Jump to content

Հմայեակ Քէշիշեան

Հմայեակ Քէշիշեան
Ծնած է 1887
Ծննդավայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Այն­թէ­պի Կեդ­րո­նա­կան Թուր­քի­ոյի գո­լէճ
Կ. Պոլսոյ Օսմանեան համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Կոչում Հարիւրապետ
Ծնողներ Խաչեր Քէշիշեան

Հմայեակ Քէշիշեան Խաչերի (1887, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915), հայ բժիշկ։

Ծնած է 1887 թուականին Օսմանեան կայսրութեան, Հալէպի նահանգի, Մարաշի գաւառի կեդրոն՝ Մարաշ քաղաքին մէջ։

Դեղագործ-բժիշկ Խաչեր Քէշիշեանի կրտսեր որդին է։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի թաղային վարժարանէն ներս, միջնակարգը՝ ամերիկացի մի­սի­ո­ներ­նե­րու Մարաշի «Ակա­դե­մի» բարձրագոյն վարժարանէն ներս։ 1909 թուականին աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Այնթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը։ 1909 թուականին մեկնած է Կ. Պոլիս՝ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու նպատակով։ 1915 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան համալսարանի բժշկական բաժինը։

1915 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ուղարկուած 4-րդ զօրաբանակին մէջ ծառայելու որպէս զինուորական բժիշկ՝ հարիւրապետի աստիճանով։ 1915 թուականին Կարսի շրջանի Քելլիկ գիւղին մօտակայքը, վերէն եկած հրամանի համաձայն, սպաննուած է իթթիհատական ազգայնամոլ իր իսկ հրամանատարի հրամանով կամ անոր իսկ արձակած գնդակով՝ 28 տարեկան հասակին։ Այդ ժամանակ, թուրք սպաները եւս, գնդակահարած են 18 հայ զինուորական բժիշկներ։

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ, Նիւ Եորք, 1934։
  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (16881940), Սթանպուլ, 1940։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1988։
  • Եարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թրքերէն), Սթանպուլ, 2001։

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։