Jump to content

Հոճքընս հիւանդութիւն

Հոճքընս-ի հիւանդութիւնը (Hodjkens disease), չարաղէտ հիւանդութիւն մը, որ կը յատկանշուի աւշագեղձերու անբնական յայտնաբերումով՝ մարմինի զանազան մասերուն մէջ, ի մասնաւորի՝ վիզի, կրծքավանդակի, թոքերու, լեարդի, ոսկորներու, ողնածուծի եւ ուղեղի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ արեան սպիտակ բջիջներու բազմացումով ու սակաւարիւնութեամբ։

Հոճքընս-ի հիւանդութեան սկզբնաւորութեան հիւանդը ոչ մէկ գանգատ կ'ունենայ. հիւանդութիւնը ընդհանրապէս կը յառաջանայ ծածուկ եւ դանդաղ, բայց երբեմն՝ շատ արագ եւ քանդիչ ձեւով։

Ախտանշանները կ'ըլլան՝

  • չափազաց քերուըտուք,
  • ջերմութիւն,
  • գիշերային քրտինք,
  • հիւծում,
  • յոգնածութիւն,
  • ոսկրային ցաւ եւ կոտրուածք,
  • խռպոտութիւն,
  • մասնակի կամ ամբողջական միակողմանի եւ կամ երկկողմանի անդամալուծութիւն,
  • դեղնութիւն,
  • շնչարգելութիւն,
  • թոքային հիւանդութիւններ,
  • դիմադրողականութեան նուազում եւ մահացու բորբոքումներ[1]։

Հոճքընս-ի հիւանդութիւնը անցեալին կը դարմանուէր մասնակիօրէն հակախըլիրդային դեղերով եւ շողարձակումով։ Այսօր ոսկրածուծի փոխ-պատուաստումը լաւագոյն ձեւն է՝ դարմանելու այս հիւանդութիւնը, այլ միջոցառումներու կողքին[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]