Jump to content

Ձայնի խռպոտութիւն

Ձայնի խռպոտութիւն, ձայնային շղթայի մէջ նուազագոյն խանգարումը կը յառաջացնէ ձայնի անբնական վիճակ մը, որ կը կոչուի ձայնի խռպոտութիւն (hoarsness)։

Խռպոտութիւնը մարդու ձայնի որակի փոփոխութիւնն է, որ կը տարուբերի ձայնի տկարացումէն մինչեւ ձայնի կոշտութիւն։

Անոր հիմնական պատճառը ձայնալարերու անբնական թրթռացումն է։

Խռպոտութիւնը ամէնէն կարեւոր ախտանշաններէն մէկն է խռչափողի հիւանդութիւններուն եւ երբեմն՝ միակ ախտանշանը։ Որոշ հիւանդութիւններու պարագային՝ ան առաջին ախտանշանն է, իսկ ուրիշ պարագաներու՝ ան կը յայտնուի բաւական ուշ։

Տարիք, ախտանշաններ եւ դարմանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձայնի խռպոտութիւնը կրնայ պատահիլ նորածիններու, մանուկներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու պարագային, սակայն մանուկներու եւ նորածիններու ձայնի խռպոտութիւնը հազուադէպ է։

Նորածինի պարագային, խռպոտութիւնը կը յառաջանայ՝
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • թերաճ խռչափողի գոյութեամբ,
  • երկու ձայնալարերու միջեւ անբնական ընդոծին թաղանթի (congenital web) մը գոյութեամբ,
  • ձայնալարային ուռերով։

Այս բոլորին պարագային, վիրաբուժական գործողութիւններով կ'անհետանայ խռպոտութիւնը։

Մանուկներու ձայնի խռպոտութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով՝

  • սուր խռչափողատապ (laryngitis),
  • խռչափողային կեղծմաշկ (dyphtheria),
  • խռչափողային գերզգայնութիւն,
  • օտար մարմիններու գրգռութիւն,
  • նշագեղձերու (tonsils) յաճախակի բորբոքում։

Այս պատճառներով յառաջացած ձայնի խռպոտութիւնը ժամանակաւոր է եւ կ'անհետանայ յարմարագոյն դարմանումը կիրարկուելէ ետք։

Երիտասարդները եւ տարեցները

կրնան ունենալ ձայնի ժամանակաւոր եւ կամ մնայուն խռպոտութիւն՝ հետեւեալ հիւանդութիւններու պատճառով.

  • Հարբուխ (cold) եւ կրիփ (influenza),
  • Խռչափողային կեղծմաշկ (diphtheria).
  • Խռչափողային գերզգայնութիւն (allergic laryngitis),
  • Խռչափողային հիւծախտ (tuberculosis),
  • տռփախտ (syphilis),
  • Խռչափողային ջրուռեցք (laryngeal edema), որ հետեւանք է մարմնական ընդհանուր սուր գերզգայնութեան։ Ջրուռեցը կը կաշկանդէ ձայնալարերու ազատ շարժումները.
  • Խռչափողի ոսկրիկներու յօդաբորբ (laryngeal arthritis), որ արգելք կը հանդիսանայ ձայնալարերու պրկումներուն,
  • Խռչափողային հարուած, վնաս, ձայնալարերու պատռուածք,
  • Սուր եւ կամ մնայուն խռչափողատապ,
  • Թունաւոր կազերու, ծուխերու եւ շատ տաք շոգիի ներշնչում,
  • Ալքոլամոլութիւն եւ ծխախոտի գործածութիւն,
  • Ձայնալարերու անխնայ գործածութիւն՝ մասնաւորապէս երգիչներու, կղերականներու, քարոզիչներու եւ ուսուցիչներու կողմէ. ձայնալարերը կը կորսնցնեն իրենց բնական գործելակերպը եւ ժամանակ մը ետք անոնց վրայ կը յառաջանան ձայնալարային նոտեր (nodes) եւ խոցեր (ulcers), որոնք առաւել կը վնասեն ձայնատուութեան,
  • Ձայնալարերու միակողմանի եւ կամ երկկողմանի լաւորակ ուռեր՝ պոլիպներ (polyp), նոտեր, սպիտակաբիծեր (leukoplakia).
  • Ձայնալարերու քաղցկեղ-խլիրդ,
  • Ձայնալարերու անդամալուծութիւն-անշարժութիւն (paralysis), որ կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով.
  1. Մարմնական, մկանային եւ ուղեղային ջղային որոշ տկարութիւններ,
  2. Ուղեղային եւ թոքային ուռեր, որոնք ճնշում կը բանեցնեն ձայնալարերու ջիղերուն վրայ,
  3. Վիզի վիրաբուժական գործողութիւններ. վիրաբուժը կրնայ, գիտակցաբար եւ կամ անգիտակցաբար, մասնակիօրէն վնասել եւ կամ ամբողջովին հատել ձայնալարերու ջիղերը վիզին մէջ,
  4. Հոգեբանական խանգարումներ, ի մասնաւորի՝ ջղացնցական անձայնութիւն (hysterical aphonia),
  5. Ձայնալարային քաղցկեղը ընդհանարապէս կը յայտնուի տարեցներու, ալքոլամոլներու եւ մանաւանդ ծխամոլներու մօտ։ Քաղցկեղէ տառապող հիւանդը ոչ միայն խռպոտութիւն, շնչահեղձութիւն եւ ցաւ կ'ունենայ, այլեւ կը հիւծի, ախորժակը կը կորսնցնէ եւ ֆիզիքապէս կը տկարանայ։

Այս հիւանդները ընդհանրապէս շատ ուշ կը դիմեն բժշկական խնամքի եւ, հետեւաբար, իրենց դարմանումը կը դժուարանայ։

Ծերութեան պատճառով
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարդու ձայնը կ'ենթարկուի որոշ փոփոխութիւններու. կամաց-կամաց ձայնը կը տկարանայ եւ տեղի կ'ունենայ խռպոտութիւն։ Մարմինի ընդհանուր տկարութեան հետ կը տկարանան նաեւ խռչափողին մկանները եւ ձայնալարերը, ինչպէս նաեւ կը նուազի լորձունքը եւ կը կորսնցնէ իր յատուկ կպչունութիւնը. ասոնք բոլորը կը յառաջացնեն ծերութեան ձայնային խռպոտութիւնը։ Ձայնի խռպոտութեան ախտապատճառներու ախտաճանաչումը ըլլալու է շատ շուտ։ Մասնագէտ բժիշկը զանազան մանրակրկիտ քննութիւններով դիւրաւ կը հասնի ախտաճանաչումին։

  • Խռպոտութենէ տառապող անհատին դարմանումը կրնայ ըլլալ դիւրին եւ կամ դժուար՝ համաձայն ախտապատճառին։
  • Բոլոր պարագաներուն ալ դարմանումը կը կարօտի բժիշկին եւ հիւանդին փոխադարձ գործակցութեան եւ հասկացողութեան։ Այն պարագային, որ ախտապատճառը ծխախոտի չափազանց եւ երկարատեւ գործածութիւնն է, բնական ձայնի վերադարձը կարելի է ակնկալել ծխախոտի դադրեցումով, պայմանաւ որ չարաղէտ (malignant) ուռեր արդէն չեն յառաջացած։
  • Լաւորակ (benign) ուռերու, ձայնալարային նոտերու եւ պոլիպներու հատումով խռպոտութիւնը կ'անհետանայ։ Խռչափողատապի, խռչափողի գերզգայնութեան, ջրուռեցքի, հիւծախտի, տռփախտի (syphilis), կեղծմաշկի ոսկրիկներու յօդաբորբի, ձայնալարերու պատռուածքի, հարբուխի եւ կրիփի հետեւանքով յառաջացած խռպոտութիւնը արագ վիրաբուժական գործողութիւններով եւ դեղադարմանամիջոցներով շուտով կ'անհետանայ։
  • Ձայնալարերու անխնայ գործածութեամբ յառաջացած խռպոտութիւնը կը դարմանուի պարզապէս կատարեալ հանգիստ տալով ձայնալարերուն որոշ շրջան մը եւ հետեւելով ձայնային առողջապահութեան։
  • Վիզի վիրաբուժական գործողութիւններով, ուղեղային եւ թոքային ուռերով, ինչպէս նաեւ որոշ ջիղերու տկարացումով յառաջացած խռպոտութիւնը կը նկատուի մնայուն եւ ոչ դարմանելի։
  • Հոգեբանական խանգարումներու խռպոտութիւնը եւ մասնաւորապէս ջղացընցական անձայնութիւնը (hysterical aphonia) կը կարօտին հոգեբուժական խնամքի. յաճախ խռպոտութիւնը անակնկալօրէն կ'անհետանայ՝ առանց որեւէ մէկ միջամտութեան։ Դժուարագոյն կացութիւնը կը ստեղծուի քաղցկեղի ախտաճանաչմամբ։ Այս պարագային հիւանդը հասկնալու է իր հիւանդութեան տարողութիւնը, դարմանումի եղանակը եւ հաւանական բարդութիւնները[1]։
  • Խռչափողի քաղցկեղի դարմանումը կ'ըլլայ հակաքաղցկեղային դեղերով, վիրաբուժական գործողութեամբ եւ Ք-ճառագայթով (X-ray)։ Այս երեք միջոցառումները կը կիրարկուին առանձնաբար, երկուքով եւ կամ՝ բոլորը միասին։
  • Վիրաբուժական միջամտութեան պարագային, խռչափողի ամբողջական վիրահատումով հիւանդը վերջնականօրէն կը կորսնցնէ իր ձայնը։
  • Յառաջացած եւ դէպի վիզ տարածուած խլիրդի պարագային կը կատարուի ոչ միայն խռչափողի ամբողջական հատում (total laryngectomy), այլեւ աւելի բարդ վիրաբուժական միջոցառում մը՝ վիզի աւշագեղձերու լայնածաւալ վիրահատում «neck dissection»։
  • ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ, «ԲԺԻՇԿԻՆ Բ. ԽՕՍՔԸ», Անթիլիաս, 2011

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]