Jump to content

Ճոնաթան Կրիան

Ճոնաթան Կրիան, աշխարհի ամէնէն տարիքոտ կրիան:

Ճոնաթան եկած է Սեշել կղզիներէն: Ան Սենթ Հելէն կղզին հասած է 1882-ին:

Անոր տարիքը ճշդելու համար մասնագէտները ուսումնասիրած են անոր` կղզի ժամանումին օրերէն առնուած նկար մը: Ըստ անոնց, այդ ժամանակաշրջանին Ճոնաթան նուազագոյնը 50 տարեկան էր արդէն:

Այդ թուականէն ի վեր Ճոնաթան կ'ապրի Սենթ Հելենի ղեկավարին բնակավայրին պարտէզին մէջ: Այս անձը կղզին կը ղեկավարէ` նշանակուելով Անգլիոյ կողմէ, որուն կը պատկանի այդ տարածքը:

Ճոնաթանը 2022-ին

140 տարիներու ընթացքին, Ճոնաթան` իբրեւ դրացի, ունեցած է 35 ղեկավար[1]:

Ճոնաթանը 2019-ին ընդգրկուած է «Կինես»ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ, իբրեւ աշխարհի ամէնէն տարեց ցամաքային անասունին ներկայացուցիչը։

Ան իր ապրելակերպով եւ երկար կեանքով դարձած է խորհրդանիշ մը՝ ամբողջ աշխարհի համար[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]