Jump to content

Հոնկ Գոնկ

Բնակավայր
Հոնկ Գոնկ
չին.՝ 香港
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Չինաստան[1]
Ներքին բաժանում Այլենդս?, Kwai Tsing District?, North District?, Gundumar Sai Kung?, Sha Tin District?, Tai Po?, Tsuen Wan District?, Tuen Mun District?, Yuen Long District?, Kowloon City District?, Kwun Tong District?, Sham Shui Po District?, Wong Tai Sin District?, Yau Tsim Mong District?, Central and Western District?, Eastern District?, Southern District? և Wan Chai District?
Chief Executive of Hong Kong? John Lee?
Օրէնսդրական մարմին Legislative Council of Hong Kong?[1]
Հիմնադրուած է՝ 1 Յուլիս 1997[2]
Տարածութիւն 1105,69 քմ², 1649,34 քմ², 2755,03 քմ²
ջրայինը 59,7 տոկոս
ԲԾՄ 7±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու Դասական չինարէն
Բնակչութիւն 7 413 070 մարդ (2021)[3]
Կը գտնուի ափին Shing Mun River? և Հարաւ Չինական Ծով
Ժամային գօտի UTC+8
Պաշտօնական կայքէջ Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-id" does not exist։

Հոնկ Գոնկ (Hong Kong), Չինաստանի յատուկ վարչական շրջան մը։

Անիկա կը գտնուի Չինաստանի հարաւային ափին, անմիջապէս Շենժենէն հարաւ, եւ կը կազմուի Հոնկ Գոնկի կղզիէն, Քոուլունէն եւ Նոր Տարածքէն։

7.5 միլիոն բնակչութեամբ՝ 1,114 քառակուսի քիլոմեթր (430 քառակուսի մղոն) տարածքի մը մէջ, Հոնկ Գոնկ կը դասուի աշխարհի չորրորդ ամէնէն խիտ բնակեցուած շրջաններուն շարքին։

Հոնկ Գոնկ ստեղծուած է իբրեւ Բրիտանական Կայսրութեան գաղութ, երբ Քինկ Տայնըսթին 1841-1842 թուականներուն Օփիումի Առաջին Պատերազմը կորսնցնելէ ետք, կը զիջի Հոնկ Գոնգ կղզին։

Գաղութը կ'ընդլայնի դէպի Քոուլուն թերակղզի 1860-ին, եւ հետագային 1898-ին Միացեալ Թագաւորութիւնը կը ստանայ Նոր Տարածքներու 99-ամեայ վարձակալութիւն։

1941-1945 թուականներուն, Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, Հոնկ Գոնկ կը բռնագրաւուի Ճափոնի կողմէ։ 1997-ին տարածքը կը փոխանցուի Միացեալ Թագաւորութենէն Չինաստան։ Հոնկ Գոնկ Չինաստանէն կը պահէ առանձին կառավարման եւ տնտեսական համակարգեր՝ «մէկ երկիր, երկու համակարգ» սկզբունքին տակ։

Ի սկզբանէ, իբրեւ գիւղատնտեսական եւ ձկնորսական գիւղերու տարածք, Հոնկ Գոնկ այսօր աշխարհի կարեւորագոյն տնտեսագիտական կեդրոններէն եւ առեւտրական նաւահանգիստներէն մէկն է։ Անիկա կը դասուի աշխարհի երրորդ ամէնէն կարեւոր համաշխարհային տնտեսագիտական կեդրոնը՝ Նիւ Եորքէն եւ Լոնտոնէն ետք, եւ կը հանդիսանայ արտահանման 9-րդ եւ ներմուծման 8-րդ ամէնէն մեծ տնտեսութիւն ունեցող վայրերէն մէկը։

Հոնկ Գոնկի արժոյթը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոնկ Գոնկի տոլարը, աշխարհի մէջ ամէնէն շատ գործածուող արժոյթներուն շարքին իններորդն է։ Քաղաքը տունն է աշխարհի երրորդ ամէնէն մեծ միլիառատէրերու քանակին, եւ ունի նաեւ շատ բարձր կարողութեամբ անհատներու (UHNW) երկրորդ ամէնէն մեծ խումբը։

Հոնկ Գոնկ աշխարհի ամէնէն բարձրայարկ շէնքեր ունեցող շրջանն է, թէեւ բնակարանային պահանջարկը անընդհատ շատ բարձր է։ Ան նաեւ երկրորդ ամէնէն սուղ անշարժ գոյքի շուկան է եւ աշխարհի ամէնէն սուղ քաղաքներէն մէկը։

Հոնկ Գոնկ աշխարհի ամէնէն շատ այցելուած քաղաքներէն մէկն է։

Անիկա զարգացած շրջան մըն է՝ 0.955 Մարդկային Զարգացման Ցուցանիշով (HDI), որ զինք կը դասէ աշխարհին մէջ ութերորդ տեղը, եւ ներկայիս Ասիոյ մէջ միակ տարածքն է, որ կը գտնուի առաջին տասնեակին մէջ։

Հոնկ Գոնկ դասուած է իբրեւ Alpha+ քաղաք՝ «Globalization and World Cities Research Network»ի կողմէ։

Քաղաքը ունի աշխարհի ամէնէն բարձր կեանքի միջին տեւողութիւններէն մէկը, եւ բնակչութեան 90%-էն աւելի կ'օգտուի հանրային փոխադրամիջոցներէն։

  1. 1 2 中華人民共和國香港特別行政區基本法, Basic Law of the Hong Kong Special Administrative Region of the People's Republic of China, 中华人民共和国香港特别行政区基本法 — 1990.
  2. Immanuel C.Y. Hsü The Rise of Modern China — 6 — USA: OUP, 2000. — P. 985. — 1136 p. — ISBN 978-0-19-512504-7
  3. https://www.censtatd.gov.hk/en/scode600.html