Ճափոնի Տիեզերական Հետազօտութեան Գործակալութիւն

Ճափոնի Տիեզերական Հետազօտութեան Գործակալութիւնը (Japan Aerospace Exploration Agency -JAXA) Ճափոնի տիեզերական ծրագիրը իրականացնող մարմինն է եւ երկիրին ազգային օդանաւային հետազօտութեան գործակալութիւնը։ Կազմուած է 2003-ին՝ երեք հաստատութիւններու միաձուլումով՝ Տիեզերական եւ Աստղագնացական Գիտութեան Հիմնարկին, Ճափոնի Ազգային Օդատիեզերական Տարրալուծարանին եւ Ճափոնի Ազգային Տիեզերական Զարգացման Գործակալութեան։
«JAXA» կատարած է բազմաթիւ առաքելութիւններ, որոնց շարքին են՝ «ՍԵԼԵՆ» (SELENE) լուսնային ուղեծրային զննիչը, «ՍԼԻՄ» (SLIM) լուսնային վայրէջքի սարքը եւ հետախուզիչ մեքենաները, ինչպէս նաեւ «Հայապուսա» (Hayabusa) հետազօտութեան առաքելութիւնները։ «Հայապուսա» (Hayabusa)-ն 2010-ին Երկիր կը վերադարձնէ աստղակերպէ մը վերցուած նմոյշներ, իսկ «Հայապուսա»ն (Hayabusa 2) աստղակերպի մը մակերեւոյթին վրայ կը տեղադրէ փոքր հետախուզիչ մեքենաներ։
«Աքաթսուքի» (Akatsuki) առաքելութիւնը 2015-էն մինչեւ 2024 կ'ուսումնասիրէ Արուսեակը անոր շուրջ գտնուող ուղեծիրէն։ «ԻՔԱՐՕՍ» IKAROS ծրագիրը կը փորձարկէ արեւային առագաստով շարժման եղանակը միջմոլորակային տարածութեան մէջ։ «Պեփի- Քոլոմպօ»ն (BepiColombo), որ 2018-ին կ'արձակուի Եւրոպական Տիեզերական Գործակալութեան հետ համատեղ, Փայլածուի (Մերկիւրի) ուղղուած առաքելութիւն մըն է։ «Հրատի Արբանեակներու Հետազօտութիւն» (Martian Moons eXploration (MMX)) ծրագիրը նախատեսուած է Դեկտեմբեր 2026-ին արձակուելու եւ նպատակ ունի Հրատի արբանեակ Փոբոսէն նմոյշներ բերել Երկիր։
JAXA կը շահագործէ «H3» միջին տարողութեամբ արձակման հրթիռը՝ «Թանեգաշիմա Տիեզերական Կեդրոն»էն, իսկ «Epsilon S» փոքր տարողութեամբ արձակման հրթիռը՝ «Ուչինուրա Տիեզերական Կեդրոն»էն։
JAXA-ն այն հինգ տիեզերական գործակալութիւններէն մէկն է, որոնք կը մասնակցին Միջազգային Տիեզերակայանի (ISS) ծրագիրին։ Անիկա կը մշակէ կայանի ամէնէն մեծ բաժինը՝ «Քիպօ» (Kibō) գիտական հանգոյցը, եւ 2009-էն ի վեր պարբերաբար կը մատակարարէ Միջազգային Տիեզերակայանը՝ նախ «HTV», իսկ հետագային՝ «HTV-X» բեռնատար տիեզերանաւերով[1]։
1992-էն ի վեր JAXA-ի Տիեզերագնացներու Խումբէն տասնմէկ անդամներ թռիչքներ կատարած են Տիեզերանաւ (Space Shuttle), Սոյուզ եւ (Dragon 2) տիեզերանաւերով՝ գլխաւորաբար Միջազգային Տիեզերակայանի առաքելութիւններու ընթացքին[2]։