Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմ հանրագիտարան
|
| |
| Երկիր |
|
|---|---|
| Լեզու | Հայերէն |
| Նիւթեր | Արցախեան Ազատամարտ |
| Հրատարակող | Հայկական հանրագիտարան հրատարակչութիւն |
Հրատարակչական թուական | 2014 |
| Գիրքի տեսակ | Տեղեկատու |
| Էջ | 865 |
Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմ հանրագիտարանը «Հայկական Հանրագիտարան» հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած հանրագիտարան, որ կըներկայացնէ Արցախեան ազատամարտի ռազմական գործողութիւններու ու ճակատամարտերու, ընդհատակին ու թիկունքին գործած բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, կամաւորական ջոկատներու, պաշտպանական շրջաններու զօրքերու ու զէնքի տեսակներու մասին։ Առանձին յօդուածներով ներկայացուած են պատերազմի զօրավարներն ու ղեկավարները, Հայաստանի Ազգային ու Արցախի հերոսները, ՀՀ եւ ԼՂՀ «Մարտական խաչ» շքանշանով պարգեւատրուածները, ազգային ազատագրական պայքարի նուիրեալները, արցախեան հիմնահարցով զբաղուող հայրենի եւ արտասահմանեան պետական, հասարակական-քաղաքական գործիչները, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններ, յանձնաժողովներ ու տարբեր խումբեր, որոնք կը զբաղուին հիմնահարցի կարգաւորման։
Հանրագիտարանին մէջ մեծ տեղ յատկացուած է նաեւ ԼՂՀ պատմութեան, տնտեսութեան, մշակոյթին, կրթութեան, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան առանձին շրջաններուն ու բնակավայրերուն՝ յատկապէս նկատի առնելով կամաւորական ջոկատներու կազմաւորման եւ ինքնապաշտպանական ու ազատագրական մարտերու փախստականներով։
Յոդուածներու մէկ մասը զետեղուած են նաեւ թեմատիկ ձեւով, ինչպէս օրինակ, «Բժիշկները Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմին մէջ», «Ուսանողները Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմին մէջ», «Կանայք Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմին մէջ», «Օդաչուները Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմին մէջ», «Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմի արտացոլումը գրականութեան մէջ» եւ այլն։ Առանձին յօդուածներով կը ներկայացուին նաեւ Սումկայիթի, Կիրովաբադի, Բաքուի եւ այլուր հայերու հանդէպ Ազրպէյճանի իրագործած ոճրագործութիւնները։