Ձեռք ձեռքի (մանկապարտէզի ծրագիր)
| Հեղինակ | Անահիտ Սարգիսեան |
|---|---|
| Լեզու | արեւմտահայերէն |
| Շարք | Մանկապարտէզի ծրագիր |
| Կայքէջ | https://www.zndoog.com/archives/materials/tserk_tserki |
Ձեռք ձեռքի․ մանկապարտէզի ընդհանուր ծրագիր, ուղղուած 2-էն 6 տարեկան երեխաներու համար։ Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ բոլոր բանալիները, որպէսզի կարդալ գրելու տարիքին հասնելէ առաջ՝ մանուկները հաճոյքով եւ բնականօրէն սեփականացնեն արեւմտահայերէնը։ Պատրաստուած է Անահիտ Սարգիսեանին կողմէ, երեխաներու հետ տարիներու յարատեւ աշխատանքի, փորձի եւ վերամշակումներու վրայ հիմնուելով։
Ծրագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ձեռք ձեռքի» յայտագիրը Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու տարիքային չորս մակարդակներու կարիքներուն համապատասխանող արդիական հասկացողութեամբ պատրաստուած ծրագիր մըն է։ Կը բովանդակէ այդ բոլոր բանալիները, զոր երեխան կարդալ գրելէ առաջ, հաճոյքով եւ բնականօրէն սեփականացնէ արեւմտահայերէնը։ Մանուկը լեզուն կը գործածէ խօսելու, պատմելու, երգելու, խաղալու, մտածելու, ստեղծելու, հնարելու եւ այդպէս կը տրրապետէ գրելու եւ կարդալու համար անհրաժեշտ նախահիմքերուն։
Ծրագրին փուլերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծրագիրը օժտուած է երգ ու կշռոյթով, աւանդական, ժողովրդական, մշակութային եւ համաշխարհային բազմազան գիտելիքներով։ Այս ծրագիրին հետեւելով, երեխաները միեւնոյն ժամանակ կը զարգացնեն երաժշտական, գեղարուեստական եւ լեզուական կարողութիւններ։ Տարիէ տարի ծրագիրին նիւթերը երեխաներէն բխած, անոնցմէ ներշնչուած եւ անոնց հետ ձեւաւորուած աշխարհ մը կը հիւսեն, ուր երեխան ու լեզուն կը շաղուին եւ հայերէնը կը դառնայ բնական, գիտութեամբ եւ ճկունութեամբ հարուստ լեզու մը եւ անոնք իրենց սեփական լեզուն՝ կարդալու եւ գրելու պատրաստ կ՚ըլլան։
Ծրագրին նպատակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայախօս եւ հայախօս չեղող երեխաներուն համար, անկապ իրենց տան կամ երկրին մէջ տիրապետող լեզուէն, դպրոցը ամբողջական այդ ծրագիրով գունաւոր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, ուր ամէն մէկը մաս կը կազմէ ծրագիրին հրամցուցած պատմութիւններուն, խաղերուն, բառախաղերուն, երաժշտական, զգացական, իմացական աշխարհին։
Ծրագիրը լման ներկայացուած է․ աշխատանքային տետրակները, ձայներիզներն ու տեսերիզները շաղկապուած են։
«Ձեռք ձեռքի» ծրագիրի գործածութեան համար պատրաստուած են ուղեցոյց տեսերիզներ։ Ստորեւ, ծանօթագրութիւններուն մէջ կը ներկայացուի նմոյշ մը ծրագիրին բոլոր բաժիններուն։
«Ձեռք ձեռքի» ծրագիրը մանկապարտէզին մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անհրաժեշտ է ուղեկցողը (ուսուցիչը) նախապէս պատրաստուած ըլլայ այդ յայտագիրին համար։ Իւրացուցած ըլլայ այդ ծրագիրը աշխատանոցներու ընմէջէն։ Որովհետեւ ան խումբին մաս կը կազմէ, խաղին մաս կը կազմէ եւ ուղեկցող է։
զնտուկ կայքէջին Ձեռք ձեռքի էջին մէջէն կարելի է հասնիլ ծրագիրին բոլոր բաժիններուն։
[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12]