Վրթանէս Ասկէրեան

(Վերայղուած է Հ. Վրթանէս Ասկէրեան-էն)

Հ. Վրթանէս Ասկէրեան:( Ծնած էր Պոլիս, 1720-ին): Պատանի տարիքէն ղրկուեցաւ Ս.Ղազար, ուսանեցաւ այնտեղ, 23 տարեկանին ալ վարդապետ ձեռնադրուեցաւ: Բախտաւորուեցաւ աշակերտելու Մխիթար աբբահօր, նոյնիսկ գործակցելու անոր հետ:Կանուխէն ձեռնարկեց թարգմանական աշխատանքներու՝ յենելով իր լեզուագիտական կարողութիւններուն ու դասական հայերէնի բացարձակ հմտութեան վրայ: Իր թարգմանութիւններու ամբողջութիւնն է՝ շուրջ 15000 տպագիր էջի ծաւալով գործեր երեք լեզունէրէ՝ լատիներէնէ,յունարէնէ եւ իտալերէնէ: Ճիշտ այս պատճառով ալ, Ասկէրեան վարդապետ կրնայ նկատուիլ ԺԸ. դարու Հայ թարգմանական դպրոցի մեծագոյն ներկայացուցիչներէն մին: Ֆրանսացի աստուածաբան Անտոն Կովդինի (Antonio Goudin, 1640-1695) «Փիլիսոփայութիւն»ը, որ գրաբար հայերէնով ու չորս հատորանի շարքով (շուրջ 2400 էջ) լոյս տեսաւ Վենետկի մէջ 1750-51, Ասկէրեան վրդ.ի առաջին գործէրէն մին կը նկատուի:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԴԵԳԵՐՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅ ԳԻՐԻ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԵՏԵԶՐԻՆ, Բ.Հատոր, Լեւոն Շառոյեան, Հալէպ 2018