Ձմեռ

(Վերայղուած է Ձմեռ (արեւմտահայերէն)-էն)

Ձմեռ, տարուան չորս եղանակներէն մին։ Կը հանդիսանայ աշնան՝ յաջորդող, իսկ գարնան՝ նախորդող եղանակը։ Տարուան ամենացուրտ եղանակը։ Ձմեռային արեւադարձի ժամանակ օրերը ամենակարճն են, իսկ գիշերները՝ ամենաերկարը։ Հիւսիսային կիսագունդի տարածքին կը սկսի Դեկտեմբեր 21–ին ու կը վերջանայ Մարտ 21–ին (Յունուար, Փետրուար, Մարտ)։ Հարաւային կիսագնդի տարածքին՝ Յունիս 22–ին կը վերջանայ Սեպտեմբեր 23–ին (Յուլիս, Օգոստոս, Սեպտեմբեր)։ Օդի ջերմաստիճանը կը նուազի, անձրեւ կը տեղայ, իսկ աւելի ցուրտ երկիրներ՝ ձիւն։ Միեւնոյն ժամանակաշրջանին Հարաւային կիսագունդը կը վայելէ Ամրան եղանակը։ Այս ժամանակաշրջանին առաւօտը կը կարճնայ, իսկ գիշերը կ՛երկարի, ուստի թռչունները կը գաղթեն տաք երկիրներ։

Ձմրան տեւողութիւնը 93 օր է՝ Հիւսիսային կիսագունդի տարածքին եւ 89 օր՝ Հարաւային կիսագնդի տարածքին։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]