Հռոմէական թուանշաններ
Հռովմէական թուանշաններ՝ նշաններու համակարգ մըն է, որ կը գործածուէր Հին Հռոմի ատեն: Ներկայիս ունի խիստ սահմանափակ գործածութիւն:
Նշանները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թիւերը գրառելու համար կը կիրառուին լատինական այբուբենի որոշ տառերու տեսքով նշաններ, որոնք ունին իրենց արժէքները՝


Նշան | I | V | X | L | C | D | M |
Արժէքը | 1 | 5 | 10 | 50 | 100 | 500 | 1000 |
Եունիքոտային կարգը | U+2160 | U+2164 | U+2169 | U+216C | U+216D | U+216E | U+216F |
Թիւերու Համակարգը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռովմէական թիւերուն համակարգը ոչ դիրքային հաշուարկման համակարգ մըն է։ Թիւերը կը գրառուին նշաններու կրկնութեան միջոցով՝ III=3, XX=20 եւ այլն։ Եթէ փոքր արժէքով նշանը մեծէն ետք է, ապա անոր կը գումարուի, իսկ եթէ առաջ է, ապա՝ կը հանուի՝ VII=5+2=7, CM=-100+1000=900 եւ այլն։
Տասնային հաշուարկման համակարգէն հռոմէականի տարբերութիւններէն մէկն այն է, որ տասնային համակարգի մէջ թիւերու մեծացման զուգահեռ կ'աճի զանոնք արտայայտող թուանշաններու քանակը՝ միանիշէն դառնալով երկնիշ, եռանիշ եւ այլն, իսկ հռոմէական համակարգին մէջ այդպէս չէ։ Օրինակ՝ քառանիշ 2015 թիւը հռոմէական թուանշաններով գրելու ատեն անիկա կը ստանայ նոյնպէս քառանիշ MMXV տեսքը, իսկ ահա անկէ զգալիօրէն փոքր եռանիշ 847-ի հռոմէական DCCCXLVII գրառումը բաղկացած է ինը նիշերէն։
Եթէ տասնային համակարգին մէջ թիւի գրառման ատեն կը գրուէր տասնային կարգերն արտայայտող թիւերու (տասնաւորներ, հարիւրաւորներ, հազարաւորներ եւ այլն) միայն առաջին թուանշանները, ապա հռոմէականի պարագային անոնք կը գրուին ամբողջութեամբ, օրինակ՝
- 3694=3000+600+90+4=MMMDCXCIV, MMM=3000, DC=600, XC=90, IV=4
Լատինագիր գրուածքներուն մէջ թիւերը տարբերակելու համար երբեմն անոնք վարէն եւ վերէն կը գծանշուին:
Կիրառութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ողիմպիական խաղերու կարգաթիւերու համար, օրինակ՝ Ռիօ տէ Ժանէրոյի XXXI ողիմպիական խաղեր
- Ազատութեան արձանի վրայ բռնուած գիրքին 1776 թուականը գրուած է MDCCLXXVI:[1]
- Ռուսական մշակոյթին մաս կը կազմէ ամսուան կարգահամարը հռոմէական նիշերով գրելու: