Ճահիճ

Ճահիճը անտառով ծածկուած թաց վայր մըն է[1]։
Անիկա կը նկատուի անցումային գօտի մը, որովհետեւ եւ՛ ցամաքը եւ՛ ջուրը դեր կը խաղան այս միջավայրը ստեղծելու մէջ։ Ճահիճներու տարածքը տարբեր կ'ըլլայ՝ փոքրերէն մինչեւ շատ մեծերը եւ անոնք կը գտնուին ամբողջ աշխարհի տարածքին։
Ճահիճը անյատակ է. այլ խօսքով` չկայ ոտք դնելու, յենելու եւ գլուխը ճահիճէն դուրս բարձրացնելու որեւէ առարկայական ենթահող:
Ճահիճի ջուրը կրնայ ըլլալ քաղցրահամ կամ աղի։
Քաղցրահամ ճահիճները կը կազմուին մեծ գետերու կամ լիճերու եզերքին, ուր անոնք կախեալ են անձրեւի ջուրէն եւ եղանակային հոսանքներէն, որոնք բնական ջրիմակներ կը ստեղծեն[2]։
Աղի ճահիճները կը գտնուին արեւադարձային եւ ենթա-արեւադարձային ծովեզերքներուն։
Որոշ ճահիճներու մէջ կարելի է հանդիպիլ հեմըք (hammock) կոչուող ցամաքի բարձրացումներու, որոնք ծածկուած են ջրափնային բուսականութեամբ կամ բոյսերով, որոնք կը դիմանան ժամանակաւոր ջրածածկութեան կամ հողային խոնաւութեան։
Ճահիճներու երկու գլխաւոր տեսակներ կան՝ «իսկական» կամ անտառային ճահիճներ եւ «անցումային» կամ թուփային ճահիճներ։ Քանատայի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, «ճահիճ» բառը երբեմն կ'օգտագործուի այլ տեսակի թաց վայրերու՝ ինչպէս փոսոտներու փոխարէն։

Աշխարհի ամէնէն մեծ ճահիճներէն մէկ քանին կը գտնուին մեծ գետերու ափերուն, ինչպէս՝ Ամազոն, Միսիսիփի եւ Քոնկօ։
Ճահիճները շատ կարեւոր են բնութեան համար։ Անոնք ապաստան կու տան բազմատեսակ անասուններու եւ բոյսերու, ինչպէս նաեւ կ'օգնեն միջավայրը մաքրելու։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ճահիճը անտառով ծածկուած թաց վայր մըն է:
- ↑ «Ճահիճ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-06-10-ին։ արտագրուած է՝ 2025-09-19