Հրաչեայ Ներսիսեան

Հրաչեայ Ներսիսեան
Ծնած է 24 Նոյեմբեր (6 Դեկտեմբեր) 1895
Ծննդավայր Իզմիթ, Թուրքիա
Պարտիզակ (Քոճայելի)
Մահացած է 6 Նոյեմբեր 1961(1961-11-06)[1] (65 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
 Խորհրդային Միութիւն
Մայրենի լեզու թրքերէն
Մասնագիտութիւն դերասան
Երեխաներ Լեւոն Ներսիսեան

Հրաչեայ Նէրսիսեան (24 Նոյեմբեր (6 Դեկտեմբեր) 1895, Իզմիթ, Թուրքիա
Պարտիզակ (Քոճայելի) - 6 Նոյեմբեր 1961(1961-11-06)[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]), Ֆիլմի եւ թատրոնի հայ անուանի դերասան, երկրորդ աստիճանի ստալինեան մրցանակի դափնեկիր (1941), ԽՍՀՄ ժողովրդական դերասան (1956),

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրաչեայ Ներսիսեանը ծնած է 1895-ին, Պոլսոյ մօտիկ Նիկոմեդիա (յուն․՝ Νικομήδεια, ներկայիս՝ Իզմիթ) փոքրիկ քաղաքը։ Հայրը՝ Ներսէսը, փոքր ընտանիքի տէր արհեստաւոր մարդ, կը կարենայ իր միակ զաւկին ուսումը ապահովել։ Հրաչեան կը սորվի ֆրանսական «Սեն-Պարպ» քոլէճը, ամերիկեան «Ռոպերդ Քոլէճը» եւ հայկական «Եսայեան վարժարանը», բայց ոչ մէկը չի աւարտեր։ Այս անկանոն կրթութիւնը ապագայ դերասանին կու տայ լեզուներու գիտակցութիւն, ֆրանսական եւ անգլիական հեղինակներու երկերը բնագրով կարդալու հնարաւորութիւն։

Արուեստասէր Գրիգոր պապի (մօրաքրոջ ամուսինին) տունը կը հաւաքուէին գրողներ ու արուեստսէր մարդիկ։ Շատ յաճախ՝ Դանիէլ Վարուժանը։ Պատանի Հրաչեան անոնց զրոյցներու մշտական ունկնդիրն էր։ Անոր կը վիճակուի լսել ու ծանօթանալ Կոմիտասին իրենց իսկ տունը, ուր ապրած էր մեծ երաժիշտը։

1914-1918 Հրաչեան կը զինակոչուի իբրեւ թրքական բանակի թարգմանիչ, նոյն թուականի Ապրիլին ալ կը սկսի Մեծ եղեռնը։ Ծառայութեան շրջանին կը ղրկուի արաբական երկիրներ, ուր ականատես կը դառնայ իր ազգակիցներու կոտորածներուն: Հրաչեան 1918-ին նորէն կը յայտնուի Պոլիս։ Ամէն ինչ, որ կ'ընէ երիտասարդը իր համար այնքան անհեռանկար միջավայրի մէջ, կը գործրա կամայ, առանց որեւէ նպատակի։ Բնատուր լաւ ձայնի տէր, բնածին երաժշտական Հրաչեան կը յայտնուի Պենկլեան օպերեդին մէջ իբրեւ երգչախումբի շարքային անդամ մը։ Նոյն թուականին Մկրտիչ Ջանանը կը կազմակերպէ հայ տրամադիկական ընկերութիւն եւ Հրաչեային կը հրաւիրէ իր նախաձեռնութեամբ։ Թատրոնի ներկայացումներուն, մեծամասնութեամբ ֆրանսական մելոդրամաներու բեմադրութիւններուն, կը մասնակցի նաեւ Հրաչեան։ 1919-էն սկսեալ գլխաւոր դերեր ստանձնած է բեմադրիչ եւ դերասան Մկրտիչ Ջանանի «Հայ դրամատիկ» թատերախումբին մէջ։ Ճիշդ այստեղ ալ, 1919-ին, «Ձայնը հնչեց» պիեսի մէջ խաղացած միջոցին երիտասարդը կը գրաւուի Օվի Սեւումեանին, որ Պոլիս էր եկած երիտասարդ ուժեր հաւաքելու եւ Կովկաս տանելու նպատակով[2]։ Հրաչեան դերեր կը ստանայ Սեւումեանի բեմադրութիւններուն մէջ, բայց յաջորդ իսկ տարին Սեւումեանը կը մահանայ ։ Հայ թատրոնը կը կորսնցնէ իր ամէնէն յառաջադէմ գործիչը, իսկ Հրաչեան իր ուսուցիչը ու խորհրդատուն։ Ետքը ան կը խաղայ տարբեր ներկայացումներու մէջ, որ կը բեմադրեն Վահրամ Փափազեանի եւ Յովհաննէս Աբէլեանի ղեկավարութեամբ։ 1922-ին Վահրամ Փափազեանը Հրաչեային, Մկրտիչ Ջանանին եւ քանի մը այլ դերասաններու կը ղրկէ Կովկաս։ Որոշ ժամանակ մը անոնք կը շրջագային Պաթում եւ ուրիշ հայաշատ քաղաքներ, ապա առանց Հրաչեայի կը մեկնին Երեւան եւ կը միանան Առաջին պետթատրոնի կազմին։ Հրաչեայ Ներսիսեանը անոնց կը միանայ մէկ տարի ետք։

1923-ին ան վերջնականապէս կը դառնայ Երեւան քաղաքի բնակիչ, հայկական առաջին թատրոնի դերասան։

Դերասանական Կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին տասնամեակին դերասանը մեծ յաջողութեամբ խաղացած է եւ՛ ողբերգական ու դրամատիկական, եւ՛ երգիծական ու ֆարսային դերեր, անձնաւորած է եւ՛ չար ու բարի, եւ՛ հերոսական ու սովորական կերպարներ։

Հրաչեայ Ներսիսեանին գերեզմանը՝ Կոմիտասի անուան պանթէոն։

Յաջորդ տասնամեակին Ներսիսեանի՝ արդէն հասուն վարպետի, դերերու թիւը կը նուազի, բնոյթը՝ փոխուելով։ Պատճառը եւ՛ այն է, որ երթալով առհասարակ կը նուազի տարեկան բեմադրութիւններու թիւը, եւ՛ այն, որ փիեսներու գաղափարակիր հերոսներու մէջ ներքին պայքարը կը դառնայ աննշան ու անէական։

Հայրենական պատերազմէն ալ իրարմէ շատ տարբեր դերեր վիճակուեցան Ներսիսեանին, թատրոնի եւ ֆիլմերու մէջ։ 1925-էն ի վեր, երբ հայկական առաջին ֆիլմի՝ «Նամուսի» մէջ խաղացած է Ռուստամի դերը, մինչեւ կեանքի վերջը, երբ 1961-ին «Տժվժիկ» ֆիլմին մէջ խաղացած է Ներսէս աղբարի դերը, Ներսիսեանը պահպանեց հայկական ֆիլմարուեստի առաջին դերասանի պատիւը, որովհետեւ պահպանեց բեմի ու պաստառի համար հաւասար յաջողութեամբ խաղալու հազուագիւտ կարողութիւնը։

ՅԵտպատերազմԵան տարիներուն ալ անոր խաղացանկը եղաւ շատ բազմազան։ Բեմադրութիւններու գլխաւոր դերերու կողքին՝ համեմատաբար փոքր դերեր, որոնցմէ ոմանք դարձան դերասանական արուեստի յայտնի նմուշներ։

1920-ին հայ բեմի հսկաներէն Յովհաննէս ԱբԷլեանի (Լիր) հետ, Հ. Ներսիսեան խաղացած է Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Լիր արքայ», բայց այդ խաղը, որուն մէջ քիչ չէին ներսիսեանական փայլատակումները, չունեցաւ սպասուած յաջողութիւնը։

1961-ին Մեք-Գրիգորի («Իմ սիրտը լեռներում է») կերպարանքով ըսաւ իր վերջին խօսքը եւ հրաժեշտ տուաւ կեանքին ու արուեստին։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]