Հոգեֆիզիքական հիւանդութիւններ

Հոգեֆիզիքական հիւանդութիւններ, հոգեֆիզիքական հիւանդութիւնները յաճախ բոլորին պատահող, յատկապէս տարեցներու ու փոքրերու պարագային ուշագրաւ երեւոյթ է:հոգեֆիզիքական հիւանդութիւնը, ուր անհատի ֆիզիքական եւ հոգեկան ազդակները փոխազդուելով պատճառ կը դառնան զանազան հիւանդութիւններու, որոնք յաճախ կ՛ունենան ֆիզիքական-առողջապահական տուեալներ, բայց նաեւ հոգեբանական ազդակներ:

Ազդակները որոնք կը նպաստեն հոգեֆիզիքական զանազան հիւանդութիւններու[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1- Ժառանգական եւ կենսաբանական ազդակները,

2- Անցեալի, մանկութեան հետ առնչուած զանազան փորձառութիւնները,

3- Անհատի դաստիարակչական ազդակը,

4- Զանազան մշակոյթները, ընկերային պայմանները եւ օրէնքները, կենսաձեւերը կը ստեղծեն ազդակներ, որոնք առաւել կամ նուազ կ՛ազդեն հոգեֆիզիքական հիւանդութիւններու զարգացման: րեք հոգեֆիզիքական հիւանդութիւններ:

1- Սոմաթիկ համակարգի խանգարում.- Անհատը շարունակաբար կը գանգատի ցաւերէ, որոնց հիմքը կը կազմէ հոգեկան անհանգստութիւնը, որ յաճախ կը դրսեւորուի շատ տարօրինակ ձեւերով: Ենթական ցաւերու կողքին կը թուէ նաեւ յոգնածութիւնը, որոնք իրեն համար շատ «հարազատ» են, թէեւ բժշկականօրէն չունին որեւէ հաստատում: Այս վիճակը կրնայ ժամանակի ընթացքին զարգանալ եւ անհատին կեանքին կեդրոնական, շարունակական մտահոգութիւնը դառնալ, ուր յաճախ հոգեկան ընկճուածութեան պայմաններու տակ ատիկա կը ստանայ շատ աւելի ծանր վիճակներ:

2- Դարձի խանգարում (Քոնվըրժըն).- Այս հոգեֆիզիքական խանգարումը յաճախ արդիւնք է յանկարծակի անակնկալ պատահարի մը, որ շատ ծանր ազդելով ենթակային հոգեկանին վրայ, իր ֆիզիքական դրսեւորումը կ՛ունենայ, երբ անհատը յանկարծ կը դադրի խօսելէ, լսելէ, տեսնելէ, կամ լուսնոտութենէ տառապողի նման ախտանշաններէ կը տառապի: Ժամանակ մը ետք աստիճանաբար անհատը կրնայ վերադառնալ իր անցեալի բնականոն վիճակին:

3- Շինծու խանգարում.- Այս պարագան կը յատկանշուի զանազան հոգեֆիզիքական վիճակներով: Անհատը կրնայ ստեղծել եւ վերագրել իր անձին հիւանդութիւն մը, օրինակ` երբ ընտանիքին մէջ կայ շաքարախտի պարագայ մը, անհատը ազդուելով այս վիճակէն ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «շաքարախտաւոր»: Ան դիմելով շաքարախտի դեղերու օգտագործման, կ՛ունենայ ծանր հետեւանքներ:

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լ.Օ.Խ.,տոքթ. Ժան Քլոտ Եազպեք ,3 փետրուար 2016