Jump to content

Ճէյն Օսթըն

Ճէյն Օսթըն
անգլերէն՝ Jane Austen
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Jane Austen
Ծնած է 16 Դեկտեմբեր 1775(1775-12-16)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Սթիվենտոն[4][5][6][…]
Մահացած է 18 Յուլիս 1817(1817-07-18)[6][2][7][…] (41 տարեկանին)
Մահուան վայր Վինչեսթեր, Միացեալ Թագաւորութիւն[4][5]
Քաղաքացիութիւն  Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն և  Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորութիւն
Մայրենի լեզու անգլերէն
Կրօնք անգլիականութիւն
Ուսումնավայր Reading Abbey Girls' School[8] և Պորնմաութ Համալսարան
Ազդուած է Սամուէլ Ճոնսըն[9], Սամուէլ Ռիչարտսոն[9], Հենրի Ֆիլտինկ[9], Ֆրանսիս Պըրնէյ[9] և Աննա Ռատքլիֆ[9]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Հպարտութիւն եւ նախապաշարում, Էմմա, Համոզում, Զգացականութիւն եւ զգայունութիւն, Մէնսֆիլտ պուրակ և Նորթանկըր Աբբայութիւն
Տեսակ Կոթական գրականութիւն և Վիպերգութիւն
Մասնագիտութիւն գրագէտ, վիպասան և վիպասան
Ծնողներ հայր՝ Ճորճ Օսթըն[3][10], մայր՝ Գասանտրա Լի[10]
Ստորագրութիւն

Ճէյն Օսթըն (անգլ․՝Jane Austen, 16 Դեկտեմբեր, 1775 - 18 Յուլիս, 1817)․ անգլիացի գրագիտուհի, ճանչցուած իր վեց վէպերով, որոնք անուղղակիօրէն կը մեկնեն, կը քննադատեն եւ կը մեկնաբանեն անգլիական ազնուականութիւնը ԺԸ․ դարու վերջաւորութեան։ Օսթընի պատմութիւնները յաճախ կը քննարկեն կիներու կախումը ամուսնութենէն, նպատակ ունենալով նպաստել ընկերային դիրքաւորման եւ տնտեսական ապահովութեան։ Իր գործերը ԺԸ․ դարու երկրորդ կէսին զգացական վէպերու անուղղակի քննադատութիւններ են ու ԺԹ․ դարու գրական իրապաշտութեան անցման մաս կը կազմեն։ Ընկերային մեկնաբանութեան, իրապաշտութեան, սրամտութեան եւ երգիծանքին իր գործածութիւնը իրեն վաստակած են քննադատներու եւ գիտնականներու գնահատանքը։

Տեղեկութիւններ կեանքին եւ գործին մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճէյն Օսթըն ծնած է 16 Դեկտեմբեր 1775-ին, Սթիւընթոն, Հէմբշայր, եւ ընտանիքին ութ զաւակներէն եօթներորդն էր։ Հայրը՝ Ճորճ Օսթին, Օքսֆորտի դասախօս եւ հոգեւորական էր, իսկ մայրը՝ Քասանտրա Լի, ազնուական տոհմէ սերած պարոնուհի մըն էր։ Ճէյն վեց եղբայր ունէր (Ճէյմս, Ճորճ, Էտուարտ, Հենրի, Ֆրանսիս եւ Չարլս) եւ մէկ քոյր՝ Քասանտրա, որուն հետ շատ սիրալիր էր։ Անոնք յաճախած են անձնական վարժարան եւ միասին ապրած են մինչեւ Ճէյնի մահը։

Օսթին 22 տարեկանէն առաջ կարեւոր վէպեր գրած է, որոնք հրատարակուած են 35 տարեկան հասակին: Անանուն հրատարակուած՝ «Զգացում եւ զգայականութիւն» (1811), «Հպարտութիւն եւ նախապաշարում» (1813), «Մանսֆիլտ պուրակ» (1814) եւ «Էմմա» (1816) չափաւոր յաջողութիւններ եղած են եւ իր կենդանութեան օրով իրեն հանրային համբաւ չեն բերած: Ան գրած է ուրիշ երկու վէպեր՝ «Նորթանկըր աբբայութիւն» եւ «Համոզում», երկուքն ալ հրատարակուած են յետմահու, 1817-ին։ Իսկ պատահաբար կոչուած «Սենտիթոն»՝ անաւարտ մնացած է իր մահուան պատճառով: Ձեռագիր ձգած է նաեւ մանկական գրութիւններու երեք հատորներ, կարճ նամակագրական վէպ մը՝ «Տիկին Սիւզան», եւ անաւարտ վէպ մը՝ «Ուաթսընները»։

Օսթընի յիշատակին յուշարձան Լոնտոնի Ուեսթմինսթըր Աբբայութեան Բանաստեղծներու բաժնին մէջ

Մինչեւ իր մահը, Օսթընի վէպերը հազուադէպօրէն դուրս մնացած են տպագրութենէն: Իր համբաւը նշանակալի անցում մը արձանագրած է 1833-ին, երբ անոնք կը վերահրատարակուին Ռիչարտ Պենթլիի «Ստանդարտ Վէպերու շարք»ին մէջ (պատկերազարդուած Ֆերտինանտ Փիքէրինկի կողմէն եւ ծախուած որպէս հաւաքածոյ) եւ աստիճանաբար լայն գնահատանք եւ ժողովրդական ընթերցողներ ձեռք կը բերեն: 1869-ին իր եղբօրորդին կը հրատարակէ «Յուշագրութիւն Ճէյն Օսթընի»:

Իր գործը ներշնչած է մեծ թիւով քննասիրական յօդուածներ եւ ներառուած է բազմաթիւ գրական ժողովածուներու մէջ:

Գործը շարժապատկերի եւ հեռատեսիլի մատենաշարերու նիւթ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ճէյն Օսթընի յիշատակի տապանաքարը Ուինչեսթըրի Մայր Եկեղեցւոյ միջավայրին մէջ։

Ճէյնի գործը եւ կեանքը շարժապատկերի եւ հեռատեսիլի բազմաթիւ մատենաշարերու նիւթ հանդիսացած են։ Իսկ վէպերը յաճախ ժապաւէնագրութեան եւ հեռատեսիլի համար յարմարցուած են: ժապաւէնային նշանաւոր յարմարեցումներէն են՝ «Հպարտութիւն եւ նախապաշարում» (1940), «Զգացականութիւն եւ զգայունութիւն» (1995), «Էմմա» (1996), «Մէնսֆիլտ պուրակ» (1999), «Հարսնցու եւ նախապաշարում» (2004), «Հպարտութիւն եւ նախապաշարում» (2005), «Սէր եւ բարեկամութիւն» (2016) եւ «Էմմա» (2020):

Հեռուստատեսութեան նշանաւոր յարմարեցումներէն են՝ «Համոզում» (1995), «Հպարտութիւն եւ նախապաշարում» (1995), «Նորթանկըր Աբբայութիւն» (2007), «Համոզում» (2007), «Կորսուած Օսթընի մէջ» (2008), «Զգացականութիւն եւ զգայունութիւն» (2008), «Էմմա» (2009) եւ «Սանտիթըն» (2019-2023):

Մահ եւ ժառանգութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճէյն Օսթըն կը մահանայ 1817-ին, 41 տարեկանին, ցաւոտ հիւանդութեեան պատճառով երկարատեւ տառապանքէ մը ետք, որ հաւանաբար Ատիսոնի հիւանդութիւնն էր կամ Հոճքընս հիւանդութիւն։ Ան թաղուած է Ուինչըսթըրի մայր տաճարին մէջ։ Չոթոնի իր բնակարանը այսօր թանգարան է։

Ուինչեսթըրի Մայր Տաճարի բակին մէջ, Հոկտեմբեր 2025-ին բացումը կ՛ըլլայ Ճէյն Օսթընի կեանքի չափով արձանը՝ անոր ծննդեան 250-ամեակը յիշատակելու համար:

[11] [12] [13] [14] [15]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Бельский А. А. Остин // Jane AustenМ.: Советская энциклопедия, 1962. — Т. 5.
  2. 1 2 Bibliothèque nationale de France Jane Austen (1775-1817) — 2011.
  3. 1 2 Oxford Dictionary of National Biography / C. Matthew, D. CannadineOxford: OUP, 2004.
  4. 1 2 Аустен, Джен // Энциклопедический словарь / под ред. И. Е. АндреевскийСПб.: Брокгауз — Ефрон, 1890. — Т. II. — С. 471.
  5. 1 2 Остин Джейн // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  6. 1 2 Бельский А. А. Остин // Краткая литературная энциклопедияМ.: Советская энциклопедия, 1962. — Т. 5.
  7. BeWeB
  8. Why did Jane Austen go to school in Reading?Reading Museum.
  9. 1 2 3 4 5 (unspecified title)Քեմբրիջի համալսարանի հրատարակչություն, 2006. — ISBN 978-0-521-85806-9
  10. 1 2 Kindred Britain
  11. Ճէյն Օսթըն, Բրիտանական Հանրագիտարան, 12-8-2014(անգլերէն)
  12. Աշխարհի լաւագոյն գրականութեան գրադարան, 1897(անգլերէն)
  13. HuffPost Greece - «Հպարտութիւն եւ Նախապաշարում». Ճէյն Օսթընի նշանաւոր վէպը կը դառնայ շարք Netflix-ի մէջ, 14-10-2024(յունարէն)
  14. STORIES - Ճէյն Օսթինի ողբերգական կեանքը. վատ յարաբերութիւն մօր հետ, հեռու այն սէրէն, որուն փառաբանեց, 18-7-2023(անգլերէն)
  15. BBC News- Ճէյն Օսթընի արձանը բացուեցաւ տաճարին մէջ, 16-10-2025(անգլերէն)