Jump to content

Ճափոնական Քինցուկի

Ճափոնական Քինցուկի, ճաքերը վերականգնելու ճափոնական արուեստ:

Ճափոնի մէջ յաճախ կոտրած իրերը կը նորոգեն` ճաքերը ոսկիով լեցնելով: Անոնք թերութիւնը կը դիտարկեն իբրեւ իրի պատմութեան իւրայատուկ տարր, առանձնայատկութիւն մը, որ անոր յաւելեալ գեղեցկութիւն կը շնորհէ[1]:

Այս արուեստը ունի աւելի քան 500 տարուան պատմութիւն։ Անիկա ծագած է ԺԵ. դարու վերջին[2]։

Գինձուկին կը թարգմանուի իբրեւ «ոսկիով միացում»։ Այս արուեստը ոչ միայն վերանորոգման արհեստ է, այլ խոր փիլիսոփայութիւն, որ կը խրախուսէ նկատել գեղեցկութիւնը անկատարութեան, ճաքերուն եւ անցեալի վէրքերուն մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]