Ճանի Հատտատ

Ճանի Հատտատ
Մահուան վայր Հալէպ, Սուրիա
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն վիրաբոյժ
Երեխաներ մանրավիրաբոյժ Փեթիա Հատտատ

Ճանի Հատտատ երբեմն ալ Ժան Հատտատ ACMA (Հայ քրիստոնեաներու բժիշկներու միութեան) հիմնադիր նախագահն է: Ան բազմաթիւ անվճար վիրահատութիւններ իրականացուցած է Հայաստանի մէջ, Արցախ աշխարհին մէջ եւ տարիներ շարունակ կ’իրագործէ այդ բարեսիրական գործունէութիւնը` առանց ակնկալելու պարգեւներ, պատուոյ գիրներ, թէեւ մօտաւորապէս 5200 անվճար վիրահատութիւն իրականացուցած է: Գիտական բազմաթիւն աշխատութիւններու հեղինակ, բարեգործ:

Պսակաձեւ Ժահրի պատճառաւ կը մահանայ 13 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպ, Սուրիա:

Սրտի մեծ ցաւով իմացանք անակնկալ մահը հանգուցեալ Բժշկ. Ճանի Հատտատին, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 13 Օգոստոս 2020-ին:

Այս տխուր առիթով անձնապէս եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին անունով մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք եւ Ս. Հոգիին մխիթարական ներկայութիւնը կը հայցենք համայն Հատտատ եւ Արապեան ընտանիքներուն, աղօթելով, որ կեանքի ու մխիթարութեան Աստուածը Իր մխիթարական ներկայութեամբ այցելէ Ձեզ եւ Ձեր սիրելիները աստ եւ անդ:

Թող ամենակալն Աստուած հնգց. Բժ. Ճանի Հատտատի քաղցր յիշատակը օրհնեալ ընէ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ:

Վեր. Յարութիւն Սելիմեան Համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի


Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հատտատ մականուն կամ ազգանուան պատմութիւնը այն է, որ Ճանի Հատտատի մեծ հայրը Տիարպեքիրէն` Տիգրանակերտէն էր եւ գաղթելէ ետք ըսած են, որ կամ Տէմիրչի կամ Հատտատ պիտի կոչեն (որ երկու պարագաներուն ալ կը նշանակէ երկաթագործ. առաջինր` թրքերէնով, երկրորդը` արաբերէնով), հայրը կը նախընտրէ երկրորդ` արաբերէն տարբերակը[1]:

Ճանի Հատտատ 1990-ին Քուէյթէն կ'անցնի, կը հաստատուի Հալէպ [2]:

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճանի Հատտատ Քուէյթի մէջ աւարտած է դպրոցը, որմէ ետք 1979-ին [3] աւարտած է Դամասկոսի Բժշկական համալսարանը, վիրաբուժական բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Անգլիոյ թագաւորութեան մէջ:Ան գլխաւորապէս մասնագիտացած է խպիպի եւ քաղցկեղի վիրաբուժութեան գիծով:

Ես պատերազմներ անցած եմ` 1973-ին Սուրիոյ եւ Իսրայէլի, 90-ականներուն` Իրաքի պատերազմը, 2000-ին եւ հիմա ալ` սուրիական պատերազմը: Մինչ այսօր 15 երկիրներու մէջ ծառայած եմ իմ մասնագիտութեամբ: Ես կ’ըլլամ Փաքիստանի, Սուտանի, Եգիպտոսի, Իրանի, Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի մէջ, բոլոր այն տեղերը, ուր իմ կարիքը կայ:
- Ճանի Հատտատ


Ճանի Հատտատի հիմնած ACMA կազմակերպութիւնն ու Բարեգործութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճանի Հատտատի առաջին այցելութիւնը Հայաստան եղած է 1988-ին` երկրաշարժի 6-րդ օրը. երեք ինքնաթիռ բերած է Քուէյթէն` բեռնուած բժշկական սարքաւորումներով, քիչ քանակութեամբ դեղորայքով:

Հայաստանին այդ ժամանակ աւելի անհրաժեշտ էր ունենալ բժշկական սարքաւորումներ: Շատ կարեւոր էր այդ ժամանակ ունենալ երիկամունք լուացող սարքաւորում` Hemodialysis, չունէին լաբորասկոպիկ գործիքներ: Ես այդ ամէնը բերած էի, սակայն, ցաւօք, չպահեցին, չօգտագործեցին, վաճառեցին դուրսը [1]:
- Ճանի Հատտատ


ինչու եւ ինչպէս սկսայ բարեգործութիւն ընել. 1976-ին Տէրը ինծի տեսիլք մը տուաւ, որ ես պիտի ծառայեմ Հայաստանին: Այդ տեսիլքը երեւցաւ ինծի, երբ դեռ ուսանող էի եւ իմ բոլոր հայ ընկերներուս յորդորեցի գալ ու ծառայել Հայաստանին. անշուշտ, մէկ մասը ընդունեց միտքս, միւս մասը` ոչ:
- Ճանի Հատտատ


2000 թուականին Հայաստանի մէջ ծանօթացայ շարք մը մարդոց հետ եւ պատմեցի իմ տեսիլքիս մասին, դիմաւորեցին, ընդունեցին, սկսանք մեր բարեգործական ծառայութիւնները ընդամէնը 3 հոգիով: 2006-ին հիմնեցի ACMA կազմակերպութիւնը, այժմ խումբին մէջ ընդգրկուած են 206 հոգիէ աւելի աշխատողներ: Բոլորն ալ կ’աշխատին կամաւոր հիմունքներով: Հետս կ’աշխատի նաեւ աղջիկս` Փեթիան, ան իմ աջ ձեռքս է: Փեթիան մանրավիրաբոյժ է, փեսաս համակարգչային մասնագէտ[1] :
- Ճանի Հատտատ


«Պարնապաս» հիմնադրամը, ACMA կազմակերպութեան հովանաւորողն է, որ կ’աջակցի, մանաւանդ` Հալէպի մէջ: ACMA-ի առաքելութիւնը հիմնականին մէջ Սուրիայէն Հայաստան գաղթած սուրիահայերուն օգնելն է, ACMA կազմակերպութեան կ’օգնեն նաեւ եկեղեցիները:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]