Jump to content

Ճէրըտ Այզաքմըն

Ճէրըտ Այզաքմըն
անգլերէն՝ Jared Taylor Isaacman
Ծնած է 11 Փետրուար 1983(1983-02-11)[1] (43 տարեկան)
Ծննդավայր Westfield, Յունիոն շրջան, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Embry–Riddle Aeronautical University? և Ridge High School?
Մասնագիտութիւն գործադիր տնօրեն, տիեզերագնաց, aerobatics pilot և պետական ծառայող
Աշխատավայր Shift4 Payments?[2] և Draken International?[3]
Վարած պաշտօններ Administrator of NASA?

Ճէրըտ Թէյլըր Այզաքմըն (անգլ.՝ Jared Taylor Isaacman, ծնած՝ 11 Փետրուար 1983) ամերիկացի միլիառատէր ձեռնարկատէր, օդաչու եւ առեւտրական տիեզերագնաց, որ Դեկտեմբեր 2025-էն ի վեր կը ծառայէ իբրեւ Ազգային Օդատիեզերական Վարչութեան (NASA) 15-րդ կառավարիչը։

Ան «Շիֆթ 4 Փէյմըթս» (Shift4 Payments) վճարային մշակման ընկերութեան հիմնադիրն է, ինչպէս նաեւ «Տրէքըն Ինթըրնէշընըլ» (Draken International) ընկերութեան հիմնադիրը, որ հակառակորդի դերակատարումով ռազմափորձի եւ օդային մարտավարական ուսուցում կը տրամադրէ Միացեալ Նահանգներու, Միացեալ Թագաւորութեան եւ ՆԱԹՕ-ի այլ անդամ երկիրներու ռազմաօդային ուժերուն։

Մայիս 2025-ին իր զուտ կարողութիւնը կը գնահատուէր շուրջ 1.4 միլիառ ամերիկեան տոլար։

16 Սեպտեմբեր 2021-ին Այզըքմըն հրամանատար կը դառնայ «Ինսփիրէյշըն 4» (Inspiration4) առաքելութիւնը՝ մարդկութեան պատմութեան առաջին ամբողջովին քաղաքացիական անձնակազմով տիեզերական թռիչքը, որ կ'իրականանայ «Սփէյս Էքս» (SpaceX) ընկերութեան «Քրիւ Տրէկըն Ռիսայլընս» (Crew Dragon Resilience) տիեզերանաւով եւ կ'արձակուի «Քենետի» Տիեզերական Կեդրոնէն[4]։

Ան հետագային նաեւ կը գլխաւորէ «Փոլարիս Տաուն» (Polaris Dawn) առաքելութիւնը, որուն ընթացքին կը դառնայ առաջին քաղաքացին, որ բաց տիեզերքի մէջ տիեզերական քայլարշաւ (spacewalk) կ'իրականացնէ։

Դեկտեմբեր 2024-ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զինք կ'առաջադրէ իբրեւ «ՆԱՍԱ»ի 15-րդ կառավարիչ։

Ապրիլ 2025-ին կայացած Սենատի հաստատման լսումներուն ընթացքին, Այզըքմըն կը շեշտէ, թէ ինք պետական համակարգէն դուրս եկած անձ մըն է եւ ունի ձեռնարկատիրական հարուստ փորձառութիւն։ Ան կը յայտարարէ, թէ նպատակ ունի գործակալութիւնը առաջնորդելու դէպի «Գիտութեան եւ Բացայայտումներու Նոր Ոսկեդար»։

Լսումներուն ընթացքին ան նաեւ հարցադրումներու կ'ենթարկուի Իլոն Մասքի հետ ունեցած իր սերտ կապերուն պատճառով, քանի որ Մասքի հիմնադրած «Սփէյս Էքս» (SpaceX)ը ՆԱՍԱ-ի գլխաւոր կապալառուներէն մէկն է[5]։

31 Մայիս 2025-ին, Թրամփի եւ Իլոն Մասքի միջեւ յառաջացած հակամարտութենէն առաջ կատարուած շարք մը որոշումներու ծիրին մէջ, նախագահը ետ կ'առնէ Այզըքմընի առաջադրութիւնը։ Սակայն 4 Նոյեմբեր 2025-ին ան կրկին կ'առաջադրուի նոյն պաշտօնին համար։

Միացեալ Նահանգներու Սենատը 17 Դեկտեմբերին 2025-ին կը հաստատէ անոր նշանակումը իբրեւ ՆԱՍԱ-ի կառավարիչ, իսկ յաջորդ օրը ան պաշտօնապէս կ'երդմնակալէ[6]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]