Ձու

Ձու, Օրկանական փոքր մարմին, մաշկով կամ կեղեւով պատուած, որ կը գտնուի կենդանիներու էգերուն մէջ, եւ որ արուէն բեղմնաւորուելով՝ նոր կենդանիի մը ծնունդ կու տայ[1]։ Երբ սաղմը բաւարար չափով մեծնայ, կենդանին կ'ելլէ կեղեւէն[2]։
Ձու կ'ածեն բազմաթիւ կենդանիներ՝ թռչուններ, ձուկեր, սողուններ, միջատներ եւ ուրիշներ։ Մինչդեռ կենդանածին կաթնասունները, օրինակ մարդը կամ շունը, ձու չեն ածեր։
Թռչուններու եւ սողուններու ձուերուն շուրջը կը գտնուի պաշտպանիչ կեղեւ մը։ Սաղմը մեծնալու համար անոնք պէտք է պահուին տաք եւ ապահով միջավայրի մը մէջ։
Մարդոց համար ձուն հիմնական ու լայն տարածուած ուտելիք մըն է։ Կը գործածուի բազմազան ուտեստներու մէջ եւ նոյնիսկ դեղագործութեան մէջ՝ օրինակ՝ պատուաստներ պատրաստելու համար։
Ձուն ունի նաեւ խորհրդանշական արժէք․ հին աւանդութիւններու մէջ կը խորհրդանշէ կեանք եւ վերածնունդ։ Շատ մշակոյթներու մէջ զարդարուած ձուն հանդիսացած է ժողովրդային սովորութիւն։
Հետաքրքրական տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կարգ մը կենդանիներ ձուն կ'ածեն, յետոյ տաքութեան միջոցով (թխուելով) կը զարգանան, իսկ ուրիշ կենդանիներու ձուն կը զարգանայ եւ կենդանութիւն կը ստանայ մօր մարմինին մէջ։ Առաջինները կը կոչուին ձուածին, երկրորդները՝ կենդանածին։
- Մեղուին էգը (թագուհին) երկու ամսուան մէջ մինչեւ տասներկու հազար ձու կ'ածէ։
- Յատկապէս՝ թռչուններու ածած ձուն, որ պատուած է պինդ կեղեւով, երբեմն կլոր եւ երբեմն ձուաձեւ կ'ըլլայ. կը պարունակէ դեղնուց, որ շրջապատուած է սպիտակուցով. դեղնուցին մէջ կը պարունակէ սաղմը, որմէ կը գոյանայ ապագայ ձագը։
- Հաւու ձուն (հաւկիթը) շատ սննդարար կերակուր է։
- Ձուին դեղնուցն աւելի սննդարար է քան սպիտակուցը։
- Ջայլամի ձուն շատ մեծ է ու պինդ կեղեւ ունի։
- Հաւը ձուին վրայ թուխսի կը նստի 21 օր, սագը՝ 31 օր, իսկ աղաւնին՝ 18 օր։
- Անցեալին ձագ ստանալու համար ձուերը հաւին տակ կը դնէին, որ թխսէր։ Ներկայիս, յատուկ հնոցներու մէջ, միապաղաղ տաքութիւն պահպանելով՝ միաժամանակ հարիւրներով եւ հազարներով ձագ կը ստանան։