Jump to content

Ճէյմս Ռասըլ

Ճէյմս Ռասըլ
Ծնած է 1953[1][2][3][…]
Ծննդավայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Օքսֆորտի Համալսարան, Քոլումպիա Համալսարան և Լոնտոնի Համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան Ուսմանց Դպրոց
Մասնագիտութիւն պատմաբան
Աշխատավայր Հարուըրտ Համալսարան

Ճէյմս Ռասըլ (1953[1][2][3][…], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի արեւելագէտ, իրանագէտ եւ հայագէտ։ : Ռասըլ, ծագումով հրեայ, մասնագիտացած է հայերէն լեզուի եւ հայագիտութեան մէջ։

Ծնած է Նիւ Եորք։ Շրջանաւարտ է Նիւ Եորքի Քոլոմպիա Համալսարանէն։ Դոկտորականի թեզը պաշտպանած է Լոնտոնի Համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան Բաժանմունքին մէջ: Դասաւանդած է Քոլոմպիա Համալսարան ապա ստանձնած է Փրոֆէսորի պաշտօն Երուսաղէմի Հիպրու Համալսարանին մէջ։

1993-2016 Պաշտօնավարած է Հարվըրտ Համալսարան, իբրեւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան փրոֆէսօր, Մերձաւոր Արեւելքի Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութեան Բաժանմունքին մէջ։ Վարչական Անդամ է՝ ՏԷյվիս Կեդրոնի Ռուս եւ Եւրոասիական Բաժանմունքին մէջ։ Փրոֆէսօր է նաեւ Հին Մերձաւոր Արեւելքի, Իրանական եւ Հայկական Կրթական Բաժանմունքին մէջ։

Համաշխարհային համբաւ վայելող գիտնականը, բազմաթիւ գիտական ուսումնասիրութիւններու տէր է եւ հեղինակ վեց համաշխարհայնօրէն ընդունուած անկիւնադարձային գիրքերու։

Ներկայիս կ'ապրի Ֆրէզնօ, ԱՄՆ ուր կը շարունակէ իր ուսումնասիրութիւնները։ Ան նաեւ այցելու փրոֆէսօր է կարգ մը համալսարաններու մէջ[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  2. 2,0 2,1 NUKAT — 2002.
  3. 3,0 3,1 AlKindi (Դոմինիկյան Արևելագիտության ինստիտուտի առցանց կատալոգ)
  4. «ԱՂՕԹՔ ԱՄԱՆՈՐԻ»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2023-12-22։ արտագրուած է՝ 2024-05-13