Ճինա Լոլոպրիճիթա
| Ճինա Լոլոպրիճիթա Gina Lollobrigida | |
|---|---|
|
Ճինա Լոլոպրիճիթա, 1960-ին | |
| Ծննդեան անուն | իտալ.՝ Luigina Lollobrigida |
| Ծնած է | 4 Յուլիս, 1927 |
| Ծննդավայր | Սուպիաքօ, Լացիօ,Իտալիա |
| Մահացած է | 16 Յունուար 2023 |
| Մահուան վայր | Հռոմ, Իտալիա[1] |
| Քաղաքացիութիւն | իտալական |
| Ազգութիւն | իտալացի |
| Մասնագիտութիւն | դերասան,մոտել, լուսանկարիչ-լրագրող, քանդակագործ |
| Անդամութիւն | Գեղարուեստի Կաճառ |
| Կուսակցութիւն | Ժողովրդավարներ և Ինքնիշխան եւ Ժողովրդական Իտալիա |
| Ամուսին | Միլքօ Շքոֆիչ |
| Կայքէջ | archive.is/201302…(իտալ.) |
|
Ստորագրութիւն | |
Ճինա Լոլոպրիճիթա (իտալ․՝ Gina Lollobrigida, Յուլիս 4, 1927 – Յունուար 16, 2023) իտալացի դերասանուհի մըն էր։ Ան միջազգային ճանաչումի արժանացաւ աւելի քան վեց տասնամեակներու ընթացքին, որպէս իտալական շարժապատկերի առաջատար դէմքերէն մէկը, Սոֆիա Լորենի եւ Գլաուտիա Գարտինալէին կողքին։ Ան, 1950ական եւ 1960ական թուականներու Եւրոպայի ամէնէն նշանաւոր դերասանուհիներէն էր, ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին ցանկայարոյց (սէքսի) խորհրդանիշը նկատուեցաւ։ Անուանակոչուած է որպէս «աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ կինը»։ Իր մահուան պահուն, ան Հոլիվուտի Ոսկեդարի միջազգային նշանաւոր դերասաններէն վերջիններէն էր, որ տակաւին կ'ապրէր։
Երբ իր ժապաւէնի ասպարէզը դանդաղեցաւ, Լոլոպրիժիտա երկրորդ ասպարէզ մը հաստատեց իբր լուսանկարիչ-լրագրող։ 1970-ականներուն անարտօնութիւն մը ձեռք ձգեց՝ բացառիկ հարցազրոյցի մը համար Ֆիտէլ Քասթրոյին հետ։
Լոլոպրիճիտա շարունակեց իտալական ու իտալա-ամերիկեան նախաձեռնութիւններու եռանդուն ջատագովը մնալ, մասնաւորապէս՝ Իտալա-Ամերիկեան Ազգային Հիմնադրամին (NIAF): 2008-ին արժանացաւ NIAF-ի Կեանքի Նուաճումներու Մրցանակին՝ Հիմնադրամին յոբելեանական ձեռնարկին ընթացքին: 2013-ին ծախեց իր ոսկեղէններուն հաւաքածոն եւ գոյացած գումարը՝մօտաւորապէս 5 միլիոն ԱՄՆ տոլար, նուիրեց ցողունային բջիջներու դարմանումի հետազօտութեան։
Երիտասարդութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լուիճիա (Ճինա) Լոլոպրիճիտա ծնած է Սուպիաքօ, Լացիօ, Հռոմէն մօտաւորապէս 64 քիլոմեթր (40 մղոն) հեռու։ Ան երեք քոյրեր ունէր՝ Ճուլիանա, Մարիա եւ Ֆերնանտա։ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 1945-ին, ընտանիքը փոխադրուեցաւ Հռոմ, ուր Լոլլոպրիճիտա երգի դասեր առաւ, քիչ մը մոտելինկ ըրաւ, եւ մասնակցեցաւ գեղեցկութեան քանի մը մրցումներու, գրաւելով երրորդ դիրքը 1947-ի «Միս Իտալիա» մրցումին։
Դերասանական ասպարէզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1945-ին, 18 տարեկանին, Լոլոպրիճիտա դեր մը կը ստանձնէ Էտուարդօ Սքարփեթթայի «Նա Սանթարելլա» կատակերգութեան մէջ, Մոնթէ Գասթելլօ տի Վիպիոյի Գոնքորտիա թատրոնին մէջ, որ աշխարհի ամէնէն պզտիկ «all'italiana» ոճի թատրոնն է։
Շարժապատկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1946-ին, ան կը սկսի իտալական ժապաւէններու մէջ յայտնուիլ փոքր դերերով։ 1950-ին, Լոլոպրիճիտա Հաուըրտ Հիւզին հետ եօթը տարուան՝ տարեկան երեք պատկերներ արտադրելու նախապայմանով, դաշինք մը կը ստորագրէ։ Ան կը մերժէ դաշինքին վերջին պայմանները, նախընտրելով մնալ Եւրոպայի մէջ եւ Հիւզ կը կասեցնէ զայն։ Վէճին արդիւնքը կ՛արգիլէ Լոլոպրիճիտային աշխատել ամերիկեան շարժապատկերներու մէջ, նկարահանուած ԱՄՆ-ի մէջ մինչեւ 1959, բայց թոյլ կու տայ անոր գործել ամերիկեան արտադրութիւններու, նկարահանուած Եւրոպայի մէջ։ Իր դերակատարութիւնը Իտալական «Հաց, Սէր եւ Երազանքներ» (Pane, amore e fantasia, 1953) սիրային կատակերգութեան մէջ յաջողութիւն կ՛արձանագրէ եւ իրեն BAFTA-ի մրցանակի թեկնածութիւն կը շնորհէ, ինչպէս նաեւ Իտալական Շարժապատկերի Լրագրողներու Ազգային Միութենէն «Արծաթէ ժապաւէն» մրցանակին կ՛արժանանայ։ Լոլլոպրիճիտա ելոյթ ունեցաւ «Անառակ Կինը» (1953) եւ «Հռոմի Կինը» (1954) ժապաւէններուն մէջ գլխաւոր դերերով կը յայտնուի։ Ան նաեւ աշխատած է Ֆրանսական արտադրութեան մէջ, ինչպէս օրինակ «Անվախ Փոքրիկ Զինուորը» (Fanfan la Tulipe, 1952), «Գիշերուան Գեղեցկուհիները» (Les Belles de nuit, 1952), եւ «Մարմինը եւ Կինը» (Le Grand Jeu, 1954)։

Համաշխարհային ճանաչումի կ՛արժանանայ անգլերէն լեզուով ժապաւէնով՝ «Beat the Devil» (1953), նկարահանուած Իտալիոյ մէջ, Ճոն Հիւսթընի (John Huston) բեմադրութեամբ: Ապա գլխաւոր դերով կը մասնակցի իտալա-ամերիկեան արտադրութեան մը՝ «Crossed Swords» (1954)։ «Աշխարհի Ամէնէն Գեղեցիկ Կինը» (նաեւ յայտնի իբրեւ «Գեղեցիկ, Բայց Վտանգաւոր», 1955) ժապաւէնին մէջ իր դերակատարութեան շնորհիւ կ՛արժանանայ «Լաւագոյն Դերասանուհիի Տէյվիտ տի Տոնաթելօ» մրցանակին։Այս ժապաւէնին մէջ Լոլոպրիճիտան կը մարմնաւորէ իտալացի երգչուհի Լինա Քավալիերիին (Lina Cavalieri) դերը եւ ժապաւէնին բոլոր երգերը կը կատարէ իր ձայնով, ներառեալ «Թոսքա»-ի արիաները: Ան գլխաւոր դեր կը ստանձնէ կրկէսային տրամա՝ «Trapeze»-ին մէջ (1956), որ բեմադրուած էր Քարոլ Ռիտին (Carol Reed) կողմէ եւ դերակատարներն էին Պըրթ Լանքասթըր (Burt Lancaster) եւ Թոնի Քըրթիս (Tony Curtis), իսկ «Նոթրը Տամի Կուզիկը» (The Hunchback of Notre Dame,1956) ժապաւէնին մէջ հանդէս կու գայ որպէս Էսմերալտա, Անթոնի Քուինի (Anthony Quinn) Քուազիմոտոյին դերակատարութեամբ եւ Ժան Տելանոյի (Jean Delannoy) բեմադրութեամբ։
1959-ին հանդէս կու գայ ֆրանսական «Օրէնքը» (La legge, 1959) ժապաւէնին մէջ, Իվ Մոնթանի եւ Մարչելլօ Մասթրոյանիի կողքին, ապա, գլխաւոր դերեր կը ստանձնէ՝ Ֆրանք Սինաթրայի հետ «Երբեք Այսքան Քիչ» (Never So Few, 1959) ժապաւէնին մէջ, եւ Եուլ Պրիւնըրի հետ «Սողոմոն ու Շիպա» (Solomon and Sheba, 1959) ժապաւէնին մէջ։ «Սեպտեմբերին Եկուր» (Come September, 1961) սիրային կատակերգութեան մէջ, Լոլոպրիճիտան գլխաւոր դեր կ՛ունենայ Ռոք Հատսընի, Սանտրա Տիի եւ Պոպի Տարինի կողքին, եւ կ՛արժանանայ Ոսկէ Երկրագունդ մրցանակին։ Ան նաեւ 1961-ին, Էրնեսթ Պորկնայնի եւ Անթոնի Ֆրանսիոզայի հետ հանդէս կու գայ «Մերկ գնա աշխարհին մէջ» (Go Naked in the World) տրամային մէջ։
1961-ի Ակադեմիի Մրցանակաբաշխութեան, հանդիսավարութեամբ՝ Պոպ Հոփի, Լոլոպրիճիտա կը յանձնէ Լաւագոյն Բեմադրիչի Օսքար Մրցանակը Պիլի Ուայլտըրի, «Բնակարանը» (The Apartment) ժապաւէնին համար: Ժան Տելանուայի բեմադրութեամբ Venere Imperiale (1962) ժապաւէնին մէջ, ան գլխաւոր դեր մը կը ստանձնէ Սթիվըն Պոյտին հետ եւ դարձեալ կը ստանայ «Արծաթէ ժապաւէն» (Nastro d'Argento) եւ «Տաւիտ տի Տոնաթելլօ» (David di Donatello) մրցանակները։ 1964-ին գլխաւոր դեր կը ստանձնէ Շոն Քոնըրիի կողքին «Ծղօտէ կինը» (Woman of Straw, 1964) յուզիչ ժապաւէնին մէջ, եւ 1965-ին՝ Ռոք Հատսընի հետ, իսկ ելոյթ կ՛ունենայ Ալեք Կինէսի հետ «Hotel Paradiso» (1966) ժապաւէնին մէջ:

«Բարի Երեկոյ, Տիկին Քամփպել» (Buona Sera, Mrs. Campbell, 1968) ժապաւէնին մէջ իր դերակատարութեան համար կ՛առաջադրուի «Ոսկէ Երկրագունդ» (Golden Globe) մրցանակին եւ կը շահի երրորդ «Տաւիտ տի Տոնաթելլօ» մրցանակը։ Լոլոպրիճիտա գլխաւոր դեր կը ստանձնէ Պոպ Հոփի կողքին «Զօրավար Օ'Ֆարըլի Մասնաւոր Նաւատորմիղը» (The Private Navy of Sgt. O'Farrell, 1968) կատակերգութեան մէջ։

Իր բեղուն գործունէութեան շրջանին, Լոլոպրիճիտա կը մերժէ բազմաթիւ ժապաւէններու դերեր։ Յատկանշական է թէ ան աւելի ուշ վշտութիւնը յայտնած է «Լա Տոլչէ Վիթա» (La Dolce Vita, 1960) ժապաւէնին մէջ երկրորդական դեր մը մերժելուն համար։ Ժապաւէնի բեմադրիչ Ֆետերիքօ Ֆելինի կ'ուզէր իրեն դեր մը տալ ժապաւէնին մէջ, սակայն ան բացատրեց, թէ այդ ժամանակ շատ յաճախ առաջարկուած նախագիծեր կը հասնէին, եւ իր ամուսինը պատահմամբ սխալ տեղ դրած էր թատերագիրը։
1970-ականներուն, իր ժապաւէնի գործունէութիւնը կը դանդաղի եւ Լոլոպրիճիտա կը սկսի լուսանկարչութեամբ զբաղիլ։ Ան կը յայտնուի «Թագաւոր, Թագուհի, Խաբեբայ» (King, Queen, Knave, 1972) ժապաւէնին մէջ։ 1973-ին, ան մաս կը կազմէ Մոսկուայի 8-րդ Միջազգային Ժապաւէնի Փառատօնի դատական կազմին։
Հեռատեսիլ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1980-ականներու կէսերուն, ան հիւր-դերակատարում կ՛ունենայ «Falcon Crest» հեռատեսիլի շարքին մէջ՝ Ֆրանչեսքա Ճիոպերթի դերով (որ սկզբնապէս գրուած էր Սոֆիա Լորենին համար եւ մերժած) եւ կը ստանայ «Ոսկէ Երկրագունդ»ի երրորդ առաջադրութիւնը։ Ան նաեւ երկրորդական դեր կ՛ունենայ 1985-ի «Deceptions» հեռատեսիլային մանրաշարքին մէջ, եւ յաջորդ տարին, ան հիւր դերակատարումով հանդէս կու գայ «The Love Boat» հեռատեսիլի շարքին մէջ։
Դատական կազմի անդամ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1986-ին կը հրաւիրուի ղեկավարելու 36-րդ «Պերլինի Միջազգային ֆիլմի փառատօն»ին դատական կազմը, որ «Ոսկէ Արջ» մրցանակը կը շնորհէ Ռայնհարտ Հաուֆի «Շթամհայմ» ժապաւէնին։ Լոլոպրիճիտա ըսած է թէ մեծամասնութեան վճիռը «կանխակերտուած» էր, եւ դէմ արտայայտուեցաւ։ Նոյնպէս, 1997-ին ան Կէնտ Ֆիլմի Փառատօնին դատական կազմէն կը հեռանայ երբ մեծամասնութիւնը կ՛որոշէ դափնեկիր ընել «Ուիթման Տղաքը», զոր ան «անբարոյական» կը նկատէ։
Լուսանկարչական լրագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1970-ականներու վերջերուն, Լոլոպրիճիտա կը զբաղիլ լուսանկարչական լրագրութեամբ, զոր կը զարգացնէ որպէս յաջող երկրորդ ասպարէզ մը։ Ան ուրիշներու կարգին, կը լուսանկարէ Փօլ Նիուման, Սալվատոր Տալին, Հենրի Քիսինճըր, Տէյվիտ Քեսիտին, Օտրի Հեփպըրնը, Էլլա Ֆիցճերալտը եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականը։ 1974ին ան բացառիկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Ֆիտել Քասթրոյին հետ։[35][36] 1972 եւ 1994 միջեւ հրատարակեց իր լուսանկարներուն վեց հաւաքածոները, ներառեալ 1973ի Italia Mia տիտղոսը։

Քաղաքականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1999-ին, Լոլոպրիճիտան կը ձախողի Եւրոպական խորհրդարանի անդամ ընտրուելու, որպէս թեկնածու «Դեմոկրատներ» կուսակցութեան։ Ան հրապարակաւ իր համամտութիւնը կը յայտնէ Ֆրանչիսքօ Սրբազան Քահանայապետին LGBT իրաւունքներուն նկատմամբ ունեցած տեսակէտին: 2022-ի Իտալիոյ ընդհանուր ընտրութիւններուն, 95 տարեկան հասակին, Լոլոպրիճիտան կը փորձէ աթոռ մը շահիլ Հանրապետութեան Ծերակոյտին մէջ, ներկայանալով որպէս թեկնածու «Sovereign and Popular Italy»-ի (ISP), նոր հիմնադրուած Եւրո-մտածողական դաշինք մը, որ դէմ էր Մարիօ Տրակիին։ Սակայն կը ձախողի քանի որ կուսակցութիւնը միայն 1% ձեռք կը ձգէ ընտրական շրջանի ձայներուն, առ նուազն 3% ընտրական շեմէն վար: «Corriere della Sera» թերթին հետ ընտրութիւններէն առաջ տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Լոլոպրիճիտան ըսած է, որ ինք ներշնչուած էր Մահաթմա Կանտիի «իրեր կատարելու ձեւէն»։ Ան նշած էր թէ մօտ էր Ինտիրա Կանտիին։
Անձնական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1949-ին, Լոլոպրիճիտա կ՛ամուսնանայ Սլովենացի բժիշկ՝ Միլքօ Շքոֆիչի հետ։ Անոնց միակ զաւակը՝ Անտրէա Միլքօ (Միլքօ Շքոֆիչ Կրտսեր), ծնած է 28 Յուլիս 1957-ին, Հռոմի մէջ։Շքոֆիչ կը հրաժարի բժշկութեան իր մասնագիտութենէն, որպէսզի իր կնոջ գործակալը դառնայ։ 1960-ին, Լոլոպրիճիտա ընտանեօք իր ծննդավայր Իտալիայէն կը փոխադրուին Թորոնթօ։ Զոյգին նպատակն էր լուծել իրենց տղուն իրաւական կացութիւնը, որ Իտալական պետական կառավարութեան կողմէ անհայրենիք կը սեպուէր։ Զոյգը կը բաժնուի 1971-ին։

2006-ի Հոկտեմբերին, 79 տարեկանին, Լոլոպրիճիտա Սպանիոյ «¡Hola!» պարբերաթերթին կը յայտնէ իր նշանադրութիւնը 45 տարեկան սպանացի գործարար Խավիեր Ռիկաու ի Ռաֆոլսին հետ (գաթալան՝: Javier Rigau i Ràfols)։ Նշանադրութիւնը կը չեղարկուի 2006 Դեկտեմբեր 6-ին, ըստ լուրերուն՝ մամուլի սաստիկ հետաքրքրութեան պատճառով:
2006-ին, Լոլոպրիճիտա եւ Ռիկաու կը ստորագրեն ամուսնութեան նախապատրաստական համաձայնագիր մը եւ կ՛ամուսնանան Սպանիոյ մէջ: 2013 Յունուարին, ան կը սկսի դատական հայց մը Ռիկաուին դէմ, պնդելով թէ իր նախկին գործընկերը գաղտնի արարողութիւն մը բեմադրած էին, որուն ընթացքին ան «ամուսնացած էր» կեղծողի մը հետ, ձեւացնելով թէ ինքն էր Պարսելոնայի գրանցման գրասենեակին մէջ։ Լոլոպրիճիտա կը յայտնէ նաեւ թէ ան մտադիր էր իր մահէն ետք պահանջ ներկայացնել իր կալուածքին վրայ։ Լոլոպրիճիտա խաբէութեամբ կը մեղադրէ Ռիկաուն, ըսելով թէ ան աւելի առաջ իրաւական իրաւունք ձեռք ձգած էր իր անունով գործելու փաստաբանի լիազօրագրով մը, եւ իրականացուցած էր լրացուցիչ ուժ ստանալու համար դաւադրութիւնը։ «Քիչ մը առաջ, ան համոզեց զիս որ տամ իրեն փաստաբանի լիազօրագիրս։ Անոր պէտք էր որոշ իրաւական գործերու համար։ Բայց փոխարէնը, կը վախնամ թէ ան օգտագործեց այն փաստը որ ես չեմ հասկնար սպաներէն ... Ո՞վ գիտէ թէ ինչ ստորագրել տուաւ ինծի։»2017 Մարտին, ան կորսնցուց իր դատական հայցը, սակայն յետագային ըսաւ թէ ան պիտի բողոքէր:
Լոլոպրիճիտա 1997-ին կը դադրի ժապաւէններու մէջ դերեր ստանձնելէ։ 2000-ի Ապրիլին PARADE-ին կը յայտնէ. - «Դպրոցին մէջ գեղանկարչութիւն եւ քանդակագործութիւն սորված եմ եւ դերասանուհի դարձած եմ սխալմամբ... Շատ սիրեկաններ ունեցած եմ եւ տակաւին սիրային կապեր ունիմ։ Շատ շփացած եմ։ Բոլոր կեանքիս մէջ չափէն աւելի երկրպագուներ ունեցած եմ»։ Թոշակի անցնելէ ետք ժամանակը կը բաժնէր Հռոմի մէջ Վիա Աբիա Անթիքայի վրայ գտնուող իր տան եւ Մոնթէ Քարլոյի մէջ գտնուող իր դղեակին միջեւ։ 2009-էն ետք, ան մերժած է այցելուներ ընդունիլ իր տան մէջ։

2013-ին, Լոլոպրիճիտա կը ծախէ իր ոսկեղէնի հաւաքածոն Սոթպիսի (Sotheby's) միջոցով։ Ան նուիրած է մօտաւորապէս $5 միլիոն՝ բջիջներով դարմանումի օգուտին ի նպաստ հետազօտութիւններուն։
2019-ին, «Հռոմէական Ռոթա»ն (Roman Rota), Ֆրանչիսկոս Պապին համաձայնութեամբ, Լոլոպրիճիտայի եւ Ռիկոյի ամուսնութեան անվաւերութեան մասին երկու տարուան վերանայումէ ետք յայտարարութիւն մը հրապարակած է։
2010-ականներու վերջաւորութեան, Անտրէա Փիացոլլան դարձած է Լոլոպրիճիտայի գլխաւոր գործակիցը, ընդհանուր տնօրէնը եւ կարգ մը Մոնեկասկ (Մոնաքոյի) անշարժ գոյքի եւ տնտեսական ընկերութիւններու հոգաբարձուն։ Իսկ 2020-ի Յուլիսին ան մեղադրուած է անկար մարդու մը շրջանցումին համար։
2021-ին, Իտալիոյ Գերագոյն Դատարանը, իր մանչին խնդրանքով, վճռած է թէ Լոլոպրիճիտային մօտ պէտք է իրաւական խնամակալ մը նշանակուի, որպէսզի անոր գործերը վարէ եւ հաւանական գողութիւն կանխէ։ Թէպէտ դատարանը որոշած է թէ ան մտայնապէս կարող էր, բժշկական ապացոյցները ցոյց կու տային որ «իրականութիւնը ճիշդ ընկալելու մէջ թուլացում մը» կար եւ ան «խոցելի» վիճակի մէջ էր:
Մահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լոլոպրիճիտա կը մահանայ 95 տարեկանին, Հռոմի մէջ գտնուող հիւանդանոցի մը մէջ, Յունուար 16, 2023-ին։ Ան կը թաղուի իր ծննդավայրը՝ Սուպիաքօ, Լազիօ:
Ընտանիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փաստաբան եւ քաղաքագէտ, եւ ներկայիս Իտալիոյ Երկրագործութեան Նախարար Ֆրանչեսքօ Լոլոպրիճիտա իր մեծեղբօրորդին է:
2022-ին, մարզական լրատուամիջոցները նշած են թէ ողիմպիական արագութեան սահելու ոսկէ մետալակիր Ֆրանչեսքա Լոլոպրիճիտան իր մեծ քրոջ աղջիկն է, եւ երկուքը հանդիպած էին:
Նոյեմբեր 2023-ին, Անտրէա Փիացոլլա, որ 2009-ին 21 տարեկանին սկսաւ Լոլոպրիճիտայի համար աշխատիլ իբրեւ գործավար, մեղաւոր գտնուեցաւ Լոլոպրիճիտայի միլիոնները գողնալու համար: Փիացոլլա բանտարկուեցաւ երեք տարուան համար:
Մրցանակներ եւ Պաշտօնակարգումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լոլոպրիճիտա մրցանակիր է երեք «Տավիտ տի Տոնաթելլօ», երկու «Նասթրօ տ'Արճենթօ» եւ վեց «Պամպի» պարդեւներու։ Ան երեք անգամ առաջադրուած է «Ոսկէ Երկրագունտի» մրցանակին եւ 1961 թուականին մէկ անգամ շահած է զայն իբրեւ «Աշխարհի Սիրուած Ֆիլմի Դերասանուհի»։ Ան մէկ անգամ առաջադրուած է BAFTA-ի մրցանակին։
1985-ին, Ժաք Լանկ զինք առաջադրած է իբրեւ Ֆրանսայի Արուեստի եւ Գրականութեան Շքանշանի սպայ իր լուսանկարչական եւ քանդակագործական ձեռքբերումներուն համար։
1987-ին ան նշանակուած է Իտալական Հանրապետութեան Արժանիքի Շքանշանի Մեծ Սպայ։
Լոլոպրիճիտա արժանացած է Պատուոյ Լեգէոնի Շքանշանին՝ Ֆրանսուա Միթերանի կողմէ։
16 Հոկտեմբեր 1999-ին, Լոլոպրիճիտա նշանակուած է ՄԱԿ-ի Պարենի եւ Գիւղատնտեսութեան Կազմակերպութեան Բարի Կամքի դեսպան։
1 Փետրուար 2018-ին, Լոլոպրիճիտա «ունեցաւ աստղ» մը Հոլիվուտի Փառքի Ծառուղիին վրայ։
[2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ È morta Gina Lollobrigida // ANSA — 2023.
- ↑ Ճինա Լոլոպրիճիտա,GOLDEN GLOBES (անգլերէն)
- ↑ Բրիտանական հանրագիտարան, Ճինա Լոլոպրիճիտա, 16-01-2013(անգլերէն)
- ↑ "Մահագրութիւն Ճինա Լոլոպրիճիտայի" The Guardian. Լոնտոն, 16-01-2023(անգլերէն)
- ↑ NPR. Associated Press. Լոլոպրիճիտա կը մահանայ 95 տարեկանին, 16 Յունուար 2023(անգլերէն)
- ↑ [https://www.filmreviewdaily.com/in-memoriam/gina-lollobrigida Ճինա Լոլոպրիճիտա GINA LOLLOBRIGIDA (4 July 1927 - 16 January 2023)]
- ↑ Մոսկուայի 8րդ ֆիլմի փառատօն, MIFF, 16-1-2013(անգլերէն)
- ↑ The Guardian-Լոլոպրիճիտա կը յայտնէ թէ պիտի մասնակցի ընտորւթիւններուն, 95 տարեկան հասակին,25-9-2022(անգլերէն)
- ↑ Ճինա Լոլոպրիճիտայի ակնեղէնները Գրեթէ $5M-ով ծախուեցան, ներառեալ բնական մարգարիտէ ականջօղերու աճուրդի մէջ գրանցուած արձանագրութիւն մը:15-05-2013, Անթոնի Տէ Մարքօ(անգլերէն)
- ↑ [The New York Times. - Կեանքը Շարունակուելէ ետք Պատուիրակութիւնները Կը Ժամանեն (անգլերէն)]
- ↑ niaf - Առասպելական դերասանուհի Ճինա Լոլոբրիճիտան պիտի պատուէրուի Ազգային մայրաքաղաքի մէջ կայացող Իտալա-Ամերիկեան ամենամեծ հանդիսութեան ընթացքին22-9-2017(անգլերէն)
- ↑ Լոլոպրիճիտա՝ Աշխարհի ամենէն գեղեցիկ կինը, կը մահանայ 95 տարեկանին, CBS News. 16-01-2023. (անգլերէն)
- ↑ Իտալիոյ Հանրապետութիւն - Լոլոպրիճիտա կը պարգեւատրուի 27-4-1987(անգլերէն)
- ↑ Լոլոպրիճիտա կը կորսնցնէ դատարանը, 25-3-2017(անգլերէն)
- ↑ Կայսերական Ճինա. Ճինա Լոլոպրիճիտայի Շատ Ոչ Արտօնուած Կենսագրութիւնը Boston: Brookline Village. էջ 113.
- ↑ The New York Times - Ճինա Լոլոպրիճիտա, Շարժապատկերի Աստղ եւ Սեռի Խորհրդանիշ, Մահացաւ 95 Տարեկանին(անգլերէն)