Ձիու Պայտի Գիւտը

Ձիու պայտի գիւտը ծանօթ չէր ո՛չ յոյներուն եւ ոչ ալ հռոմէացիներուն։ Բացառիկ պարագաներու տակ գրաստներու ոտքերը պաշտպանելու համար կը գործածէին մասնաւոր կօշիկներ, որոնք շինուած էին մազէ, յարդէ եւ հազուադէպօրէն ծածկուած էին մետաղով։

Այս կօշիկները կենդանիներուն ոտքերուն կ․ամրացուէին փոկերով եւ կամ այլ կապերով, որոնք թոյլ չէին տարկենդանիին երկար վազել, հետեւաբար անոնք չէին գործածուէր պատերազմի ժամանակ։

Հռոմէացիները պայտի գիւտը (գամերով միասին) կը վերագրեն իրենց կողմէ բարբարոս կոչուած ցեղերուն։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Պապէսեան Յովհաննէս (1961), «Հանրագիտակ», Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, էջ 331։