական դիրքորոշումն էր չառարկել, պայմանաւ որ Ուէյնի պատկերը երեւար անուան հետ։ 30 Սեպտեմբեր 2014-ին, Օրենճ Քաունթիի (Քալիֆորնիա) դաշնային դատաւոր Տէյվիտ Քարթըր մերժեց ընկերութեան հայցը՝ վճռելով, որ հայցուորները ընտրած էին սխալ իրաւասութեան տարածք[28]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 1 2 3 4 Brockhaus EnzyklopädieF.A. Brockhaus, 1796.
  3. 1 2 GeneaStar
  4. 1 2 filmportal.de — 2005.
  5. 1 2 3 Pas L. v. Genealogics — 2003.
  6. "American Film Institute". October 10, 2018. Archived from the original on October 10, 2018. Retrieved June 1, 2021.
  7. 1 2 (անգլերեն) John Wayne, 2026-08-15, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=John_Wayne&oldid=1369450693, վերցված է 2026-08-17
  8. Davis, Ronald L. (2012). Duke: The Life and Image of John Wayne. University of Oklahoma Press. p. 6. ISBN 9780806186467. Archived from the original on November 28, 2015. Retrieved June 27, 2015.
  9. Kehr, Dave. "John Wayne News". The New York Times. Archived from the original on June 16, 2013. Retrieved July 30, 2011.
  10. Public Papers of the Presidents of the United States, Jimmy Carter, 1980–1981, Book 2: May 24 to September 26, 1980. Government Printing Office. p. 1061. Archived from the original on August 4, 2020. Retrieved March 3, 2019.
  11. John Wayne: Prophet of the American Way of Life; Emmanuel Levy, Jay Levy, 1988
  12. John Wayne: The Life and the Legend; Scott Eyman, 2015
  13. Ebert, Roger (June 29, 1969). "Interview with John Wayne". Chicago Sun-Times. Archived from the original on March 15, 2023. Retrieved March 15, 2023.
  14. Price, Michael H. (August 11, 1992). "Hackman's 30-Year Love Affair With Acting". Deseret News. Archived from the original on April 16, 2023. Retrieved April 16, 2023.
  15. Whitehead, John W. (June 6, 2011). "John Wayne Was True Grit". The Rutherford Institute. Archived from the original on April 7, 2014. Retrieved May 29, 2013.
  16. Didion, Joan (1968). Slouching Towards Bethlehem. pp. 29–30.
  17. Olson, Jim. – "Louie and the Duke Classics 2006" Archived November 28, 2007, at the Wayback Machine.. Grande Living. – October 2006. – (Adobe Acrobat *.PDF document).
  18. Wayne inducted into California Hall of Fame Archived January 10, 2008, at the Wayback Machine. California Museum. Retrieved March 11, 2010.
  19. Mettler, Katie. "'John Wayne Day' in Calif. rejected because of actor's statements about minority groups". Washington Post. Archived from the original on June 2, 2016. Retrieved April 29, 2016.
  20. "California lawmakers reject John Wayne Day over racist statements". The Guardian. April 29, 2016. Archived from the original on May 2, 2016. Retrieved May 3, 2016.
  21. Molloy, Tim (June 20, 2019). "When Sacheen Littlefeather and Marlon Brando Fought John Wayne for the Soul of the Oscars". TheWrap. Archived from the original on June 15, 2020. Retrieved July 10, 2020.
  22. "Listen to Me Marlon". Scripts.com. STANDS4 LLC. p. 27. Archived from the original on October 22, 2020. Retrieved July 10, 2020.
  23. Rasmussen, Cecilia (January 24, 1999). "Soviet Leader Met Duke but Not Mickey". Los Angeles Times. Archived from the original on January 8, 2017. Retrieved February 18, 2020.
  24. "Top Ten Money Making Stars – Poll Results". quigleypublishing.com. Archived from the original on December 21, 2014. Retrieved November 23, 2014.
  25. "Denzel Washington Flies to Number One and is America's Favorite Movie Star". Harris Interactive. January 23, 2013. Archived from the original on October 4, 2013. Retrieved October 2, 2013.
  26. "Rencontre avec mylène demongeot". Mac Mahon Filmed Conferences Paris. July 5, 2015. Archived from the original on December 11, 2021. Retrieved October 24, 2021.
  27. "John Wayne Cancer Foundation: Mission". John Wayne. Archived from the original on May 8, 2014. Retrieved May 7, 2014.
  28. "John Wayne's heirs lose 'Duke' legal brawl". The News & Observer. Associated Press. October 1, 2014. Retrieved October 15, 2014.